16.9 C
Yerevan

Այցե­լե­ցէք Միայն Մէ՛կ Անգամ․․․

Րաֆֆի Տուտագլեան

«Բոլոր թերա­հաւատնե­րուն, յուսա­հատնե­րուն, յոռե­տեսնե­րուն, կասկա­ծա­միտնե­րուն եւ ողբերգակնե­րուն կ՚առաջարկեմ գոնէ մէկ անգամ այցե­լել Արցախ, խօսիլ այնտե­ղի զինուորնե­րուն եւ ղեկա­վարնե­րուն հետ, զգալ ոգին, շփուիլ այնտե­ղի բժիշկնե­րուն, հաց թխողնե­րուն, ելեկտրա­կան լարե­րը նորո­գողնե­րուն, պետպաշտօ­նեա­նե­րուն, ռմբա­կո­ծումնե­րու հետքե­րը մաքրողնե­րուն եւ այնտեղ մնա­ցած բնա­կիչնե­րուն հետ։

Արժէ երթալ միայն մէկ անգամ եւ շնչել, զգալ, շօշա­փել, ապրիլ Արցա­խը, նայիլ արցախցիի աչքե­րուն մէջ, սեղմել այնտեղ ծառա­յող զինուո­րին ուժեղ ձեռքը եւ գրկել զինուո­րի կողքին կանգնած կամաւո­րը։

Այցե­լե­ցէք Արցախ միայն մէ՛կ անգամ եւ պիտի հասկնաք, որ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ մերն է։

Այցե­լե­ցէք միայն մէկ անգամ եւ պիտի հասկնաք, որ Երեւա­նի սրճա­րաննե­րու մէջ նստած անկեալ «ասպետնե­րը», յուսալքութիւն ու թուլութիւն սերմա­նողնե­րը կապ չունին այս հողին հետ, անա­ռակ որդի­ներ են անոնք, որոնց համար յոյսի Աստուածնե­րը մահա­ցած են, կեանքի լոյսե­րը՝ խամրած։

Այցելեցէ՛ք Արցախ, միայն մէկ անգամ, թէկուզ եւ հպանցիկ՝ մէկ անգամ անցէք հայ հողը պաշտպա­նող մարտի­կին կողքով, զգա­ցէք անոր երակնե­րուն մէջ լաւա­յի պէս հոսող արեան ուժը, եւ պիտի համո­զուիք, որ Յաղթա­նա­կի կրա­կը անմար է, Յաղթա­նա­կի Աստուա­ծը անմահ է, Յաղթա­նա­կը ՄԵՐՆ Է…»

Առնչվող Հոդվածներ