ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ մէկ միլիոն ամ․ տոլարիչէք յանձնեց ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆԻՆ

«Միայն Դաշնակցութիւնը կրնայ այս գումարով զէնք հասցնել ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղող ԱՐՑԱԽին»

Ն․ Պէրպէրեան

Հ․Բ․Ը․Մ․ի մեծանուն ազգային բարերար, հայկական ամէնէն հարուստ բարեգործական միութեան ատենի ցկեանս նախագահ եւ 1994ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Հերոսի շքանշանակիր ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆին անձամբ չեմ հանդիպած կամ ճանչցած։

Բայց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծավաստակ ներկայացուցիչին՝ ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի կապուած յուշերուս մէջ, խորհրդանշական ուսանելի կարեւորութեամբ, կ՚առանձնանայ յիշարժան ՊԱՏՄԱԿԱՆ դրուագ մը այլապէս իրարու հետ ընհանուր եզրեր չունեցող հայ ժողովուրդի ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ այս երկու զաւակներուն միջեւ նուիրագործուած անմոռանալի գործակցութեան վերաբերեալ։

Մօտաւորապէս 1989ին – եթէ չեմ սխալիր տարեթիւը, այսպէս կոչուած Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՈՅԻ Աթէնքի Գրասենեակի փայլուն տարիներուն, ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՅՐը ամէնօրեայ իր հանդիպում-զրոյցներէն մէկը կ՚ունենար իմ եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ատենի գործավար ԱՐԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի հետ։ Այդ օրուան հանդիպման նիւթը մեծ անակնկալ մըն էր երկուքիս համար։ Ընկեր Մարուխեան անձնական յատուկ հրաւէր ստացած էր Հ․Բ․Ը․Մ․ի ծերունազարդ պատուոյ նախագահէն՝ Տիթրոյթ այցելու եւ այս վերջինի կեդրոնական գրասենեակին մէջ խորհրդապահական ՅՈՅԺ ԿԱՐԵՒՈՐ հանդիպում մը ունենալու․․․

Չեմ գիտեր՝ եթէ ընկեր Հրայր պատմական նշանակութեամբ այդ հանդիպման մասին անձնական գրառում կատարած է կամ յուշագրական արձանագրութիւն ձգած է տեղ մը։ Բայց օրին, երբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ընկեր ներկայացուցիչը վերադարձաւ Աթէնք, ՀՊԱՐՏ ԺՊԻՏՈՎ մը փոխանցեց, թէ իր անձին ընդմէջէն Դաշնակցութիւնը յաղթական հերոսի ընդունելութեան արժանացած էր Հ․Բ․Ը․Մ․ի ղեկավարին կողմէ։

Այո՛, Ալեք Մանուկեան պատուած էր Հրայր Մարուխեանը՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչին յանձնելով մէկ միլիոն ամ․ տոլարի չէք մը, իբրեւ իր ԿԱՐՄԻՐ ԺԱՄՈՒՑը ի խնդիր համաթրքական ոհմակներու եւ ՕՄՕՆականներու բռնութեանց տակ խեղդամահ եղող եւ հայաթափման օրհասին մատնուած Արցախի զինումին ու ինքնապաշտպանութեան ներուժի հզօրացման։

Եւ ինչպէ՜ս չհպարտանար այդ օրերու Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ի լուր Հ․Բ․Ը․Մ․ի ցկեանս նախագահի այն պատմական գնահատանքին, թէ՝ «Միայն Դաշնակցութիւնը կրնայ այս գումարով զէնք հասցնել ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղող ԱՐՑԱԽին»․․․

Այո՛, հիմնովին տարբեր ժամանակներ էին Արցախեան Շարժման առաջին տարիները եւ Ազգի ու Հայրենիքի ծանր հոգը ապրող հայ մարդը, գաղափարական կամ կուսակցական ի՛նչ կողմնորոշումի տէր ալ ըլլար, իր աչքով տեսած էր ու մորթին վրայ զգացած էր, թէ Դաշնակցութիւնը մարտունակ հայութեան համախմբող ուժը ըլլալու իր արժանաւորութիւնը ամրագրած էր 1970ականներու կէսերէն սկսեալ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ոտքի հանած ՄԵՐ ՏՂՈՑ կազմակերպ շարքերով, այլեւ Հայ Դատի Ուժական Պայքարը յառաջ մղած արդարադատ մարտիկներով։

Ալեք Մանուկեանն ու Հրայր Մարուխեանը ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ՄԻԵՒՆՈՅՆ ԽՐԱՄԻՆ մէջ կողք-կողքի բերող այդ ժամանակներու ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴին մէջ պէտք է փնտռել եւ գտնել գրաւականն ու անփոխարինելի կռուանը Հայաստանի ու Հայութեան այսօրուան ներքին լարուածութեանց, հակադրութեանց ու պառակտումներու յաղթահարումին։

Արցախեան Պահանջատիրութեան դրօշին տակ համախմբուած Հայ Քաղաքական Միտքը այդ տարիներուն կրցած էր վեր կանգնիլ ամէն կարգի ինքնասիրութեան, նախամեծարութեան կամ իշխանատենչութեան աթոռակռիւներէ․․․

Արցախը զինելու եւ համաթրքական ոսոխին դէմ ինքնապաշտպանութեան մեր կռիւը հզօրացնելու մեծ գործին մէջ մէկ ու միասնական՝ լրացուցիչ ներգործութեան կոչուած էին Հ․Յ․Դ․ն եւ Հ․Բ․Ը․Մ․ը, յանուն մեր ժողովուրդի մարտական, տնտեսական եւ քաղաքական ողջ հզօրանքի կուտակումին, նպատակասլաց արդիւնաւորումին՝

Ինչպէս երեսնամեակ մը առաջ, նաեւ այսօր ու վաղը,

Մինչեւ նուաճումը Հայաշխարհի ամբողջական Հողահաւաքին ու Հայահաւաքին։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *