16.9 C
Yerevan

«Իմ քայլը» Խմբակցութիւնը Պատասխա­նատւութիւն Պէտք է Ստանձնէ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Պատե­րազմ պարտուած ու հող կորսնցուցած իշխա­նութիւն մը չի կրնար քաղա­քա­կան պատասխա­նատւութե­նէ խուսա­փիլ, որքան ալ արդա­րա­ցուցիչ հանգա­մանքներ փորձէ ի յայտ բերել։

Քաղա­քա­կան պատասխա­նատւութիւն կրե­լը անխուսա­փե­լի է։ Բայց առա­ջին հերթին երկրին մէջ կայունութիւն է պէտք։ Ի գին ամէն ինչի պէտք է խուսա­փիլ փողո­ցա­յին բախումնե­րէն, եւ քննարկումնե­րը, խորհրդակցութիւններն ու բանա­վէ­ճը անհրա­ժեշտ է իրա­կա­նացնել խորհրդա­րա­նին եւ այլ քաղա­քա­կան գրա­սե­նեակնե­րու մէջ։

Կայունութիւնը չափա­զանց կարեւոր է մանաւանդ այս օրե­րուն։ Այս առումով, վայրկեան առաջ խորհրդա­րա­նը պէտք է վերա­դառնայ իր աշխա­տանքնե­րուն։

Յաջորդ քայլը արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւննե­րու կազմա­կերպումն է։ Սա անխուսա­փե­լի է եւ անշրջանցե­լի։

Բայց հիմա, կայունութիւն է հարկաւոր։ Ոչ ցոյցե­րը, ոչ ձերբա­կա­լութիւննե­րը, ոչ ալ ջարդուխուրդը տեղ կը հասցնեն այս օրե­րուն։ Շատ արագ խորհրդա­րա­նը պէտք է վերսկսի իր աշխա­տանքնե­րուն եւ քաղա­քա­կան գործընթացնե­րը պէտք է տեղա­փո­խուին այնտեղ։ Ի վերջոյ, մեր պետութիւնը խորհրդա­րա­նա­կան է եւ Ազգա­յին Ժողովն է այն վայրը, ուր տեղի կ՚ունենան քաղա­քա­կան բանա­վէ­ճե­րը։

«Իմ քայլը» խմբակցութիւնը այս առումով պատասխա­նատւութիւն պէտք է ստանձնէ։ Շատ շտապ։

Իսկ ինչ կը վերա­բե­րի Փաշի­նեա­նի ստո­րագրած փաստա­թուղթին, եկեք զիրար չխա­բենք, այդ փաստա­թուղթին հեղի­նա­կը Մոսկուան է, Անգա­րան ալ անոր համա­խո­հը։ Բոլորս ալ կ՚ուզենք հրա­ժա­րիլ այդ փաստա­թուղթէն, բայց մեզմէ ոչ ոք դեռ չյստա­կա­ցուց, թէ ինչպէս…

Առնչվող Հոդվածներ