20.4 C
Yerevan

Հասնինք ու ինչու չէ՝ անցնինք մէկ միլիառ տոլա­րի սահմա­նը

Աբօ Պողի­կեան

Յայտա­րա­րութիւն մը տեսայ, ուր Հայաստան համա­հայկա­կան հիմնադրա­մին նոր առա­ջադրանք մը կը թելադրէր. Արցա­խի համար ձեռնարկուած հանգա­նա­կութեան արդիւնքը հասցնել մէկ միլիառ տոլա­րի։

 Մէկ միլիա՞ռ… անի­րա­կան երազ չէ՞։ Քանի մը միլիոն հաւա­քե­լով երբեմն այնքան կը հրճուինք, կը շնորհաւո­րենք մենք մեզ, որ չենք անդրա­դառնար, որ մեր չափա­նիշնե­րը կը խեղճացնենք, խեղճա­ցուցած ենք վաղուց։ Այս ցաւա­լի գործընթա­ցին վերջ պէտք է տալ ու զարկ տալ երեւա­կա­յութեան, ստեղծա­գործ մտքի սլացքի, կազմա­կերպա­կան շնորհքի ծաղկման, եւ մասնա­գի­տա­կան տաղանդի նպա­տա­կասլաց օգտա­գործման։

Հայութեան համար մէկ միլիառ տոլա­րը ի’նչ գումար է որ։

Այսպի­սի պարա­գա­նե­րու յաճախ կը սկսինք մեղադրել մէկս միւսը։ Ինչո՞ւ սփիւռքը չի տար աւե­լի, ինչո՞ւ հարուստ ու բարե­կե­ցիկ սփիւռքա­հա­յե­րը կը գոհա­նան ոչ այնքան մեծ գումարներ նուի­րե­լով, մանաւանդ այնպի­սի կենաց մահու պահե­րու երբ հրա­պա­րա­կա­յին կոչեր ու յանձնա­ռութիւններ կը յայտա­րա­րուին՝ «ամբողջ կարե­լիութիւննե­րով», «բոլոր միջոցնե­րով», «անսա­կարկ նուի­րո­մով»՝ զօրակցե­լու հայրե­նի­քին, հայոց պանծա­լի ու յաղթա­կան բանա­կին, Արցա­խին։ Դժբա­խա­տա­բար այս կոչե­րու արդիւնքնե­րը կը վարկա­բե­կեն, տարտամ կը դարձնեն «կենաց մահու» բանա­ձեւումը, որ յաճախ օգտա­գործուած է անտե­ղիօ­րէն։

Պէտք է այստեղ յստա­կա­ցում մը կատա­րել. Ժամա­նա­կին, մինչեւ վերջերս, սփիւռքի մէջ հրա­պա­րա­կա­յին ձեռնարկնե­րու ընթացքին, որոնք գրե­թէ օրի­նա­չա­փօ­րէն սակաւա­թիւ ներկա­յութիւն կ՝ունենային, հռե­տորնե­րը իրենց յուսա­խա­փութեան զոհ կը դարձնէին այդ սակաւա­թիւ ներկա­նե­րը, դատա­պարտե­լով համայնքի անտարբե­րութիւնը։ Սեփա­կան կազմա­կերպա­կան անշնորհքութիւնը քննարկման նիւթ չէր կրնար ըլլալ։ Մեղաւո­րը ամբողջ համայնքն էր։ Արդիւնքը կ՝ըլլար, որ սակաւա­թիւ ներկա­նե­րը յաջորդ հրաւէ­րին ընդա­ռա­ջե­լու շատ քիչ պատրաստա­կա­մութիւն կ՝ունենային։

Հիմա նոյնը նուիրհաւաքնե­րու պատմութիւնն է։ Երբ հանգա­նա­կողնե­րը կը բաւա­րա­րուին սովո­րա­կան՝ թէկուզ բարձրա­ձայն, թէկուզ յուսա­հա­տա­կան կոչե­րով ու ճիչե­րով, երբ նախկին հանգա­նա­կութիւննե­րուն վստա­հութիւն ներշնչող հաշուե­տուութեամբ, թափանցի­կութեամբ չեն ներկա­յա­նար հանրութեան, երբ նպա­տա­կը յստակ չի բանա­ձեւուիր արդիւնքը կ՝ըլլայ այն ինչ որ եղած է միշտ. Անբաւա­րար։ Այս պատմութեան մէջ երբեք, երբեք պէտք չէ մեղադրել նուի­րա­տունե­րը, անոնց քիչ կամ շատ նուի­րա­տուութիւննե­րը։ Այս մարդոց ուսե­րուն վրայ է ընդհանրա­պէս համայնքնե­րու կառոյցնե­րու պահպա­նումը, որոնց վրայ պարբե­րա­բար կ՝աւելնան համազգա­յին պարտաւո­րութիւննե­րը։ Շնորհա­կա­լութիւն ու երախտա­գի­տութիւն միայն պէտք է յայտնել բոլոր նուի­րա­տունե­րուն, իսկ կազմա­կերպութիւննե­րէն պէտք է պահանջել աւե­լին, պէտք է պահանջել նոր, արդիւնաւէտ գործիքներ՝ հանգա­նա­կութեան ամբողջ գործանթա­ցը բարձրացնե­լով նոր մակարդա­կի, հասնե­լով նոր շրջա­նակնե­րու, ներգրաւե­լով լուսանցքի վրայ կանգնած, վստա­հե­լի ղեկա­վա­րում ճառա­գայթողնե­րու սպա­սող մարդոց, այնքան, որ մէկ միլիառ տոլար հանգա­նա­կե­լը դառնայ սովո­րա­կան, այլ ոչ երա­զա­յին։

Այս տեսա­կի աշխա­տանքի ուռուա­կա­նը հորի­զո­նի վրայ կ՝երեւի կարծես։ 

Աղբյուրը՝ Civilinet.am

Առնչվող Հոդվածներ