14.7 C
Yerevan

ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆՔ․ՊԷՏՔ Է ՇԱՀԻՆՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Այս կամ այն ԱՆՀԱՏԷՆ, ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ թէ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ վեր է ու ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ ԱՐԺԷՔ՝Ազգին ու Հայրե­նի­քին քաղա­քա­կան անօ­թը կազմող ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱ­ԿԱ­ՆՈՒԹԻՒՆը

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻԻՆ պարտադրած վերջին հարիւրա­մեա­կի աննա­խա­դէպ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ պատե­րազմին ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԱԾ Հայաստա­նի եւ Հայութեան ՊԵՏԱԿԱՆԱՏԷՐ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԱՐԵԱՆ եւ ՀՈՂի ամփո­խա­րի­նե­լի կորուստնե­րու ահաւոր գնով՝ ամբողջա­կան կորուստէ եւ ստոյգ ցեղասպա­նութե­նէ ԿՐՑԱՆ ՓՐԿԵԼ Հայոց Ազգն ու Հայրե­նի­քը։

Բարի լոյս՝ թէժ եւ օրհա­սա­կան կռուի ժամա­նակ միայն ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ դրօ­շը պարզած եւ անվե­հեր մարտնչած, իսկ անհաւա­սար ուժե­րով մղուած գօտե­մարտի աւարտին գահա­վէժ անկումի մատնուած եւ, ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ԿՈՐՈՒՍՏը կանխե­լու անձկութեամբ, նախա­յարձակ թշնա­միին զէնքի ուժով պարտադրած ՆՈՒԱՍՏԱՑՈՒՑԻՉ «ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ»ի պայմա­նա­գի­րը ընդունած ՀԱՅՈՑ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ բոլոր ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ՝ պետա­կան պատասխա­նա­տունե­րէն մինչեւ շարքա­յին մեր զինուորնե­րը։

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան միտքը ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ այն բոլոր ԱՆՁՆՈՒՐԱՑ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք պատե­րազմի ՅԱՂԹԱԿԱՆ պահե­րուն ԴԱՓՆԻՆԵՐԸ մեր հերոս նահա­տակնե­րուն բաժին հանե­ցին, այլեւ ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՃԱԿԱ­ՏԱ­ՄԱՐՏը կորսնցուցած ըլլա­լու ԴԱՌՆԱՂԷՏ իրո­ղութիւնը ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՑԱՒԱՏԱՆՋ ԱՉՔԵՐՈՎ ընդունե­ցին, իսկ այսօր ԱՆՎԱՐԱՆ ՈՏՔԻ ԿԱՆԳԱԾ ՄՆԱԼՈՎ՝ ոգի ի բռին պայքա­րը կը շարունա­կեն ու ՀԱՅՈՑ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ռազմա­քա­ղա­քա­կան վերա­կանգնման համար ելքեր կ՚որոնեն գալիք անխուսա­փե­լի ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՊՍԱԿԵԼՈՒ յանձնա­ռու վճռա­կա­մութեամբ։

Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի ԻՐԱՒԱՏԷՐ բոլոր զաւակնե­րուն, որոնք 21րդ դարու 20 թուա­կա­նին ԱԿԱ­ՆԱ­ՏԵՍն ու միա­ժա­մա­նակ ԶՈՀը դարձան Հայաստա­նի ու Հայութեան դէմ մոլեգնած համաթրքա­կան այս ԱՆԱՐԳ ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ, մանաւանդ՝ հայասպա­նա­կան նորա­գոյն այս սադրանքին իրենց ՄԵՂՍԱԿԻՑ թէ ՊԻՂԱՏՈՍԵԱՆ «ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ»ը տուած ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀի ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ նենգ խաղին։Այլապէս՝ ԷՐՏՈՂԱՆ ուրկէ՞ կանաչ լոյս պիտի ստա­նար եւ համարձա­կութիւնը ունե­նար ՊԱՔՈՒԷՆ ՂԵԿԱՎԱՐԵԼՈՒ 21րդ դարու հակա­հայ ՍԱԴՐԱՆՔի նորա­գոյն այս արա­րին․․․ գործարկման «ՅԱՋՈՂ» ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի բոլոր ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ եւ ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ այս միա­ցեալ ու մահա­ցու ԳՐՈՀԻՆ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ՝ համա­հայկա­կան ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ԲՌՈՒՆՑՔ յառա­ջացնե­լու, այլեւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ՈՒԺԻՆ անփո­խա­րի­նե­լի գրաւա­կա­նը՝ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ բախտո­րոշ ԿՌՈՒԱ­Նը ՀԶՕՐԱՑՆԵԼՈՒ, Ազգի ու Հայրե­նի­քի ՎԷՐՔԵ­Րը ԴԱՐՄԱՆԵԼՈՒ եւ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵ­Րը ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ հրա­մա­յա­կան ՄԻԱԿ ՕՐԱ­ԿԱՐԳով կ՚առաջնորդուին։

Եւ հազար ամօթ 5րդ շարա­սիւնի գձուձ պատե­հա­պաշտութեան ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ԵՂԱԾ բոլոր այն փերե­զակնե­րուն, որոնք «ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԾԱԽՈՂ» եւ «ՀՈՂ ՅԱՆՁՆՈՂ», աւելի՛ն՝ ՆԵՐՔԻՆ ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐ կը փնտռեն ՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ մէջ․․․

Աւե­րակնե­րու վրայ թագաւո­րե­լու գնով իշխա­նութիւն կը մուրան անարժաններ, որոնք դեռ շաբաթ մը առաջ պատե­րազմի յաղթա­կան փուլե­րու ԴԱՓՆԻ­ՆԵ­Րը միայն իրենց արդար իրաւունքը հռչա­կե­լու եւ իւրա­յիննե­րուն ՎԵՐԱՊԱՀԵԼՈՒ աղմուկով լեցուցած էին համա­ցանցն ու դիմա­տետրը, իսկ այսօր Հայաստա­նի Ազգա­յին Ժողո­վի դահլի­ճը ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՇՏԱ­ՐԱ­Կի կը փորձեն վերա­ծել եւ Օփե­րա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ ԿԵՂԾ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԱՐԲՈՒՔ կը սարքեն։

Բարի լոյս՝ հաւա­սա­րա­պէս ՅԱՂԹԱ­ՆԱ­Կի, ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ թէ ՕՐՀԱ­Սի բոլոր ՊԱՀԵՐՈՒՆ խուճա­պի չմատնուող, գլուխը բարձր եւ ճակա­տը բաց ու պայծառ պահե­լու ԱՆԲԱՍԻՐ ՆԿԱՐԱԳՐՈՎ գործող ՀԱՅՈՑ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք այս կամ այն ԱՆՀԱՏԷՆ, ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ թէ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ վեր կը դասեն՝ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ ԱՐԺԷՔ կը դաւա­նին Ազգին ու Հայրե­նի­քին քաղա­քա­կան անօ­թը կազմող ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱ­ԿԱ­ՆՈՒԹԻՒՆը՝ իր բոլոր ՍՏՈՐՈԳԵԼԻՆԵՐՈՎ, որոնց պահպանման ու պաշտպա­նութեան համար ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԶՈՀԱ­ԲԵ­ՐՈՒԹԻՒՆը միակ ու բարձրարժէք ՓԱՌԱ­ՍԻ­ՐՈՒԹԻՒՆը կը հանդի­սա­նայ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԱՄԷՆ ՀԱՅՈՒ։

Առնչվող Հոդվածներ