20.4 C
Yerevan

Ականջ Տուէ’ք Հայ Զինուո­րին

Յարութ Գալայճեան

Հայ ժողո­վուրդին պարտադրուած Արցա­խեան Սեպտեմբե­րեան պատե­րազմը 3‑րդ գոյոութե­նա­կանն է՝ Աւա­րայրէն ու Սարտա­րա­պա­տէն ետք։ Աւա­րայրով փորձուե­ցաւ մեզմէ խլել մեր հաւատքը, Սարտա­րա­պա­տով՝ մեր պետա­կա­նութիւնը, իսկ Արցա­խով՝ մեր անվտանգութիւնը. այլ խօսքով՝ երեք գոյութե­նա­կան բաղադրիչներ, որոնք կը մարմնաւո­րեն հայ ժողո­վուրդի ապրե­լու իմաստը։

Սեպտեմբեր 27-ին, թրքա­զե­րիա­կան շղթա­յա­զերծուած ու հայ ժողո­վուրդին պարտադրուած պատե­րազմին՝ Հայոց Հերո­սա­կան Բանա­կը 44 օր մարտնչե­ցաւ դիւցազնօ­րէն. բայց անակնկա­լօ­րէն՝ այդ մարտնչումը կասե­ցուե­ցաւ Նոյեմբեր 9‑ին հայ-ռուս-ազե­րի տխրահռչակ փաստա­թուղթով։

Այդ փաստա­թուղթի ստո­րագրման նոյն գիշե­րը Երեւա­նի մէջ հակաիշխա­նա­կան տարրեր խուժե­ցին ԱԺ‑ի գրա­սե­նեակներ եւ ջարդա­րա­րութեամբ ու գողութիւննե­րով բարձրա­ձայնե­ցին իրենց իբրեւ թէ ընդվզումը ամօ­թա­լի փաստա­թուղթին դէմ։

Դեռեւս քիչ մը կանխա­հաս է կատա­րել ռազմա­քա­ղա­քա­կան ամբողջա­կան վերլուծումը Սեպտեմբե­րեան պատե­րազմի գործընթա­ցի եւ վախճա­նի նկատմամբ արդէն իսկ դրսեւո­րուած մեծ հարցա­կաննե­րու մասին։

Բայց կասկած չկայ, որ յառա­ջի­կայ օրե­րուն եւ շաբաթնե­րուն՝ ԱԺ-ով ու Վարչա­պե­տի հաշուետւութեամբ անհրա­ժեշտ լոյսը կը սփռուի պատե­րազմի թղթածրա­րին վրայ։

ՄԻՆՉ ԱՅԴ, ամէն հայրե­նա­սէր հայ ականջ թող տայ ՄԻԱՅՆ Արցա­խեան առաջնագծե­րուն այս օրե­րուն կանգնած ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ անկեղծ խօսքե­րուն ու ակա­նա­տե­սի վկա­յութիւննե­րուն եւ՝ ըստ այնմ որդեգրէ  պատե­րազմի վերջին օրե­րու առեղծուա­ծա­յին փոփո­խութիւննե­րու մասին իր սեփա­կան տեսա­կէ­տը։

Միւս կողմէ, առանց դոյզն կասկա­ծի պէտք է արձա­նագրել, որ հայ ժողո­վուրդը չի կրնար ընդունիլ իրեն անարդա­րօ­րէն պարտադրուած եռա­կողմա­նի փաստա­թուղթի բովանդա­կութիւնը իր ամբողջութեան մէջ. եւ հոս, ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ ահա­գին ընե­լիք ունի։

Եւ կասկած չկայ նաեւ, որ յառա­ջի­կայ ամիսնե­րուն եւ տարի­նե­րուն Հայաստա­նի ու Արցա­խի քաղա­քա­կան դաշտը պիտի ենթարկուի խորա­թա­փանց բիւրե­ղա­ցումնե­րու։

ՄԻՆՉ ԱՅԴ, շարունա­կենք ականջ տալ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ։

Առնչվող Հոդվածներ