Արցախ

Արցախ՝ պատերազմի տպավորություններ․

Աբօ Պողիկեան

«Լաւի հետ էլ ենք յուզւում, լացում, վատի հետ էլ ենք յուզւում, լացում».

Մեծ Թաղլար գիւղի բնակչուհիի պատասխանն էր՝ ճակատէն եկած լուրերու մասին մեր հարցումին: Ամուսին, զաւակ, թոռ ունի՞ս առաջնագծի վրայ: Բոլորն ալ իմ զաւակներս ու թոռներս են, եւ այո, տղաս առաջին գծի վրայ է: Թաթուլ Յակոբեանը կը զրուցէ գիւղի կեդրոնը հաւաքուած խումբ մը գիւղացիներու հետ: Բոլորը կը խօսին վստահ յաղթանակի մասին, բոլորը, քիչ առաջ Տողի մէջ մեր հանդիպած մարդոց նման հպարտ են բանակով, հպարտ են զինուորներով: «Հալալ է իրենց» կ՝ըսէ Արցախեան Ազատամարտի նահատակ հերոսներ Վիգէն Այվազեանի ու Արմէնչոյի հետ կռուած Կարլեն Միքայէլեանը, արտայայտելով իր հիացմունքը 18-20 տարեկան զինակոչիկներու խիզախութեան հանդէպ, որ դրսեւորուած էր նաեւ Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին:

Մեծ Թաղլարի մէջ հանդիպեցայ հին ընկերոջս, Լեւոն Հայրեանին, որ Արցախի Ազատագրական պայքարի ակունքներուն կանգնած մարդ է, Դաշնակցական մարդու ամբողջական կերպար մը: Երկու բաժակ իր սարքած պէտք է ըսել իրապէս համով գինիէն խմեցինք, մինչ վերը, ամպերուն մէջէն կը լսուէր թշնամիի անօդաչու թռչող սարքի զզուելի տզզոցը:

Ասիկա խղճալի ամփոփումն է Չորեքշաբթի օրուան մեր աշխատանքին: Նոթատետրիս մէջ ահագին գրառումներ ունիմ, որոնց մշակումը պէտք է ընէի նոյն օրը, երեկոյեան, սակայն իմ գիւղացի Գէորգ Հաճեանի, Գանատայէն իմ հին ընկերոջս Քրիստափոր Արթինի, Պռոշեանի Մհերի նահատակութեան լուրը «շարքէ հանեց» զիս: Իբրեւ կանոն, Սիվիլնեթի մեր խումբը, Թաթուլ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ Գորիսէն կը մտնէ Արցախ, իր առաքելութիւնը կը կատարէ եւ երեկոյեան կը վերադառնայ Գորիս, որպէսզի իր նիւթերը ուղարկէ Երեւան: Դաշտէն ուղղակի նիւթեր ուղարկելու հարցը պէտք է լուծել:

Հինգշաբթի օրուան մեր ծրագիրը Շուշի, Ստեփանակերտ եւ Մարտունի երթալ էր: Գացինք Շուշի, նկարեցինք մշակութային կեդրոնը, որ քանդուած էր: Իջանք Ստեփանակերտ, քաղաքին պատճառուած աւերները նկարելու: Հազիւ նկարել սկսած, մահասարսուռ ահազանգը հնչեց ու չիմանալով ուր պատսպարուիլ, որոշեցինք դուրս գալ քաղաքէն:

Շուշիի ճանապարհի վրայ, բարձրադիր վայրէ մը սկսանք զննել քաղաքը: Վարորդ մը մեզ թելադրեց երթալ Շուշի: Գացէք, տեսէք թէ ինչ ըրած են Ղազանչեցւոց եկեղեցիին: Գէորգ Հարոյանը արդէն հայհոյանքի տեսակներ սկսաւ արտասանել: Դարձեալ մտանք Շուշի, տեսանք առաջին ռմբահարման պատճառած վնասները:
Թթաուլը թելադրեց արագ շարժիլ, նախատեսելով երկրորդ հարուած մը: Սխալ չէր, դժբախտաբար: Երկրորդ հարուածը եկաւ մեր հոգեւոր կեդրոնին վրայ:

Վերադարձանք Գորիս, ջղային, զայրացած: Թաթուլը շատ լարուած էր, յոգնած: Որոշեց երթալ Խնածախի կողմերը, հանգստանալու հայրենի չքնաղ բնութեան մէջ: Ես ալ գացի հետը: Ձեւով մը ինքզինքս կցած եմ Թաթուլին, որու աշխատանքի թափը, գիտութեան տարողութիւնը, փորձառութիւնը տպաւորիչ է: Որ մը առանձին պէտք է անդրադառնալ այս լրագրողին, աւելի ճիշդը լրագրութիւնը արուեստի մակարդակի բարձրացնողին այլ տաղանդներու մասին, աւելի հանգիստ պայմաններու տակ կարելի է այդ ընել:

Գացինք Խնածախ, հասանք մինչեւ Խոզնաւար: Այս հրաշալի տարածքը չէի տեսած: Կանաչ առաօտավայրեր, որոնց վրայ կը դեգերէին հորթեր, կովեր, ոչխարներ, ձիեր: Ես պիտի խուսափիմ նկարագրելէ բնութեան գեղեցկութիւնը, որովհետեւ իմ սահմանափակ բառամթերքը անկարող պիտի ըլլայ արդար նկարագրութիւն տալու այն ինչին որ տեսայ: Խնածախ չմտած, բարձունքէն դիտեցինք ու շնչեցինք, ունկնդրեցինք գիւղը: Քիչ մը հանգստացանք ու հազիւ ինքնաշարժ նստանք՝ ոչ շատ հեռուէն ռմբակոծումներու ձայները հասան մեզ:

    

One Response to “Արցախ՝ պատերազմի տպավորություններ․”

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *