20 C
Yerevan

Այո’, Բայց Ոչ՝ Անմի­ջա­պէս…

Յարութ Գալայճեան

Ժողովրդա­վա­րա­կան լայն հասկա­ցո­ղութիւն ունե­ցող երկիրնե­րու մէջ միշտ ալ ակնյայտ եղած է, որ կուսակցութիւն մը կամ կառա­վա­րութիւն մը՝ երբ ծանր պարտութիւն կը կրէ, ինքնա­բե­րա­բար կը դիմէ իր զանգուա­ծին կամ ժողո­վուրդին՝ հաշուետւութիւն տալու եւ հպա­տա­կե­լու  անոր վստա­հութեան համա­պա­տասխան վճի­ռին։

Հայաստա­նը ժողովրդա­վա­րա­կան իր տարե­րա­յին ու համա­տա­րած կռիւը սկսաւ շուրջ երեք տարի առաջ եւ առա­ջին անգամ ըլլա­լով յաջո­ղե­ցաւ որո­շա­կի ու ժողո­վուրդին լաւա­տե­սութիւն ներշնչող արդիւնքնե­րու հասնիլ ( ազատ ու անկա­շառ ընտրութիւններ, դատաի­րաւա­կան բարե­կարգումներ, տնտե­սա­կան մրցակցա­յին մթնո­լորտ, եւայլն…)։Այլ խօսքով, Հայաստա­նի ժողովրդա­յին կռիւը ցարդ չէ հասած իր տրա­մա­բա­նա­կան լրումին։

Արցա­խեան 44 օրե­րու հերո­սա­կան ու սարսա­փե­լիօ­րէն անհաւա­սար պատե­րազմը աւարտե­ցաւ համայն հայ ժողո­վուրդի սիրտն ու հոգին փշրող ամօ­թա­լի Փաստա­թուղթով, որ անպայման պիտի պարտադրէ ՀՀ Կառա­վա­րութիւնը Ժողո­վուրդին հրա­պա­րա­կայնօ­րէն հաշուետւութիւն տալու եւ ենթարկուե­լու անոր անբե­կա­նե­լի պատասխա­նին։

Վերջերս, թէ Վարչա­պե­տը եւ թէ Փոխ-վարչա­պետ Աւի­նեա­նը յստակ ակնարկաութիւններ կատա­րե­ցին ԱԺ‑ի Արտա­հերթ ընտրութիւննե­րու կազմա­կերպման մասին ու ժողո­վուրդի արդար ակնկա­լութիւնն է, որ շուտով յայտա­րա­րուի անոնց կայացման թուա­կա­նը։

Եւ սակայն, այդ թուա­կա­նի յստա­կա­ցումէն առաջ, հրա­տապ առաջնա­հերթութիւն է՝ որ միանգա­մընդմիշտ դադրի գողա­կան արարքնե­րու, փողո­ցա­յին հրահրիչ հայհո­յանքնե­րու եւ ֆիզի­քա­կան գոյութեան սպառնա­լիքնե­րու՝ ժողովրդա­յին շարքե­րը պառակտող երեւոյթնե­րը։

Ցաւ ի սիրտ, ոմանք արդէն մոռցած են որ այս դժնդակ օրե­րուն՝ Արցա­խի ժողո­վուրդը կ՚ապրի իր ամե­նա­դա­ժան ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծը եւ անոր ընկե­րա­հո­գե­բա­նա­կան վիճա­կը բարե­լաւե­լու համար հսկա­յա­ծաւալ աշխա­տանքնե­րու անհրա­ժեշտութիւնը անյե­տաձգե­լի հրա­մա­յա­կան է։

Կայ նայեւ՝ Փաստա­թուղթի առնչութեամբ բանակցա­յին ծանրակշիռ յարա­բե­րութիւններ մշա­կե­լու նոյնքան հրա­տապ հարցը, զոր պիտի ղեկա­վա­րէ կա’մ ներկայ կառա­վա­րութիւնը եւ կամ՝ Հայաստա­նի Նախա­գա­հի վերահսկո­ղութեամբ փորձա­գետնե­րէ եւ անկուսակցա­կաննե­րէ բաղկա­ցած փոխանցման շրջա­նի կառա­վա­րութիւն մը։

Վերո­յի­շեալ կամ այլ լուծումներ որո­նե­լու վերջնա­կան եզրա­կա­ցութիւներ բանա­ձեւե­լու աշխա­տանքին զուգա­հեռ եւ առաջնա­հերթա­բար՝ կենսա­կան է ստեղծել ժողովրդա­վա­րա­կան մթնո­լորտը, ուր կարե­լի պիտի դառնայ սահմա­նադրա­կան ճամբով հանգուցա­լուծել  ժողո­վուրդի վստա­հութեան արժա­նա­նա­լու ուղին։

Պէտք չէ մոռնալ, որ քաղա­քա­կան ուժի խաղաղ փոխանցումը ժողովրդա­վա­րութիւն է։

Առնչվող Հոդվածներ