Ազատ բեմ

Հասնինք ու ինչու չէ՝ անցնինք մէկ միլիառ տոլարի սահմանը

Աբօ Պողիկեան

Յայտարարութիւն մը տեսայ, ուր Հայաստան համահայկական հիմնադրամին նոր առաջադրանք մը կը թելադրէր. Արցախի համար ձեռնարկուած հանգանակութեան արդիւնքը հասցնել մէկ միլիառ տոլարի։

 Մէկ միլիա՞ռ… անիրական երազ չէ՞։ Քանի մը միլիոն հաւաքելով երբեմն այնքան կը հրճուինք, կը շնորհաւորենք մենք մեզ, որ չենք անդրադառնար, որ մեր չափանիշները կը խեղճացնենք, խեղճացուցած ենք վաղուց։ Այս ցաւալի գործընթացին վերջ պէտք է տալ ու զարկ տալ երեւակայութեան, ստեղծագործ մտքի սլացքի, կազմակերպական շնորհքի ծաղկման, եւ մասնագիտական տաղանդի նպատակասլաց օգտագործման։

Հայութեան համար մէկ միլիառ տոլարը ի’նչ գումար է որ։

Այսպիսի պարագաներու յաճախ կը սկսինք մեղադրել մէկս միւսը։ Ինչո՞ւ սփիւռքը չի տար աւելի, ինչո՞ւ հարուստ ու բարեկեցիկ սփիւռքահայերը կը գոհանան ոչ այնքան մեծ գումարներ նուիրելով, մանաւանդ այնպիսի կենաց մահու պահերու երբ հրապարակային կոչեր ու յանձնառութիւններ կը յայտարարուին՝ «ամբողջ կարելիութիւններով», «բոլոր միջոցներով», «անսակարկ նուիրոմով»՝ զօրակցելու հայրենիքին, հայոց պանծալի ու յաղթական բանակին, Արցախին։ Դժբախատաբար այս կոչերու արդիւնքները կը վարկաբեկեն, տարտամ կը դարձնեն «կենաց մահու» բանաձեւումը, որ յաճախ օգտագործուած է անտեղիօրէն։

Պէտք է այստեղ յստակացում մը կատարել. Ժամանակին, մինչեւ վերջերս, սփիւռքի մէջ հրապարակային ձեռնարկներու ընթացքին, որոնք գրեթէ օրինաչափօրէն սակաւաթիւ ներկայութիւն կ՝ունենային, հռետորները իրենց յուսախափութեան զոհ կը դարձնէին այդ սակաւաթիւ ներկաները, դատապարտելով համայնքի անտարբերութիւնը։ Սեփական կազմակերպական անշնորհքութիւնը քննարկման նիւթ չէր կրնար ըլլալ։ Մեղաւորը ամբողջ համայնքն էր։ Արդիւնքը կ՝ըլլար, որ սակաւաթիւ ներկաները յաջորդ հրաւէրին ընդառաջելու շատ քիչ պատրաստակամութիւն կ՝ունենային։

Հիմա նոյնը նուիրհաւաքներու պատմութիւնն է։ Երբ հանգանակողները կը բաւարարուին սովորական՝ թէկուզ բարձրաձայն, թէկուզ յուսահատական կոչերով ու ճիչերով, երբ նախկին հանգանակութիւններուն վստահութիւն ներշնչող հաշուետուութեամբ, թափանցիկութեամբ չեն ներկայանար հանրութեան, երբ նպատակը յստակ չի բանաձեւուիր արդիւնքը կ՝ըլլայ այն ինչ որ եղած է միշտ. Անբաւարար։ Այս պատմութեան մէջ երբեք, երբեք պէտք չէ մեղադրել նուիրատուները, անոնց քիչ կամ շատ նուիրատուութիւնները։ Այս մարդոց ուսերուն վրայ է ընդհանրապէս համայնքներու կառոյցներու պահպանումը, որոնց վրայ պարբերաբար կ՝աւելնան համազգային պարտաւորութիւնները։ Շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն միայն պէտք է յայտնել բոլոր նուիրատուներուն, իսկ կազմակերպութիւններէն պէտք է պահանջել աւելին, պէտք է պահանջել նոր, արդիւնաւէտ գործիքներ՝ հանգանակութեան ամբողջ գործանթացը բարձրացնելով նոր մակարդակի, հասնելով նոր շրջանակներու, ներգրաւելով լուսանցքի վրայ կանգնած, վստահելի ղեկավարում ճառագայթողներու սպասող մարդոց, այնքան, որ մէկ միլիառ տոլար հանգանակելը դառնայ սովորական, այլ ոչ երազային։

Այս տեսակի աշխատանքի ուռուականը հորիզոնի վրայ կ՝երեւի կարծես։ 

Աղբյուրը՝ Civilinet.am

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *