26.4 C
Yerevan

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ ԵՏՔ

Յարութ Գալայճեան

Այսօր, Սեպտեմբե­րեան Պատե­րազմի բռնկումէն 24 օր ետք, երբ Հայոց Աննման Բանա­կը կը մղէ կենաց-մահու կռի՜ւ, մեր պետա­կան կառոյցնե­րը աւե­լի քան երեք տասնա­մեակ առիւնա­քամ ըրած եւ արդէն մահա­մերձ վիճա­կի դատա­պարտուած նախկին վարչա­կարգէն որոշ ներկա­յա­ցուցիչներ լկտիօ­րէն կը շարունա­կեն ժողովրդա­յին տրա­մադրութիւններ թունաւո­րել՝ բանակցա­յին տարբե­րակներ պահանջե­լով կամ մերժե­լով, զինուո­րա­կան մեր մարտա­վա­րա­կան նահանջնե­րը պարտութեան նախանշաններ որա­կե­լով եւ ամե­նաքստմնե­լին՝ իշխա­նութեան ծարաւէն մոլեգնա­ցած՝ Արտա­հերթ Ընտրութիւննե­րու մօտա­լուտ առի­թը երա­զե­լով…

Եւ այդ քաղա­քա­կան ցեցե­րը, որքան շարունա­կեն Հայոց Միասնա­կա­նութիւնը ջլա­տել փորձող իրենց ապա­պե­տա­կան գործունէութիւնը՝ այնքան աւե­լի ծանր պիտի կշռէ իրենց քաղա­քա­կան պատի­ժը։

Սակայն այս Պատմա­կան Պահին, համայն հայ ժողո­վուրդի ուշադրութիւնը կեդրո­նա­ցած է Արցա­խեան Արիւնա­լի Գործո­ղութիւննե­րուն եւ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻՈՒԹԵԱՆ վրայ։

Եւ այդ յաղթա­նա­կի պսա­կումէն ետք ՄԻԱՅՆ, անխուսա­փե­լի պիտի դառնայ նաեւ՝ մեր ՆԵՐՔԻՆ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ։

20.10.2020

Մուղնի / Հարաստան

Առնչվող Հոդվածներ