28.6 C
Yerevan

Ոտքի, հայե՛ր, մենք բոլորս զինուոր ենք

Րաֆֆի Տուտագլեան

Թուրքիոյ եւ Ադրբե­ջա­նի ռազմա­քա­ղա­քա­կան իշխա­նութիւննե­րը կատղած են, մոլեգնած: Կատղած են, որովհե­տեւ տարի­ներ շարունակ ռուսա­կան, իսրա­յէ­լեան, թրքա­կան եւ այլ գերժա­մա­նա­կա­կից զէնքե­րով զինուող Ադրբե­ջա­նը ոչ մէկ յատկանշա­կան յաղթա­նակ արձա­նագրած է Արցա­խի, իմա՝ հայ ժողո­վուրդի դէմ շղթա­յա­զերծած այս պատե­րազմի ընթացքին: Կատղած են, որովհե­տեւ հակա­ռակ անհա­մե­մա­տե­լիօ­րէն մեծա­թիւ գրո­հա­յիննե­րով շարունա­կա­կան յարձա­կումնե­րուն, հայկա­կան քաղաքնե­րու եւ գիւղե­րու հրե­տա­նա­կո­ծումնե­րուն, հակա­ռակ թրքա­կան բանա­կի յատուկ ջոկա­տա­յիննե­րուն, ճիհա­տիսթա­կան ահա­բե­կիչնե­րուն՝ Արցախն ու հայութիւնը 8 օր շարունակ կը մնան կանգուն, եւ ուժեղ հակա­հա­րուածնե­րով ոչ միայն կը դիմադրեն թշնա­միի գրոհնե­րուն, այլեւ մահա­ցու, մեծ վնասներ կը պատճա­ռեն անոր եւ հակա­յարձա­կումնե­րով յօդս կը ցնդեցնեն անոնց ռազմա­կան, ու նաեւ քաղա­քա­կան ծրա­գիրնե­րը:

Թուրքիան եւ Ադրբե­ջա­նը կատղած են, որովհե­տեւ հակա­ռակ Արցա­խի ճակատնե­րը ճեղքե­լու, հսկա­յա­կան տարածքներ գրաւե­լու, քաղաքներն ու գիւղե­րը քար ու քանդ ընե­լով Արցա­խը հայա­թա­փե­լու, եւ այդ ճամբով Հայաստանն ու հայութիւնը ծունկի բերե­լու իրենց ցեղասպա­նա­կան ծրագրին, այսօր իրենց դէմ ժայռի պէս կանգնած կը տեսնեն ոչ միայն հայկա­կան երկու պետութիւննե­րը, այլեւ հայ ժողո­վուրդը ամբողջութեամբ, հայրե­նի­քի ամե­նա­ծայրա­մա­սա­յին գիւղե­րէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւննե­րը:

Թուրքիան եւ Ադրբե­ջա­նը կատղած են, որովհե­տեւ մասսա­յա­կան բնաջնջման իրենց զէնքե­րուն, իրենց ամե­նաա­հեղ ռումբե­րուն, իրենց անօ­դա­չու կործա­նիչնե­րուն, իրենց ճիհա­տիսթ ահա­բե­կիչնե­րուն, իրենց լաւա­գոյն զինուորնե­րուն ու մասնա­գէտնե­րուն դիմաց յայտնուե­ցաւ հայկա­կան ամե­նահզօր, ամե­նա­դի­մացկուն եւ երբեք չընկրկող ու չպարտուող զէնքը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Այսօր, հայութիւնը դարձած է մէկ հզօր բռունցք, ու Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ռազմա­քա­ղա­քա­կան իշխա­նութիւննե­րուն հետ՝ մէկ հոգի ու մէկ մարմին: Եւ այս ուժը անխորտա­կե­լի է: Այս ուժը ծունկի չի գար ոչ ռուսա­կան Սմերչով, ոչ իսրա­յէ­լեան Հարո­բով, ոչ թրքա­կան պայրաքտա­րով եւ ոչ ալ ամե­րի­կեան F‑16 տիպի օդա­նաւե­րով:

Ալիւն ու Էրտո­ղա­նը կատղած են, ճիշդ է, բայց դեռ չեն հրա­ժա­րած Հայաստան աշխարհի այս վերջին կտո­րը ՀԱՅԱԹԱՓԵԼՈՒ իրենց ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ծրագրէն: Եւ իրենց ունե­ցած ամբողջ կարո­ղա­կա­նութիւնը, ռազմա­կան ամբողջ հզօ­րութիւնը, իրենց մարդուժն ու տնտե­սա­կան կարո­ղութիւնը լարած են մի բուռ հայութեան դէմ: Կատղած են, եւ ի տես հայկա­կան միասնա­կան ուժի հզօ­րութեան, ամէն օր աւե­լի մեծ ուժեր, աւե­լի մեծ ռազմա­կան տեխնի­կա, աւե­լի մեծ բանակ, աւե­լի մեծ թիւով ահա­բե­կիչներ կ’ուղարկեն ռազմա­ճա­կատ, եւ միջազգայնօ­րէն արգի­լուած հրթիռնե­րով կը ռմբա­կո­ծեն Ստե­փա­նա­կերտն ու հայկա­կան այլ գիւղեր ու քաղաքներ:

Հայ ժողո­վուրդի այս գոյա­մարտը, Հայաստան աշխարհի կենաց-մահու այս պատե­րազմը օրէ օր աւե­լի վայրագ կը դառնայ, հայ երի­տա­սարդ տղաքն ու աղջիկնե­րը ռազմա­դաշտ կը նետուին մէկ թիզ հող թշնա­միին չտա­լու, արեան մինչեւ վերջին կաթիլ առիւծի կռիւ մղե­լու անխորտակ ոգիով եւ վճռա­կա­մութեամբ:

Իսկ անդին, Բաքուի եւ Անգա­րա­յի բորե­նի­նե­րը, Արցա­խեան ճակա­տի վրայ իրենց պարտութիւննե­րէն յետոյ, աւե­լի եւս կ’ընդարձա­կեն կրա­կի գօտին, եւ ոեւէ պահու կրնան բռնկեցնել Հայաստան-Ադրբե­ջան, Հայաստան-Նախի­ջեւան սահա­մա­նա­յին բոլոր ռազմա­ճա­կատնե­րը, Հայաստա­նը քամե­լու, մաշեցնե­լու եւ ի վերջոյ ծունկի բերե­լու յստակ մտադրութեամբ:

Այս պատե­րազմը իրա­պէս մեր ՆՈՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏՆ է: Այս պատե­րազմը ոչ թէ Արցա­խի խնդիր է այլեւս, այլ հայ ժողո­վուրդի ու Հայաստան աշխարհի լինե­լութեան խնդիր: Այս պատե­րազմը իւրա­քանչիւր հայու պատե­րազմն է, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի ան:

Ուրեմն ոտքի՛, Շիրա­կէն մինչե Սիտնի, Մարտա­կերտէն մինչեւ Լոս Անճե­լըս, Վարդե­նի­սէն մինչեւ Թորոնթօ, Հադրութէն մինչեւ Փարիզ եւ Լոնտոն: Ոտքի՛, յանուն հայրե­նի­քի փրկութեան: Իւրա­քանչիւրս կռուող ենք այսօր: Զինուոր ենք՝ ռազմա­ճա­կա­տին վրայ թուրք բարբա­րոս գրո­հա­յիննե­րը ոչնչացնե­լով,  զինուոր ենք՝ հիւանդա­նոցնե­րուն մէջ վիրաւորնե­րուն բուժե­լով, զինուոր ենք՝ փլա­տակ տունե­րու բնա­կիչնե­րուն օգնութիւն հասցնե­լով, զինուոր ենք՝ հիւանդա­նոցնե­րուն արիւն նուի­րե­լով, զինուոր ենք՝ եղբայր, ամուսին կամ հայր կորսնցուցած ընտա­նի­քի մը օգնե­լով եւ մխի­թա­րե­լով, զինուոր ենք՝ դեսպա­նա­տունե­րու առջեւ ցոյցե­րու մասնակցե­լով, զինուոր ենք՝ լոպպիստա­կան աշխա­տանքնե­րուն մասնակցե­լով, զինուոր ենք՝ այս գոյա­մարտին նուի­րած մեր գումարնե­րով:

Եւ եթէ կաթիլ մը հայկա­կան արիւն, հայկա­կան շունչ, հայկա­կան ոգի ունինք մեր մէջ, ուրեմն բոլորս ոտքի՛, բոլորս՝ զինուո­րա­կան մեր պարտա­կա­նութիւնը կատա­րե­լու, աշխարհի որ ակիւնն ալ գտնուինք:

Այս պատե­րազմը մենք պիտի յաղթենք պատիւով: Մենք այլ տարբե­րակ, մենք այլ ճար չունինք: Յաղթա­նա­կը մեր ճակա­տա­գիրն է պարզա­պէս: Եւ վստա­հա­բար, մեր բոլո­րիս համա­տեղ ճիգե­րով, մեր միասնա­կան պայքա­րով՝ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10224874673716723

[email protected] 

Առնչվող Հոդվածներ