24.7 C
Yerevan

Սպի­տա­կի Երկրա­շարժին Սպիա­ցող Վէրքե­րը, Անմո­ռա­նա­լի Դասե­րը եւ Չմա­րող… Կսկիծ

Յուշա­տետր 7 Դեկտեմբեր 1988. ժամը 11:41

Ն. Պէրպէ­րեան

Աւե­լի քան երեք տասնա­մեակ անցած է արդէն 7 Դեկտեմբեր 1988ի այն չարա­ղէտ օրէն ասդին, երբ ահաւոր երկրա­շարժը քարուքանդ աւե­րեց Հայաստա­նի հիւսի­սա­յին շրջաննե­րը, տասնեակ հազարնե­րով հայ մարդոց, յատկա­պէս մանկա­հա­սակնե­րու կեանք խլեց եւ, Հայաստա­նի հետ, ցնցեց ամբողջ աշխարհը։

Դեկտեմբեր 7ի օրը, 32 տարի առաջ, Երեւա­նէն մինչեւ աշխարհի ամէ­նէն հեռաւոր ափե­րը, հաւա­սա­րա­պէս հայ թէ օտար մարդիկ զարհուրանքով հետեւե­ցան Սպի­տա­կէն սկսած եւ ամբողջ Շիրա­կի բարե­բեր դաշտը մեծ գերեզմա­նո­ցի մը վերա­ծած երկրա­շարժի ցնցիչ լուսանկարներուն։Անխտիր ամէնքն ալ ոչ միայն համա­կուե­ցան մարդկա­յին եւ նիւթա­կան ծանրա­գոյն կորուստնե­րուն պատճա­ռած խոր ցաւով, այլեւ զարհուրանքով հաստա­տե­ցին, թէ բնութեան դէմ որքա՜ն անզօր են տակաւին մարդ էակն ու մարդկա­յին քաղա­քակրթութիւնը… գիտա­կան, այլեւ արհեստա­գի­տա­կան իրենց բոլոր նորա­գոյն յայտնա­գործումնե­րով եւ նուա­ճումնե­րով հանդերձ։

1988ի այդ օրը, ճիշդ ժամը 11:41ին, տակաւին խորհրդա­յին կարգե­րու տակ ապրող Հայաստա­նի մէջ, ընդհանրա­պէս Գիւմրին եւ մասնաւո­րա­պէս Սպի­տա­կը բառա­ցիօ­րէն փուլ եկան եւ իրենց փլա­տակնե­րուն տակ թաղե­ցին սերունդնե­րու կենսա­գործութեան մարմնա­կան, նիւթե­ղէն թէ հոգեմտաւոր քաղա­քակրթա­կան հարուստ արգա­սի­քը։

Կործա­նա­րար երկրա­շարժը խլեց աւե­լի քան 35.000 զոհեր, իր ետին ձգեց 130.000 տարբեր աստի­ճա­նի վիրաւորներ, իսկ 500.000 հոգի դատա­պարտեց — այս կամ այն չափով — անտուն ու անօ­թեւան կեանքի…Մասնագիտական գնա­հա­տումով եւ նորօ­րեայ հաշուարկնե­րով՝ Սպի­տա­կի երկրա­շարժը աւե­լի քան 3.000.000.000 եւրո­յի վնաս պատճա­ռեց։

Այսօր մեծա­գոյն մասով վերա­կանգնած է Աղէ­տի Գօտին։ Աւե­րուած Սպի­տա­կի անմի­ջա­կան մերձա­կայքը կառուցուած է նոր Սպի­տակ։ Գիւմրին կարեւոր չափով դարմա­նած է իր վէրքե­րը, նոյնպէս եւ՝ Վանա­ձորն ու աղէ­տա­հար միւս աւաննե­րը։

Թէեւ դեռ չէ անցած կսկի­ծը հարիւր հազա­րաւորնե­րու, որոնք երկրա­շարժէն 32 տարի ետք ալ տակաւին կը սգան իրենց հարա­զատնե­րուն անդարձ կորուստը:

Թէեւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողո­վուրդը մէկ մարդու պէս ամէն տարի այս օրը կ՚ոգեկոչէ տարե­լի­ցը 1988ի աղի­տա­լի երկրաշարժին՝Բայց արդէն սպիա­ցած են վէրքե­րը, որքան ալ ցաւն ու վիշտը տակաւին զգացնեն իրենց անդարմա­նե­լիութիւնը։

Անմո­ռա­նա­լի կը մնան նաեւ երկրա­շարժի աղէ­տին փոխանցած դասե­րը ոչ միայն Հայաստա­նին ու հայ ժողո­վուրդին, այլեւ՝ ողջ աշխարհի քաղա­քա­կիրթ մարդկութեան համար։

Սպի­տա­կի աղէ­տը առա­ջա­ցուց միջազգա­յին սրտակցութեան եւ զօրակցութեան այնպի­սի՜ մեծ ու աննա­խա­դէպ ալիք մը, որուն ներշնչումով՝ մինչեւ այսօր Հայաստանն ու Սպի­տա­կը, ողջ մարդկութեան աչքին, կը շարունա­կեն խորհրդանշել բնութեան տարերքին ու հարուածնե­րուն դէմ միասնա­կա­նութեամբ կուրծք ցցե­լու, իրար օգնութեան հասնե­լու եւ վերա­շի­նութեան աշխա­տանքին բոլոր ուժե­րով լծուե­լու մարդկա­յին համե­րաշխութեան ու զօրակցութեան ոգին։Երկրաշարժի աղէ­տին խլած զոհե­րուն եւ պատճա­ռած կորուստնե­րուն տարո­ղութիւնը անհա­մե­մա­տօ­րէն աւե­լի ահաւոր եղաւ, քան բնութեան ցնցումին ու հարուա­ծին ուժգնութիւնը պէտք է ունե­նար։

Աննա­խընթաց տարո­ղութեամբ բարձր աստի­ճա­նի երկրա­շարժը, վստա­հա­բար, այսքա՜ն ծանր հետեւանքներ պիտի չունե­նար, եթէ իրենց կառուցման ժամա­նակ բնա­կութեան ու աշխա­տանքա­յին շէնքե­րը երկրա­շարժի դիմա­նա­լու կազմա­կա­ռուցա­յին ընդունա­կութեամբ օժտուած ըլլա­յին։

Սպի­տա­կի երկրա­շարժէն 32 տարի ետք մասնա­գէտնե­րը արդէն դառնութեամբ եւ ընդվզումով կը հաստա­տեն, որ 1988ի կորուստնե­րուն 80 տոկո­սը հետեւանք էր շինա­րա­րա­կան խղճմտութեան… պակասին։Իսկ հայ մարդուն խորա­գոյն ցաւը, երկրա­շարժէն աւե­լի քան երեք տասնա­մեակ ետք, կը շարունա­կէ մնալ ճնշող դառնութիւնը այն իրա­կա­նութեան, որ ինչպէս խորհրդա­յին՝ օտա­րո­տի բռնա­տի­րութեան տարի­նե­րուն, նաեւ մեր օրե­րուն, ազատ ու անկախ Հայաստա­նի մէջ, տակաւին կը տիրեն մեր ժողո­վուրդի արա­րած արժէքնե­րուն եւ հանրա­յին հարստութեանց հետ իբրեւ սեփա­կան ագա­րա­կի վարուե­լու իշխա­նութեան եւ ստուե­րա­յին ուժի տէր մարդոց աննե­րե­լի մօտե­ցումնե­րը։

Այս բոլո­րով հանդերձ՝ Սպի­տա­կի երկրա­շարժին անմո­ռա­նա­լի դասե­րու շարքին կարեւո­րա­գոյնը, անկասկա՛ծ, հայ ժողո­վուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը եղաւ։ Ոչ միայն զոհե­րուն եւ կորուստնե­րուն պատճա­ռած կսկի­ծը, այլեւ՝ մէկ մարդու պէս Աղէ­տի Գօտիին օգնութեան հասնե­լու համազգա­յին զօրա­շարժը, միջազգա­յին զօրակցութեան ընդհա­նուր շղթա­յա­զերծման հունով, քանի մը օրուան մէջ իրա­կա­նութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան բեկորնե­րուն միջեւ հոգե­կան եւ ֆիզի­քա­կան կամրջումը։

Աղէ­տէն ամիսներ առաջ, Արցա­խեան Շարժման պոռթկումին հետ, հայաշխարհը ի մի բերած պահանջա­տի­րա­կան միասնութիւնը բառա­ցիօ­րէն կրցաւ, Աղէ­տի Գօտիին օգնութեան հասնե­լու իր զօրա­շարժով, ջնջել իր յաղթարշաւը արգե­լա­կող աշխարհա­քա­ղա­քա­կան թէ գաղա­փա­րա­բա­նա­կան սահմա­նագծումներն ու սահմա­նա­փա­կումնե­րը։

Իր խորա­գոյն կսկի­ծին մէջ անգամ, 1988ի դեկտեմբե­րեան այդ օրե­րուն, հայ ժողո­վուրդը Ղարա­բա­ղի ՄԻԱՑՈՒՄ պահանջեց եւ համազգա­յին վճռա­կա­նութեամբ բռունցք բարձրա­ցուց։

Վերանկա­խա­ցեալ Հայաստա­նը պատմա­կան տարո­ղութեամբ բախտո­րոշ ամբողջ ճամբայ մը հարթած ու կտրած է Սպի­տա­կի երկրա­շարժէն ասդին։ Հայաստան իր արժա­նի տեղը տակաւ կը գրաւէ ազատ ու անկախ ժողո­վուրդնե­րու մեծ ընտա­նի­քին մէջ՝ յաղթա­հա­րե­լով իրեն պարտադրուող ամէն կարգի արտա­քին, թշնամակա՛ն բոլոր սեղմումներն ու ազգա­յին իր յաղթարշաւը արգե­լա­կող փորձող խոչընդոտնե­րը։

Միա­ժա­մա­նակ, սակայն, ամէն տարի, Դեկտեմբեր 7ի այս օրը, աշխարհով մէկ տարա­ծուած ողջ հայութիւնը, անդարմա­նե­լի կորուստի կսկծանքով իր հայեացքը կը կեդրո­նացնէ Սպի­տա­կի երկրա­շարժին տակաւ սպիա­ցող վէրքե­րուն, այլեւ դեռ կոտտա­ցող ազգա­յին ցաւե­րուն վրայ։

Եւ բնութեան ամէ­նէն ահաւոր աղէտնե­րէն եւ թշնա­մա­կան մահա­ցու հարուածնե­րէն անգամ յառնե­լու մեր ժողո­վուրդի ազգա­յին անսպառ կենսունա­կութեամբ՝ հայ մարդը այսօր աշխարհի չորս ծագե­րուն մոմ մը կը վառէ ոչ միայն Սպի­տա­կի երկրա­շարժի անխտիր բոլոր զոհե­րու յիշա­տա­կին, այլեւ անոնց հոգի­նե­րու անդորրութեան ընդմէ­ջէն՝ վերապրող հայութեան ուղին լուսաւո­րե­լու առա­ջադրանքով։

Առնչվող Հոդվածներ