Րաֆֆի Տուտագլեան
Մեզի կը պարտադրուի ռուս-թրքական չափազանց վտանգաւոր համաձայնագիր մը:
Խօսքը ոչ միայն արդէն իսկ Ադրբեջանի կողմէ վերջին մէկուկէս ամսուն գրաւած հողերու՝ 4 շրջաններու մասին է:
Խօսքը ոչ միայն Աղդամի, Քարվաճառի եւ Լաչինի շրջանները վերադարձնելու մասին է:Խօսքը ոչ միայն Շուշիի եւ Հադրութի կորուստին մասին է:
Ասոնք բոլորն ալ մեծ աղէտներ են անկասկած, չափազանց մեծ կուրուստներ:Խօսքը նաեւ կը վերաբերի Ադրբեջանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ուղղակի ճանապարհ ստեղծելուն: Այսինքն՝ 10 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ադրբեջանի ու 80 միլիոնանոց Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի կապ հաստատելուն:
Ռուս թուրքական այս նոր պայմանագիրը Հայաստանի ինքնիշխանութեան հասցուած հերթական հարուածն է, որուն տակէն շատ դժուար պիտի ըլլայ դուրս ելլել:
Այո, կարելի է մեղաւոր համարել Ռուսաստանը՝ իր շահերուն հերթական անգամ մեզ զոհելուն համար: Կարելի է մեղադրել Թուրքիան ու Ադրբեջանը՝ իրենց ցեղասպանական ծրագիրներուն համար: Կարելի է մեղաւոր համարել արեւմուտքն ու արեւելքը, հարաւն ու հիւսիսը, Սադայէլն ու Գաբրիէլը, ամբողջ աշխարհը:
Բայց հասկնանք այլեւս, մենք ունինք նաեւ պատասխանատւութեան մեր բաժինը: Պատասխանատու է առաջին հերթին գործող ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որովհետեւ իրեն վտահուած էր Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութիւնը փրկելու առաքելութիւնը եւ հակառակ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան աջակցութեան, չկրցաւ նուազագոյն վնասներով դուրս գալ այս պարտադրուած պատերազմէն:
Պատասխանատու են նախկին իշխանութիւնները, բոլորը անխտիր, իրենց կոալիցիոն եւ միակուսակցական կառավարութիւններով, որովհետեւ 28 տարի իրենք եւս ոչ միայն չկրցան բարւոք լուծում տալ Արցախի հարցին, այլեւ վատնեցին Հայաստանի սահմանափակ հնարաւորութիւնները եւ նոյնիսկ 2016-ի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն ետք, փոխանակ դասեր քաղելու, լկտիաբար շարունակեցին իրենց կործանարար ներքին քաղաքականութիւնը:
Պատասխանտու ենք բոլորս, որովհետեւ թերագնահատեցինք թշնամին, գերագնահատեցինք դաշնակիցը եւ մինչեւ այսօր կը զբաղինք ներքին դաւաճաններ որոնելով, փոխանակ մեր ուժերը կեդրոնացնելու պետական կառոյցներու հզօրացման եւ առաջին հերթին՝ տնտեսական եւ ռազմական մեր զարգացումը 21-րդ դարուն համապատասխանեցնելու վրայ:
Պատասխանատու եմ ես, պատասխանատու ես դուն, պատասխանատու ենք բոլորս: Եւ պատասխանատւութենէն խուսափելու ամենկարճ եւ ամենադիւրին ճամբան այլոց մէջ դաւաճաններ որոնել է, աւելի հայրենասէր եւ աւելի նուիրուած ձեւանալն է, յանցանքն ու մեղքը ուրիշին վրայ բարդելն է…
Մենք հիմա կը գտնուինք Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութիւնը ազգովին փրկելու մեր կեանքի ամենամեծ ազգային մարտահրաւէրին առջեւ:
Մեզի պարտադրուող ռուս-թրքական այս պարտուողական համաձայնագիրը աւելի քան խայտառակութիւն է: Սա մեր պետութեան ինքնիշխանութեան հասցուած մեծագոյն հարուած է:
Գոնէ անգամուան մը համար իւրաքանչիւրս, ինչ դիրքի վրայ որ ըլլանք, ընդունինք պատասխանատւութեան մեր բաժինը եւ հաւաքաբար գտնենք այն ելքը, որ յաջորդող սերունդները զերծ պիտի պահէ խայտառակ այս համաձայնագրի ծանր բեռը դաժանօրէն կրելու պարտաւորութենէն: