Յարութ Գալայճեան
Սեպտեմբեր 27-ին, ցեղասպանական նոր ծրագրումի մը հետեւողութեամբ՝ ողջ հայութեան պարտադրուած լայնածաւալ ու կանխամտածուած պատերազմը մեծ հաւանականութեամբ կրնայ վերջինը ըլլալ։
Սակայն այս պատերազմը իւրայատկուեցաւ Թուրքիոյ կնքահայրութեամբ եւ գործակցութեամբ. ու եկաւ անգամ մը եւս շեշտադրելու, որ մեր ոխերիմ թշնամիի ցեղասպանական մոլուցքը ստացած է ահազանգային նոր կերպարանք։
Կասկած չկայ, որ ահաբեկչական վարձկաններով, թրքական ռազմաքաղաքական ծանրակշիռ նեցուկով՝ մեր մանուկներն ու տարեցները թիրախաւորող ու անոնց սարսափի մթնոլորտի մատնել համարձակող հրետանիական ռմբակոծումները մեր Հայութենականութեան սպառնացող պատգամներ են։
Եւ ոչ միայն։
1970-ականներուն, Կիպրոսի կիսազավթումով եւ Իրանի հետ հողային փոխանակութեամբ դէպի Նախիջեւան համաթուրանական պատուհան մը ապահովելով գործնականօրէն սկսած թրքական կայսերապաշտական ծրագրի առաջին քայլերը վերջին երկու տասնամեակներուն՝ ԷՐՏՈԿԱՆ յաջողեցաւ զանոնք բարձրացնել միջազգային ընտանիքը մտահոգեցնող ՆՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ. յատկապէս արաբական աշխարհի Միջերկրականեան շրջաններու մէջ՝ իր ծաւալապաշտական եւ ապակայունացնող առաքելութեամբ։
Եւ այդ կայսերապաշտական դերակատարութիւնը սկսած է մտահոգել մեր ռազմավարական դաշնակիցը՝ Ռուսիան, հարեւաններ՝ Իրանն ու Վրաստանը, մինչեւ Չինաստան, ԱՄՆ, Գերմանիա եւ անշուշտ մեր բարեկամ՝ Ֆրանսան։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակել փորձող ՆՈՐ ՀԻԹԼԷՐԸ՝ ԷՐՏՈԿԱՆ, սկսած է տակաւ առ տակաւ անհանգստացնել նաեւ՝ ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած հրեայ ժողովուրդը, որ ուշ կամ կանուխ պիտի ստիպէ իր կառավարութեան դադրեցնելու իր պատմութեան դաւաճանող սպառազինական մատակարարումը Ազրպէյճանին։
Այդուհանդերձ, իր պատմութեան դասերը լաւ սորված հայ ժողովուրդը ՎՃՌԱԾ է իրեն պարտադրուած Արցախեան գոյութենական պատերազմը անտեղիտալիօրէն հասցնել իր ՅԱՂԹԱԿԱՆ աւարտին, ՅԱՆՈՒՆ՝ իր հազարամեակներու ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ հաւատարիմ մնալու ուխտին եւ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ վսեմ գաղափարներուն։
Ու այդ իմաստով, մեր ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ յաղթանակը անխուսափելի է։
ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ, մեր յաղթանակի երաշխիքը ԱՅՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ մարմնաւորուած մեր ժողովուրդի ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է։
Եւ պատմական այս պահին, մեր յաղթանակի վկան՝ Արցախեան խրամատներուն մէջ մահուան վտանգը արհամարհող մեր երիտասարդ զինուորներուն ժպիտն է։