26.7 C
Yerevan

Անկա­խութեան այս անպարտե­լի սերունդը

Րաֆֆի Տուտագլեան

Պատմո­ղը Արցա­խի մէջ երկար տարի­ներ աշխա­տած լիբա­նանցի արաբ քրիստո­նեայ ծանօթս է, Միշէ­լը: Թուրք-ադրբե­ջա­նա­կան եւ ճիհա­տիսթ ահա­բե­կիչնե­րու հայութեան դէմ յայտա­րա­րած պատե­րազմի առա­ջին քանի մը օրե­րուն Ստե­փա­նա­կերտ էր, ուր երկար տարի­ներ ապրած էր եւ աշխա­տած իբրեւ հեռա­հա­ղորդակցութեանց մասնա­գէտ: Երկու օր առաջ պատա­հա­կան հանդի­պում մը ունե­ցայ հետը, ըսաւ, որ վերջերս եկած էր Ստե­փա­նա­կերտէն եւ կը պատրաստուէր Լիբա­նան վերա­դառնա­լու: Գոհ էր, որ իր ընտա­նի­քին պիտի վերա­դառնար եւ այդ պատճա­ռով տրա­մադրութիւնը բաւա­կան լաւ էր: Բայց զիս տեսաւ չափա­զանց տխուր, անտրա­մա­դիր եւ անհա­ղորդ: 

- Գիտեմ, պատե­րազմ է, բոլորս ալ մտա­հոգ ենք, բայց ինչո՞ւ այսքան տխուր ես, դուն յաճախ աւե­լի մարտունակ տրա­մադրութիւն կ’ունե­նաս այս տեսա­կի պայմաննե­րու տակ: Երբեք քեզի այսպէս չեմ տեսած: Ի՞նչ պատա­հած է, հարցուց Միշէլ, երբ երկար պնդումնե­րէ ետք համա­ձայնե­ցայ թէյ մը խմել իր հետ:

Բացատրե­ցի, որ կէսօ­րին վատ լուր ստա­ցած եմ: Լաւ էի մինչեւ կէսօր, մանաւանդ երբ Արցա­խի հարաւը մեր բանա­կի սխրա­գործութիւննե­րուն մասին լուրե­րը ստա­ցայ: Բայց կէսօ­րէ յետոյ տրա­մադրութիւնս փճա­ցաւ: Երկու հոգի, որոնց հետ ընկե­րա­կան կապեր ունե­ցած եմ, նահա­տա­կուե­ցան Արցա­խի մէջ: Երկուքն ալ լաւ մարդիկ, ընտա­նի­քի հայր, մէկը՝ Այնճա­րէն, միւսը՝ Թորոնթո­յէն: Երկուքն ալ չկան այսօր, իրենց արիւնը նուի­րե­ցին հայրե­նի­քին, բազմա­թիւ այլ զինուորնե­րու եւ կամաւորնե­րու նման, այսօր հպարտութիւնս եւ ցաւս խառնուած են իրար, սիրտս կը ճզմեն, կոկորդս կը սեղմեն… 

- Գիտեմ, ըսաւ Միշէլ, Գէորգը Լիբա­նա­նի մեր հարեւան գիւղէն է, Այնճա­րէն… լսե­ցի ահաւոր լուրը եւ խորա­պէս կը ցաւակցիմ, բայց ըսեմ, որ դուք հրա­շա­լի ժողո­վուրդ եք, ես կեանքիս մէջ չեմ մոռնար այստեղ եւ Ստե­փա­նա­կերտի մէջ տեսածներս ու ապրածներս: Ցաւդ կը հասկնամ, բայց դուք, անկեղծ կ’ը­սեմ, հպարտ պէտք է ըլլաք ազգո­վին: Ես այս ժողո­վուրդին ուժը հասկցայ հիմա՛, պատե­րազմի այս օրե­րուն, եւ միայն կը խոնարհիմ ձեր առջեւ: 

Պատմեց, որ Սեպտեմբեր 27-ին Ստե­փա­նա­կերտի իր բնա­կա­րա­նը հանգիստ կը քնա­նար, երբ առա­ջին անօ­դա­չու սարքերն ու ռումբե­րը պայթե­ցան քաղա­քի տարբեր կառոյցնե­րու վրայ իյնա­լով: 

- Անկո­ղի­նէս սարսա­փած վեր թռայ եւ պահ մը տեղս կանգնած մտա­ծե­ցի, թէ ի՞նչ կը պատա­հի: Յետոյ անդրա­դարձայ, որ քաղա­քը կը ռմբա­կո­ծուի: Մեծ զգուշութեամբ մօտե­ցայ ննջա­րա­նիս պատուհա­նին եւ ուզե­ցի տեսնել, թէ ու՞ր ինկած են ռումբե­րը: Մինչ պատուհա­նէն աջ-ձախ կը նայէի՝ պայթումի վայրե­րը գտնե­լու համար, անդրա­դարձայ, որ ահա­գին մեծ շարժ կայ փողոցնե­րուն վրայ: Տղա­մարդիկ էին, որոնք բոլորն ալ կը վազէին իրենց կամ ընկերնե­րու եւ հարեւաննե­րու ինքնա­շարժե­րուն, զինուո­րա­կան համազգեստներն ու կոշիկնե­րը շալկած: Անոնցմէ ոմանք համազգեստներն ու կոշիկնե­րը հագնե­լու սկսան ճամբուն մէջտեղ կան մեքե­նա­նե­րուն մէջ: Ո՛չ մէկ ընկրկում, ո՛չ մէկ տարա­կուսանք, ո՛չ մէկ շուա­րած վիճակ: Քառորդ ժամ չանցած, բոլորն ալ կազմ ու պատրաստ էին կը շտա­պէին դէպի զօրա­կա­յան, կամ հոն, ուր պէտք է ըլլա­յին, պատմեց Միշէլ:

Եւ ապա շարունա­կեց.

- Յաջորդող օրե­րուն Ստե­փա­նա­կերտը սկսաւ ռմբա­կո­ծուիլ: Հրթիռներ տեղա­ցին մեր ընկե­րութեան շէնքին վրայ: Մենք պէտք է ապա­հո­վէինք կապը, չէինք կրնար թողել երթալ: Աշխա­տանքի էինք ռումբե­րու տակ, ամէն ինչ կ’ը­նէինք արագ վերա­կանգնե­լու հաղորդակցութիւնը եւ վերացնե­լու հրթիռնե­րու հետեւանքնե­րը: Կողքիս էր Էդկա­րը, մեր հին գործընկե­րը, լաւ մասնա­գէտ: Կեդրո­նա­ցած էր իր աշխա­տանքին վրայ, օրա­կան 24 ժամ, հրթիռներն ու պայթումի ահեղ ձայնե­րը ոչ մէկ ձեւով կը խանգա­րէին զինք: Զինուո­րի վերա­ծուած էր՝ իր աշխա­տա­վայրին մէջ: Յանկարծ հեռա­ձայն ստա­ցաւ, կինն էր: Տեղե­կա­ցուց, որ իրենց զինուոր զաւա­կէն օրե­րէ ի վեր լուր չունի եւ տեղե­կութիւններ կան, որ խումբ մը այլ զինուորնե­րու հետ ինկած է պաշարման մէջ եւ օրհա­սա­կան կռիւներ կը մղեն: Էդկար պահ մը դադրե­ցուց աշխա­տանքը, ոտքի կանգնե­ցաւ, խոր շունչ մը առաւ եւ ապա նստե­լով, շատ աւե­լի կեդրո­նա­ցած, շատ աւե­լի բուռն թափով լծուե­ցաւ իր աշխա­տանքին: Ոչ մէկ ընկրկում, ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ տատամսում: Զինուոր էր ինքն ալ, իր զաւա­կին նման: Զաւա­կը կը կռուէր մարտա­դա­շի վրայ, ինքը՝ իր գործա­տե­ղիին:

Միշէլ պահ մը լռեց, ինքն ալ յուզուած էր իր պատմութե­նէն, եւ շարունա­կեց.

