Յարութ Գալայճեան
Հայ ժողովուրդին պարտադրուած Արցախեան Սեպտեմբերեան պատերազմը 3-րդ գոյոութենականն է՝ Աւարայրէն ու Սարտարապատէն ետք։ Աւարայրով փորձուեցաւ մեզմէ խլել մեր հաւատքը, Սարտարապատով՝ մեր պետականութիւնը, իսկ Արցախով՝ մեր անվտանգութիւնը. այլ խօսքով՝ երեք գոյութենական բաղադրիչներ, որոնք կը մարմնաւորեն հայ ժողովուրդի ապրելու իմաստը։
Սեպտեմբեր 27-ին, թրքազերիական շղթայազերծուած ու հայ ժողովուրդին պարտադրուած պատերազմին՝ Հայոց Հերոսական Բանակը 44 օր մարտնչեցաւ դիւցազնօրէն. բայց անակնկալօրէն՝ այդ մարտնչումը կասեցուեցաւ Նոյեմբեր 9-ին հայ-ռուս-ազերի տխրահռչակ փաստաթուղթով։
Այդ փաստաթուղթի ստորագրման նոյն գիշերը Երեւանի մէջ հակաիշխանական տարրեր խուժեցին ԱԺ-ի գրասենեակներ եւ ջարդարարութեամբ ու գողութիւններով բարձրաձայնեցին իրենց իբրեւ թէ ընդվզումը ամօթալի փաստաթուղթին դէմ։
Դեռեւս քիչ մը կանխահաս է կատարել ռազմաքաղաքական ամբողջական վերլուծումը Սեպտեմբերեան պատերազմի գործընթացի եւ վախճանի նկատմամբ արդէն իսկ դրսեւորուած մեծ հարցականներու մասին։
Բայց կասկած չկայ, որ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն՝ ԱԺ-ով ու Վարչապետի հաշուետւութեամբ անհրաժեշտ լոյսը կը սփռուի պատերազմի թղթածրարին վրայ։
ՄԻՆՉ ԱՅԴ, ամէն հայրենասէր հայ ականջ թող տայ ՄԻԱՅՆ Արցախեան առաջնագծերուն այս օրերուն կանգնած ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ անկեղծ խօսքերուն ու ականատեսի վկայութիւններուն եւ՝ ըստ այնմ որդեգրէ պատերազմի վերջին օրերու առեղծուածային փոփոխութիւններու մասին իր սեփական տեսակէտը։
Միւս կողմէ, առանց դոյզն կասկածի պէտք է արձանագրել, որ հայ ժողովուրդը չի կրնար ընդունիլ իրեն անարդարօրէն պարտադրուած եռակողմանի փաստաթուղթի բովանդակութիւնը իր ամբողջութեան մէջ. եւ հոս, ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ ահագին ընելիք ունի։
Եւ կասկած չկայ նաեւ, որ յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն Հայաստանի ու Արցախի քաղաքական դաշտը պիտի ենթարկուի խորաթափանց բիւրեղացումներու։
ՄԻՆՉ ԱՅԴ, շարունակենք ականջ տալ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ։
Իսկապէս ցաւալի է։ Այս վիճակից ալ դու պիտի ելլենք հաղթանակով Աստուծու խնամքով։