14.7 C
Yerevan

ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ մէկ միլիոն ամ․ տոլա­րի­չէք յանձնեց ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆԻՆ

«Միայն Դաշնակցութիւնը կրնայ այս գումա­րով զէնք հասցնել ինքնա­պաշտպա­նութեան կռիւ մղող ԱՐՑԱ­Խին»

Ն․ Պէրպէ­րեան

Հ․Բ․Ը․Մ․ի մեծա­նուն ազգա­յին բարե­րար, հայկա­կան ամէ­նէն հարուստ բարե­գործա­կան միութեան ատե­նի ցկեանս նախա­գահ եւ 1994ին Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան Ազգա­յին Հերո­սի շքանշա­նա­կիր ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆին անձամբ չեմ հանդի­պած կամ ճանչցած։

Բայց Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան մեծա­վաստակ ներկա­յա­ցուցի­չին՝ ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի կապուած յուշե­րուս մէջ, խորհրդանշա­կան ուսա­նե­լի կարեւո­րութեամբ, կ՚առանձնանայ յիշարժան ՊԱՏՄԱԿԱՆ դրուագ մը այլա­պէս իրա­րու հետ ընհա­նուր եզրեր չունե­ցող հայ ժողո­վուրդի ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ այս երկու զաւակնե­րուն միջեւ նուի­րա­գործուած անմո­ռա­նա­լի գործակցութեան վերա­բե­րեալ։

Մօտաւո­րա­պէս 1989ին — եթէ չեմ սխա­լիր տարե­թիւը, այսպէս կոչուած Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՈՅԻ Աթէնքի Գրա­սե­նեա­կի փայլուն տարի­նե­րուն, ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՅՐը ամէ­նօ­րեայ իր հանդի­պում-զրոյցնե­րէն մէկը կ՚ունենար իմ եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի ատե­նի գործա­վար ԱՐԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի հետ։ Այդ օրուան հանդիպման նիւթը մեծ անակնկալ մըն էր երկուքիս համար։ Ընկեր Մարուխեան անձնա­կան յատուկ հրաւէր ստա­ցած էր Հ․Բ․Ը․Մ․ի ծերունա­զարդ պատուոյ նախա­գա­հէն՝ Տիթրոյթ այցե­լու եւ այս վերջի­նի կեդրո­նա­կան գրա­սե­նեա­կին մէջ խորհրդա­պա­հա­կան ՅՈՅԺ ԿԱՐԵՒՈՐ հանդի­պում մը ունե­նա­լու․․․

Չեմ գիտեր՝ եթէ ընկեր Հրայր պատմա­կան նշա­նա­կութեամբ այդ հանդիպման մասին անձնա­կան գրա­ռում կատա­րած է կամ յուշագրա­կան արձա­նագրութիւն ձգած է տեղ մը։ Բայց օրին, երբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի ընկեր ներկա­յա­ցուցի­չը վերա­դարձաւ Աթէնք, ՀՊԱՐՏ ԺՊԻՏՈՎ մը փոխանցեց, թէ իր անձին ընդմէ­ջէն Դաշնակցութիւնը յաղթա­կան հերո­սի ընդունե­լութեան արժա­նա­ցած էր Հ․Բ․Ը․Մ․ի ղեկա­վա­րին կողմէ։

Այո՛, Ալեք Մանուկեան պատուած էր Հրայր Մարուխեա­նը՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չին յանձնե­լով մէկ միլիոն ամ․ տոլա­րի չէք մը, իբրեւ իր ԿԱՐՄԻՐ ԺԱՄՈՒՑը ի խնդիր համաթրքա­կան ոհմակնե­րու եւ ՕՄՕՆականնե­րու բռնութեանց տակ խեղդա­մահ եղող եւ հայա­թափման օրհա­սին մատնուած Արցա­խի զինումին ու ինքնա­պաշտպա­նութեան ներուժի հզօ­րացման։

Եւ ինչպէ՜ս չհպարտա­նար այդ օրե­րու Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չը ի լուր Հ․Բ․Ը․Մ․ի ցկեանս նախա­գա­հի այն պատմա­կան գնա­հա­տանքին, թէ՝ «Միայն Դաշնակցութիւնը կրնայ այս գումա­րով զէնք հասցնել ինքնա­պաշտպա­նութեան կռիւ մղող ԱՐՑԱԽին»․․․

Այո՛, հիմնո­վին տարբեր ժամա­նակներ էին Արցա­խեան Շարժման առա­ջին տարի­նե­րը եւ Ազգի ու Հայրե­նի­քի ծանր հոգը ապրող հայ մարդը, գաղա­փա­րա­կան կամ կուսակցա­կան ի՛նչ կողմնո­րո­շումի տէր ալ ըլլար, իր աչքով տեսած էր ու մորթին վրայ զգա­ցած էր, թէ Դաշնակցութիւնը մարտունակ հայութեան համախմբող ուժը ըլլա­լու իր արժա­նաւո­րութիւնը ամրագրած էր 1970ականներու կէսե­րէն սկսեալ՝ Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմին ոտքի հանած ՄԵՐ ՏՂՈՑ կազմա­կերպ շարքե­րով, այլեւ Հայ Դատի Ուժա­կան Պայքա­րը յառաջ մղած արդա­րա­դատ մարտիկնե­րով։

Ալեք Մանուկեանն ու Հրայր Մարուխեա­նը ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ պայքա­րի ՄԻԵՒՆՈՅՆ ԽՐԱՄԻՆ մէջ կողք-կողքի բերող այդ ժամա­նակնե­րու ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴին մէջ պէտք է փնտռել եւ գտնել գրաւա­կանն ու անփո­խա­րի­նե­լի կռուա­նը Հայաստա­նի ու Հայութեան այսօ­րուան ներքին լարուա­ծութեանց, հակադրութեանց ու պառակտումնե­րու յաղթա­հա­րումին։

Արցա­խեան Պահանջա­տի­րութեան դրօ­շին տակ համախմբուած Հայ Քաղա­քա­կան Միտքը այդ տարի­նե­րուն կրցած էր վեր կանգնիլ ամէն կարգի ինքնա­սի­րութեան, նախա­մե­ծա­րութեան կամ իշխա­նա­տենչութեան աթո­ռակռիւնե­րէ․․․

Արցա­խը զինե­լու եւ համաթրքա­կան ոսո­խին դէմ ինքնա­պաշտպա­նութեան մեր կռիւը հզօ­րացնե­լու մեծ գործին մէջ մէկ ու միասնա­կան՝ լրա­ցուցիչ ներգործութեան կոչուած էին Հ․Յ․Դ․ն եւ Հ․Բ․Ը․Մ․ը, յանուն մեր ժողո­վուրդի մարտա­կան, տնտե­սա­կան եւ քաղա­քա­կան ողջ հզօ­րանքի կուտա­կումին, նպա­տա­կասլաց արդիւնաւո­րումին՝

Ինչպէս երեսնա­մեակ մը առաջ, նաեւ այսօր ու վաղը,

Մինչեւ նուա­ճումը Հայաշխարհի ամբողջա­կան Հողա­հաւա­քին ու Հայա­հաւա­քին։

Առնչվող Հոդվածներ