- Ինչպէս մոռնամ Լեւո­նը, մեր լաւա­գոյն տեխնի­կա­կան աշխա­տողնե­րէն: Մէկ վայրկեան դադար չէր առներ, գիտեր, թէ ինչքան կարեւոր է իր գործը՝ երկրին համար ընդհանրա­պէս: Առա­ջին օրը տեղե­կա­ցուցին, թէ ռումբե­րէն ինքնա­շարժը ամբողջութեամբ այրած է: Երկրորդ օրը, առաւօ­տուն, լուռ ստա­ցաւ, թէ հրթիռ ինկած է բնա­կա­րա­նին վրայ: Կէսօ­րէ յետոյ աւե­լի վատ լուր, տեղե­կա­ցուցին, որ քրոջ ամուսի­նը նահա­տա­կուած է ռազմա­ճա­կա­տին վրա: Ընդա­մէ­նը մի քանի ժամ բացա­կա­յե­ցաւ աշխա­տանքէն: Գնաց կարգադրութիւններ ընե­լու եւ վերա­դարձաւ յուզուած, բայց ամուր: Նետուե­ցաւ իր աշխա­տանքին, «սա էլ մեր ռազմա­ճա­կատն է, մենք իրաւունք չունենք հեռա­նա­լու», ըսե­լով:

- Իսկ երբ Երեւան կը քշէի, շարունա­կեց Միշէլ, տեսայ թէ ինչպէս մեծ նուի­րումով երի­տա­սարդներ եւ տարեցներ, հաւա­նա­բար կամաւորներ, կու գային Արցախ: Նոյնիսկ կ’երգէին իրենց մեքե­նա­նե­րուն մէջ: Կարծես թէ հարսա­նի­քի կ’երթա­յին: Ճանա­պարհին տեսայ թէ ինչպէս մարդիկ կ’օգնեն ռումբե­րէն փախած կինե­րուն եւ երե­խա­նե­րուն, տեսայ թէ ինչպէս օժանդա­կութիւն կը հաւա­քեն իւրա­քանչիւր փողո­ցի անկիւն: Նոյնն է մթնո­լորտը Երեւա­նի մէջ: Ամէն մարդ, մեծով փոքրով, դարձած է զինուոր, կամ զինուո­րի համար աշխա­տող կամաւոր, կամ օգնա­կան… Դուք միայն պէտք է հպարտ զգաք: Դուք արդէն այս պատե­րազմը յաղթած եք, որովհե­տեւ այս ոգին, այս նուի­րումը, այս հաւատքը, հայրե­նի­քի ու զինուո­րի հանդէպ այս սէրը ձեր մեծա­գոյն զէնքն է, որուն ոչ ոք կրնայ յաղթել: Իսկ այս երի­տա­սարդութիւնը, այս նոր սերունդը… Նահա­տակ ընկերներդ հպարտ պէտք է զգան, որ այսպէս հայրե­նա­սէր, այսպէս անկոտրում կամք ունե­ցող սերունդ է, որ կը յաջորդէ իրենց: Ինծի ըսին, որ սա Հայաստա­նի անկա­խութեան սերունդն է: Հալալ է ձեզ, հալալ է այս երի­տա­սարդնե­րու ծնողնե­րուն: Այս սերունդը անպարտե­լի է…

Միշէլ ինքն ալ հպարտ կը զգար, որ այս տեսակ հերոս մարդոց հետ աշխա­տած էր, այս նոր սերունդին հետ առնչուած էր, ակա­նա­տես եղած էր անմո­ռա­նա­լի պատմութիւննե­րու:

- Ես մի քանի օրէն Լիբա­նան պիտի երթամ: Շատ բան տեսած ու լսած եմ կեանքիս մէջ: Բայց այն ինչ տեսայ այստեղ, այս վերջին օրե­րուն, անմո­ռա­նա­լի է: Պարզա­պէս անկա­րե­լի է…

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Առնչվող Հոդվածներ