Նամակ Երկրէն

ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԵՒ ԱՄԷՆ ԲԱՆ՝ ԱՅՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՄԱՐ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Հայաստանի դէմ թուրք-ադրբեջանական պատերազմի 6-րդ օրը արդէն հասաւ իր աւարտին: Վեց օր շարունակ, թրքական բանակին պատկանող ամերիկեան F-16 ռազմական օդանաւերով, թրքական «պայրաքտար» եւ իսրայէլեան «հարոբ» եւ այլ անօդաչու թռչող սարքերով, իսրայէլական ռատիոհաղորդիչներով, թրքական բանակի զէնքերով, ռուսական Սու-25 ռազմական օդանաւերով, Սմերչ եւ ՏՈՍ հրթիռներով, հրետանիով, ականանետերով ու աւանդական ու գերարդիական տեսնուած ու չտեսնուած զէնքերով՝ ադրբեջանական բանակը կը յարձակի Արցախի ամբողջ սահմանին երկայնքով, Արաքսի ափէն բարձրանալով դէպի հիւսիս, հասնելով Մռավի լեռնաշղթայ, Օմարի լեռնանցք ու մինչեւ՝ հայաստանեան Վարդենիսի շրջանի գիւղերը…

Ադրբեջանական բանակին եւ թուրք ռազմական մասնագէտներու եւ բարձրագոյն սպաներուն հետ, հայ ժողովուրդի ՄԻԱԿ եւ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ հայրենիքին դէմ պատերազմելու բերուած են ճիհատիսթներ եւ վարձկաններ Սուրիայէն, Իրաքէն, Լիպիայէն եւ Աստուած գիտէ ուրիշ ուրկէ: Տեղեկութիւններ կան նոյնիսկ փաքիստանեան ուժերու ներկայութեան եւ մասնակցութեան մասին:

Ադրբեջանն ու Թուրքիան իրենց զինանոցէն դուրս հանած են ամենակործանիչ զէնքերը եւ մէկանգամընդմիշտ կ’ուզեն լուծել ոչ միայն Արցախի խնդիրը, այլեւ հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն գոյութեան իրաւունքի խնդիրը՝ պատմական Հայաստանի այս վերջին կտորին վրայ: Մենք պէտք չունինք կրկնելու, ոչ ալ փաստելու, որ այս պատերազմը Արցախի դէմ չէ, այս պատերազմը հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական ներկայութեան դէմ է, հայ ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքին դէմ է:

Արցախի ռազմաճակատին վրայ կրակ կը տեղայ օրական 24 ժամ:

Առաջնագիծի վրայ ձախողած թշնամին արդէն փոխած է իր մարտավարութիւնը եւ սկսած է ռմբակոծել նաեւ արցախեան եւ հայաստանեան քաղաքներն ու գիւղերը, հայկական մարտնչող բանակի թիկունքը տկարացնելու եւ ժողովուրդին մէջ խուճապ ստեղծելու յստակ մտադրութեամբ: Յարձակման ենթարկուած են ու կ’ենթարկուին Ստեփանակերտը, Մարտունին, Հադրութը, Վարդենիսը, բազմաթիւ գիւղեր եւ աւաններ:

Հայաստանի եւ հայութեան ինքնուրոյն գոյութեան, հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական ներկայութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմի 6-րդ օրը աւարտին կը հասնի արդէն:

Այս վեց օրերուն ընթացքին հայերը կործանած եւ ոչնչացուցած են թշնամիներու պատկանող աւելի շատ թանկ եւ զինտեխնիկա՝ քան 1990-94 տարիներու պատերազմի ընթացքին, խոցած ու զգետնած են աւելի շատ ուղղաթիռ եւ ռազմական օդանաւ, կրակած աւելի շատ փամփուշտ եւ թնդանօթ, արձակած են աւելի շատ հրթիռ ականանէտ… Եւ նոյնպէս՝ թշնամին այսքան զօրք, այսքան զէնք, այսքան կրակ եւ այսքան գերարդիական զէնքեր չէ գործածած մեր ժողովուրդին դէմ, Հայաստանի պատմութեան ամբողջ ընթացքին:

