20.4 C
Yerevan

Արցախ՝ պատե­րազմի տպա­վո­րություններ․

Աբօ Պողի­կեան

«Լաւի հետ էլ ենք յուզւում, լացում, վատի հետ էլ ենք յուզւում, լացում».

Մեծ Թաղլար գիւղի բնակչուհիի պատասխանն էր՝ ճակա­տէն եկած լուրե­րու մասին մեր հարցումին: Ամուսին, զաւակ, թոռ ունի՞ս առաջնագծի վրայ: Բոլորն ալ իմ զաւակներս ու թոռներս են, եւ այո, տղաս առա­ջին գծի վրայ է: Թաթուլ Յակո­բեա­նը կը զրուցէ գիւղի կեդրո­նը հաւա­քուած խումբ մը գիւղա­ցի­նե­րու հետ: Բոլո­րը կը խօսին վստահ յաղթա­նա­կի մասին, բոլո­րը, քիչ առաջ Տողի մէջ մեր հանդի­պած մարդոց նման հպարտ են բանա­կով, հպարտ են զինուորնե­րով: «Հալալ է իրենց» կ՝ըսէ Արցա­խեան Ազա­տա­մարտի նահա­տակ հերոսներ Վիգէն Այվա­զեա­նի ու Արմէնչո­յի հետ կռուած Կարլեն Միքա­յէ­լեա­նը, արտա­յայտե­լով իր հիացմունքը 18–20 տարե­կան զինա­կո­չիկնե­րու խիզա­խութեան հանդէպ, որ դրսեւո­րուած էր նաեւ Ապրի­լեան պատե­րազմի ընթացքին:

Մեծ Թաղլա­րի մէջ հանդի­պե­ցայ հին ընկե­րոջս, Լեւոն Հայրեա­նին, որ Արցա­խի Ազա­տագրա­կան պայքա­րի ակունքնե­րուն կանգնած մարդ է, Դաշնակցա­կան մարդու ամբողջա­կան կերպար մը: Երկու բաժակ իր սարքած պէտք է ըսել իրա­պէս համով գինիէն խմե­ցինք, մինչ վերը, ամպե­րուն մէջէն կը լսուէր թշնա­միի անօ­դա­չու թռչող սարքի զզուե­լի տզզո­ցը:

Ասի­կա խղճա­լի ամփո­փումն է Չորեքշաբթի օրուան մեր աշխա­տանքին: Նոթա­տետրիս մէջ ահա­գին գրա­ռումներ ունիմ, որոնց մշա­կումը պէտք է ընէի նոյն օրը, երե­կո­յեան, սակայն իմ գիւղա­ցի Գէորգ Հաճեա­նի, Գանա­տա­յէն իմ հին ընկե­րոջս Քրիստա­փոր Արթի­նի, Պռո­շեա­նի Մհե­րի նահա­տա­կութեան լուրը «շարքէ հանեց» զիս: Իբրեւ կանոն, Սիվիլնե­թի մեր խումբը, Թաթուլ Յակո­բեա­նի ղեկա­վա­րութեամբ Գորի­սէն կը մտնէ Արցախ, իր առա­քե­լութիւնը կը կատա­րէ եւ երե­կո­յեան կը վերա­դառնայ Գորիս, որպէսզի իր նիւթե­րը ուղարկէ Երեւան: Դաշտէն ուղղա­կի նիւթեր ուղարկե­լու հարցը պէտք է լուծել:

Հինգշաբթի օրուան մեր ծրա­գի­րը Շուշի, Ստե­փա­նա­կերտ եւ Մարտունի երթալ էր: Գացինք Շուշի, նկա­րե­ցինք մշա­կութա­յին կեդրո­նը, որ քանդուած էր: Իջանք Ստե­փա­նա­կերտ, քաղա­քին պատճա­ռուած աւերնե­րը նկա­րե­լու: Հազիւ նկա­րել սկսած, մահա­սարսուռ ահա­զանգը հնչեց ու չիմա­նա­լով ուր պատսպա­րուիլ, որո­շե­ցինք դուրս գալ քաղա­քէն:

Շուշիի ճանա­պարհի վրայ, բարձրա­դիր վայրէ մը սկսանք զննել քաղա­քը: Վարորդ մը մեզ թելադրեց երթալ Շուշի: Գացէք, տեսէք թէ ինչ ըրած են Ղազանչեցւոց եկե­ղե­ցիին: Գէորգ Հարո­յա­նը արդէն հայհո­յանքի տեսակներ սկսաւ արտա­սա­նել: Դարձեալ մտանք Շուշի, տեսանք առա­ջին ռմբա­հարման պատճա­ռած վնասնե­րը:
Թթաուլը թելադրեց արագ շարժիլ, նախա­տե­սե­լով երկրորդ հարուած մը: Սխալ չէր, դժբախտա­բար: Երկրորդ հարուա­ծը եկաւ մեր հոգեւոր կեդրո­նին վրայ:

Վերա­դարձանք Գորիս, ջղա­յին, զայրա­ցած: Թաթուլը շատ լարուած էր, յոգնած: Որո­շեց երթալ Խնա­ծա­խի կողմե­րը, հանգստա­նա­լու հայրե­նի չքնաղ բնութեան մէջ: Ես ալ գացի հետը: Ձեւով մը ինքզինքս կցած եմ Թաթուլին, որու աշխա­տանքի թափը, գիտութեան տարո­ղութիւնը, փորձա­ռութիւնը տպաւո­րիչ է: Որ մը առանձին պէտք է անդրա­դառնալ այս լրագրո­ղին, աւե­լի ճիշդը լրագրութիւնը արուեստի մակարդա­կի բարձրացնո­ղին այլ տաղանդնե­րու մասին, աւե­լի հանգիստ պայմաննե­րու տակ կարե­լի է այդ ընել:

Գացինք Խնա­ծախ, հասանք մինչեւ Խոզնաւար: Այս հրա­շա­լի տարածքը չէի տեսած: Կանաչ առաօ­տա­վայրեր, որոնց վրայ կը դեգե­րէին հորթեր, կովեր, ոչխարներ, ձիեր: Ես պիտի խուսա­փիմ նկա­րագրե­լէ բնութեան գեղեցկութիւնը, որովհե­տեւ իմ սահմա­նա­փակ բառամթերքը անկա­րող պիտի ըլլայ արդար նկա­րագրութիւն տալու այն ինչին որ տեսայ: Խնա­ծախ չմտած, բարձունքէն դիտե­ցինք ու շնչե­ցինք, ունկնդրե­ցինք գիւղը: Քիչ մը հանգստա­ցանք ու հազիւ ինքնա­շարժ նստանք՝ ոչ շատ հեռուէն ռմբա­կո­ծումնե­րու ձայնե­րը հասան մեզ:

Առնչվող Հոդվածներ