Րաֆֆի Տուտագլեան
Անցնող տասնամեակին Ադրբեջանը Ռուսաստանէն, Իսրայէլէն, Թուրքիայէն, Բելառուսէն, Ուքրաինաէն եւ այլ երկիրներէ գնած է աւելի քան 10 միլիառ տոլարի զէնք-զինամթերք: Միայն Իսրայէլէն ադրբեջանական գնումները, գլխաւորաբար գերարդիական ԱԹՍներ, գերճշգրիտ հրթիռներ, գերժամանակակից հետախուզական սարքեր եւ զէնքեր, կը հասնին 7 միլիառ տոլարի:
Հիմա շատեր սկսած են կարծիք յայտնել, որ Ադրբեջանը Թուրքիայի հետ միասին Հայաստանի դէմ յարձակեցաւ՝ Հայաստանի նոր իշխանութիւններու կարծր կեցուածքին պատճառով, անոնց չափազանց անզիջողական եւ ազգայնական հռետորաբանութեան պատճառով, Հայաստանի մէջ որոշ շրջանակներու հակառուս յայտարարութիւններուն պատճառով, բանակցութիւններու ոեւէ փաստաթուղթ չստեղծելու պատճառով, «Արցախը Հայաստան է ու վերջ» յայտարարութեան պատճառով, եւ այլն եւայլն…
Լաւ, եթէ այդպէս է, Ադրբեջան ինչո՞ւ 2016-ին յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ: Չէ՞ք յիշեր Մատրիտի եւ Կազանի պայմանագրերը ընդունելու եւ հողեր վերադարձնելու Սերժ Սարգսեանի կեցուածքը: Չէ՞ք յիշեր զիջումներու մասին Սերժ Սարգսեանի եւ իշխող կուսակցութեան բազմաթիւ յայտարարութիւնները: Չէ՞ք յիշեր Ռուսաստանին ամէն ինչ յանձնելու Ռոբերտասերժական քաղաքականութիւնը…
Միայն կոյր եւ խուլ, քիչ մըն ալ միամիտ պէտք է ըլլալ, չտեսնելու համար Ալիեւի յայտարարութիւններն ու արարքները անցնող տարիներուն: Մարդը օր ցերեկով, աբաշկարա յստակ յայտարարած է, բազմիցս եւ շարունակաբար մեր ու աշխարհի երեսին յայտարարած է, որ երբ խնդիրը կը վերաբերի իր երկրի տարածքային ամբողջականութեան, իրեն համար փոխզիջում չկայ, ինք զէնքով պիտի լուծէ Արցախի խնդիրը, չընդունիր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, եւ կը մերժէ ստորագրել որեւէ փաստաթուղթ, ուր Արցախի ինքնորոշման մասին կը խօսուի, ու դեռ զէնքով իր կամքը պիտի պարտադրէ ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի ժողովուրդին, եւ համայն աշխարհին պիտի ստիպէ համակերպիլ իր որոշումին:
Այդպէս ալ փորձած է ընել, ոչ միայն մէկ, այլ առնուազն մի քանի անգամ: Օր մը պատերազմով, օր մը դիվերսիոն գործողութիւնով, ուրիշ օր մը՝ ռմբակոծումներով, դիպուկահարներով, եւ այսպէս շարունակ…
Հայաստանը, ի դէմս նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի, ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ներկայացուցած գրեթէ ԲՈԼՈՐ առաջարկները, եւ բոլորին մէջ ալ ԱՆԽՏԻՐ Ադրբեջանին ազատագրուած հողերու վերադարձ նախատեսուած է: Ադրբեջանն է, որ ՄԵՐԺԱԾ է գրեթէ բոլոր խաղաղութեան առաջարկները, մանաւանդ անոնք, որոնք հողային զիջումով հանդերձ, նշած են Արցախի ժողովուրդի կամարտայայտութեամբ՝ սեփական ճակատագիր որոշելու իրաւունքը:
Ուրեմն, պարզ է, չէ՞, Ադրբեջանը զէնքերը չէր գնած, որպէսզի Նոր Տարուան գիշերները Պաքուի վրայ հրավառութիւն կազմակերպէ: Զէնքերու վրայ ծախսած է մեծ գումարներ՝ իր յստակ եւ բացայայտ նպատակին համար՝ Արցախի վերակցում Ադրբեջանին, բանակցութեամբ կամ պատերազմով…
Եթէ այսքան բան չենք ուզած տեսնել, ուրեմն մենք պարզապէս այս մոլորակին վրայ չենք ապրիր, չենք գիտեր ովքեր են մեր հարեւանները, չենք գիտեր ո՛չ քաղաքականութիւն, ոչ ալ պատմութիւն…
Մեր առջեւ դրուած է մէկ մեծ ԳԵՐԽՆԴԻՐ, աւելի ճիշդ՝ ադրբեջանական նախապայման, համաձա՞յն ենք առանց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին՝ հողեր զիջիլ Ադրբեջանին, թէ ոչ
Հիմա ուրեմն մենք մեր ներքին քաղաքական խօսակցութիւնը, բանավէճը, դիսկուրսը պէտք է յստակացնենք: Խնդիրը ոչ թէ մեր մեր հռետորաբանութեան, Ռուսաստանի հանդէպ չփոխուած կամ փոխուած քաղաքականութեան, զիջումներէ հրաժարիլ-չհրաժարելու մէջ պէտք է դիտարկենք, այլ յստակ հասկնանք, թէ մեր առջեւ դրուած է մէկ մեծ ԳԵՐԽՆԴԻՐ, աւելի ճիշդ՝ ադրբեջանական նախապայման, համաձա՞յն ենք առանց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին՝ հողեր զիջիլ Ադրբեջանին, թէ ոչ: Ադրբեջանը տարիներ շարունակ մեր հետ կը խօսի կա՛մ պատերազմ, կամ հողային զիջում՝ առանց ինքնորոշման իրաւունքի սպառնալիքով: Պատրա՞ստ ենք Ադրբեջանի պահանջները բաւարարելու, թէ՞ ոչ: Սա է գերխնդիրը, եւ այս հարցն է, որ պէտք է քննարկուի քաղաքական մեր ղեկավարութեան եւ հանրութեան միջեւ: Եթէ պատրաստ չենք, ապա դիւանագիտական, քաղաքական, զինուորական եւ ռազմական մակարդակներու վրայ ազգովին ի՞նչ պէտք է ընենք, պատերազմը դիմագրաւելու եւ մեր նպատակը իրագործելու համար:
Սա է մեր գլխաւոր մարտահրաւէրը, եւ ազգովին այս հարցին պատասխան պէտք է տանք: Մնացածը՝ ստորոգելիներ են պարզապէս, որոնք ակադեմական քննարկումներու առատ նիւթ կրնան հայթայթել: Պատրա՞ստ ենք իրականութիւնը տեսնելու այնպէս, ինչպէս կայ, ուրեմն պատրաստ կ’ըլլանք նաեւ յաջորդ պատերազմին:
Գրեցէ՛ք ինծի:
Աղբյուրը՝ Civilinet.am