Սա Հայաստանի եւ հայութեան դէմ շղթայազերծուած թրքական ցեղասպան պետութիւներու ամենամեծ պատերազմն է, որ տեղի կ’ունենայ ոչ միայն ռազմաճակատի վրայ մահասփիւռ զինանոցի, ճիհատիսթներու եւ իսրայէլական տեխնոլոգիայի օգտագործումով, այլեւ՝ Հայաստանի դէմ համակարգուած դիւանագիտական պայքարով, քարոզչական ճակատի վրայ համատեղ արշաւով, բիզնէսներու, կառավարական կայքերու, հաղորդակցական միջոցներու եւ այլ ռազմավարական նշանակութեամբ կառոյցներու վրայ hacker-ներու անդադրում յարձակումներով:

Եւ այս բոլորին դէմ՝ մի բուռ ժողովուրդ է, որ միաձուլուած է իր բանակին ու դարձած ազգ-բանակ: Մի բուռ հայութիւն, որ ոտքերը ամուր խրած իր լեռներուն մէջ՝ դարձած է անխորտակելի ժայռ, ու կատաղի մարտերով եւ հուժկու հակահարուածներով կը դիմադրէ drone-ներով, ճիհատիսթներով եւ ժամանակակից զէնքերով՝ ալիք առ ալիք, շարունակաբար յարձակող թուրք յորդաներուն…

6 օր անցած է արդէն պատերազմէն եւ հայը կանգուն է իր սարերուն պէս, որովհետեւ ռազմաճակատի զինուորի թիկունքին ամուր կանգնած է Հայաստանի քաղաքացին եւ ամէն րոպէ, ամէն վայրկեան, ամէն ժամ եւ արդէն 6 օր շարունակ իր ամբողջ կարողականութիւնն ու ներուժը տրամադրած է Հայաստանի Զինուած Ուժերուն: Մեր դիրքերը ամուր են մեր լեռներուն պէս, որովհետեւ Հայաստանի կողքին կանգնած է նաեւ Սփիւռքը՝ իր քաղաքական կազմակերպութիւններով, իր լոպպիստական աշխատանքներով, իր ցոյցերով, իր նիւթական եւ այլ օգնութիւնով:

Սա ԱՄԲՈՂՋ հայ ժողովուրդի պատերազմն է, որովհետեւ այստեղ խնդրոյ առարկայ է ոչ թէ Արցախի ինչ որ շրջան, Արցախի մէջ, շուրջ թէ Արցախէն դուրս գտնուող ինչ որ տարածք, այլ այստեղ խնդրոյ առարկայ է հայութեան եւ Հայաստան աշխարհի ինքնութիւնը, մշակոյթը, ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, պատմութիւնը, անցեալը, ներկան եւ մանաւանդ՝ ԱՊԱԳԱՆ:

Եւ ահա այս գիտակցութեամբ եւ այս համոզումով է, որ մեր զինուորները արեան մինչեւ վերջին կաթիլ առիւծաբար կը կռուին առաջնագիծին վրայ: Այս գիտակցութեամբ եւ այս համոզումով է, որ հայ ժողովուրդը իր Զինուած Ուժերուն, հրամանատարներուն եւ իր իշխանութիւններուն հետ դարձած է մէկ մարմին եւ մէկ հոգի, ու իր մեծով, իր փոքրով, իր քոյրով, եղբայրով, տատիկով, հայրով, մայրով, պապիկով, աշխատաւորով, պաշտօնեայով, վաճառականով, արուեստագէտով ու բանուորով, իր ամբողջ էութեամբ այսօր ունի միայն մէկ գերխնդիր՝ ՅԱՂԹԵԼ այս պատերազմը:

Եւ ուրեմն, ամէն ինչ եւ ամէն բան՝ հայրենական այս պատերազմին համար: Ամէն ինչ եւ ամէն բան՝ յանուն յաղաթանակի, յանուն մեր գոյութեան, յանուն մեր ինքնիշխանութեան, յանուն մեր արժանապատիւ ապագայի:

Եւ այո, կասկած չունենաք, ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Նամակ երկրէնԱՄԷՆ ԻՆՉ ԵՒ ԱՄԷՆ ԲԱՆ՝ ԱՅՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՄԱՐՀայաստանի դէմ թուրք-ադրբեջանական պատերազմի 6-րդ օրը արդէն…

Posted by Raffi Doudaklian on Friday, October 2, 2020

[email protected]

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *