24.7 C
Yerevan

Անկա­խութեան Հանրա­քուէն Նուի­րա­գործեց Արցա­խի Ազա­տագրումը

Յուշա­տետր 10 Դեկտեմբեր 1991

Ն. Պէրպէ­րեան

Դեկտեմբեր 10 ին, 29 տարի առաջ, Արցա­խի հայութեան հետ ամբողջ մեր ժողո­վուրդը պատմութեան կտա­կեց — իբրեւ ազգա­յին-քաղա­քա­կան անկորնչե­լի աւանդ — Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի Հանրա­պե­տութեան Անկա­խութեան հանրա­քուէն։

Հայկա­կան երկրորդ հանրա­պե­տութեան ճակա­տա­գի­րը վճռուե­ցաւ 1991ի Դեկտեմբեր 10ի օրը, երբ Արցա­խի հայութիւնը միա­հա­մուռ շարքե­րով դիմեց քուէա­տուփ, որպէսզի միասնա­կան իր ձայնով «Այո՛» պատասխա­նէ Անկա­խութեան հանրա­քուէին։

Այդ օրե­րուն Խորհրդա­յին Միութիւնը դեռ չէր լուծա­րուած պաշտօ­նա­պէս։ Իսկ խորհրդա­յին գործող սահմա­նադրութեամբ ու օրէնքնե­րով, համա­ժո­ղովրդա­կան քուէարկութեամբ կատա­րուած հանրա­քուէն իրաւա­կան միակ երաշխիքն էր հաւա­քա­կան կամքի ազատ արտա­յայտութեան։

Եւ Արցա­խի հայութիւնը, ընտրե­լով ազգա­յին ինքնո­րոշման իր իրաւունքը նուա­ճե­լու իրաւա­կան ուղին, օտա­րերկրեայ դիտորդնե­րու ներկա­յութեան իրա­գործեց աննա­խընթաց հանրա­քուէ մը։

Քուէարկութեան մասնակցե­ցաւ բնակչութեան 82,2 տոկո­սը, որուն 99,9% տոկո­սը կողմ քուէարկեց Անկա­խութեան՝ վճռե­լով Ատրպէյճա­նի կազմէն դուրս գալ, համա­ձայն 1990-04-03 թուա­կիր խորհրդա­յին օրէնքին, որ այդ ժամա­նակ ուժի մէջ էր եւ միջազգա­յին ճանա­չում ունէր:Անկախութեան հանրա­քուէին արդիւնքով՝ Արցա­խը 1992ի Յունուար 6ին Լ.Ղ. Հանրա­պե­տութեան Գերա­գոյն Խորհուրդին կողմէ հռչա­կուե­ցաւ անկախ պետութիւն:

Ծանր եւ արիւնոտ ճանա­պարհ կտրե­լով, այլեւ գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան գնով էր, որ Արցախն ու ողջ հայութիւնը նուա­ճե­ցին Անկա­խութեան հանրա­քուէն։

1988ի Փետրուա­րին թափ առած Արցա­խեան պահանջա­տի­րութիւնը, հակա­ռակ առա­ջին իսկ քայլե­րէն իրաւա­կան ուղիով յառա­ջա­նա­լու իր նախանձախնդրութեան եւ հաստա­տա­կա­մութեան, շարունակ հարուա­ծի եւ ծանրա­գոյն բռնաճնշումի տակ առնուե­ցաւ ատրպէյճա­նա­կան համաթրքա­կան իշխա­նութեանց կողմէ։

Արցա­խի հայութեան խաղաղ բողո­քի հաւաքնե­րուն՝ Ատրպէյճան պատասխա­նեց անօ­րի­նակ վայրա­գութիւննե­րով։

Մայր Հայաստա­նին վերա­միա­նա­լու Արցա­խի իրաւա­կան՝ քաղա­քա­կան պահանջնե­րուն Ատրպէյճան պատասխա­նեց հայոց շղթա­յա­զերծած Արդա­րութեան եւ Իրաւունքի շարժումը արեան մէջ խեղդե­լու բարբա­րո­սութեամբ։

Բայց որքան ալ խոր վէրքեր բացաւ թշնա­միին հարուա­ծը եւ որքան ալ համա­տա­րած բնոյթ ստա­ցան մեր ժողո­վուրդին ընդվզումն ու ցասումը, Արցա­խը դարձեալ եւ միշտ կառչած մնաց պահանջա­տի­րա­կան իր պայքա­րը խորհրդա­յին գործող Օրէնքնե­րուն եւ միջազգա­յին Իրաւունքին սահմա­նած շրջա­գի­ծին մէջ պահե­լու ռազմա­վա­րութեան։

Արցա­խը բնա­կա­նա­բար նաեւ զէնք բարձրա­ցուց իր պահանջա­տի­րա­կան ձայնը արեան մէջ խեղդե­լու ատրպէյճա­նա­կան հայասպան բռնա­կա­լութեան դէմ։ Բայց Արցա­խի հայութեան բարձրա­ցուցած զէնքը ոչ մէկ պարա­գա­յի անդին անցաւ ինքնա­պաշտպա­նութեան օրի­նա­կան եւ իրաւա­կան սահմա­նէն։ Արցա­խեան պահանջա­տի­րութիւնը հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն պահպա­նեց Օրէնքի եւ Իրաւունքի հունով յառա­ջա­նա­լու իր ողջմտութիւնը։

Իր կրած ծանրա­գոյն կորուստնե­րու ճնշման տակ, պարզա­պէս թա՛փ առաւ եւ ներքնա­պէս կազմա­կերպուե­ցաւ արցա­խա­հա­յութեան ինքնա­պաշտպա­նութիւնը ամրապնդող ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րը։

Ատրպէյճա­նի գործադրած հակա­հայ կոտո­րածնե­րը ոչ միայն կռա­նե­ցին արցա­խա­հա­յութեան պայքա­րունա­կութիւնը, այլեւ ընդհա­նուր զօրակցութեան ալիք բարձրա­ցուցին աշխարհով մէկ՝ ի նպաստ Արցա­խի հայութեան արդա­րա­գոյն դատին։

Աւե­լի քան երկու տարուան ատրպէյճա­նա­կան եւ խորհրդա­յին ճնշումնե­րէ ու հալա­ծանքնե­րէ ետք, 1990ի Ապրիլ 3ին ընդունուե­ցաւ Խ.Ս.Հ.Մ. այն օրէնքը, որուն համա­ձայն՝ այսպէս կոչուած «ինքնա­վար միա­վորներ» ունե­ցող «միութե­նա­կան հանրա­պե­տութիւն» մը, Խորհրդա­յին Միութե­նէն դուրս գալու իրաւունք ունե­նա­լու համար, պարտաւոր էր հանրա­քուէ կազմա­կերպել իր կազմին մէջ գտնուող միաւորնե­րէն իւրա­քանչիւրին մէջ՝ առանձին-առանձին:

Այդ օրէնքին վրայ հիմնուե­լով եւ տեսնե­լով, որ առանց Լ.Ղ.Ի.Մ.ի հայութեան կամքն ու ձայնը նկա­տի ունե­նա­լու՝ Ատրպէյճան դուրս կու գար Խորհրդա­յին Միութեան կազմէն, Արցա­խը որո­շեց տէր կանգնիլ Օրէնքով ճշդուած իր իրաւունքին։

Ատրպէյճան 1991ի Հոկտեմբե­րին դուրս եկաւ Խ.Ս.Հ.Մ. կազմէն: Ատրպէյճա­նի այդ քայլին պատասխա­նե­լով էր, ահա, որ 1991ի Դեկտեմբեր 10ին‘ Մարդկա­յին Իրաւանց Պաշտպա­նութեան Միջազգա­յին Օրը, Արցա­խի մէջ կայա­ցաւ Անկա­խութեան հանրաքուէն։Եւ այդպէ՛ս Արցա­խի հայութիւնը միա­ձայնութեամբ վճռեց իր վրա­յէն մէկանգա­մընդմիշտ թօթա­փել ատրպէյճա­նա­կան լուծը։

Անկա­խութեան հանրա­քուէին հետեւե­ցաւ մօտ 40 հոգի­նոց օտա­րերկրեայ պատգա­մաւո­րա­կան ու դիտորդա­կան խումբ մը, որուն մաս կը կազմէին Խ.Ս.Հ.Մ. Գերա­գոյն Խորհուրդի ներկա­յա­ցուցիչներ, Միութե­նա­կան Հանրա­պե­տութիւննե­րու լիա­զօր ներկա­յա­ցուցիչներ, արտա­սահմա­նեան երկիրնե­րու եւ միջազգա­յին տարբեր կառոյցնե­րու ներկա­յա­ցուցիչներ:

Հանրա­քուէին արձա­նագրած ժողովրդա­կան մասնակցութեան աշխուժութիւնը խորա­պէս տպաւո­րեց դիտորդնե­րը: Հանրա­քուէին օրը Լ.Ղ.Հ. ողջ տարածքը, յատկա­պէս մայրա­քա­ղաք Ստե­փա­նա­կերտը ենթարկուե­ցաւ հրթի­ռա-հրե­տա­կո­ծութեան՝ խլե­լով 10 զոհ: Սակայն այդ բոլո­րը չկրցան խոչընդո­տել Արցա­խի հայութեան ազատ կամքին միասնա­կան արտա­յայտութիւնը։ Հանրա­քուէին մասնակցե­լու իրաւունք ունէին 132.328 ընտրողներ, որոնց 108.736ը մասնակցե­ցան (այսինքն՝ ընտրա­կան իրաւունք ունե­ցողնե­րու 82,2 տոկո­սը): Հանրա­քուէին չմասնակցե­ցան Լ.Ղ.Հ. տարածքին վրայ բնա­կող ու ընտրա­կան իրաւունք ունե­ցող ատրպէյճանցի­նե­րը‘ 22.747 հոգի։

Հանրա­քուէի դրուած հարցը մէկն ու միակն էր.- «Համաձա՞յն էք արդեօք, որ հռչա­կուած Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի Հանրա­պե­տութիւնը լինի այլ պետութիւննե­րի եւ հանրութիւննե­րի հետ իր յարա­բե­րութիւննե­րը ինքնուրոյն որո­շող անկախ պետութիւն»:

Հանրա­քուէի մասնա­կիցնե­րուն բացարձակ մեծա­մասնութիւնը, շուրջ 99,9 տոկո­սը (108.615 մասնա­կից) հարցադրումին յստակ ու կտրուկ «Այո՛» պատասխա­նեց. 24 մասնա­կից պատասխա­նեց՝ «Ո՛չ», իսկ 95 քուէա­թերթիկ անվաւեր ճանչցուե­ցան։

10 Դեկտեմբեր 1991ի հանրա­քուէին տրուած միա­հա­մուռ այդ «Այո՛»ն հանդի­սա­ցաւ օրի­նա­կան եւ իրաւա­կան գերա­գոյն արտա­յայտութիւնը Արցա­խի հայութեան ինքնավստա­հութեան եւ վճռա­կա­նութեան, որոնք մինչեւ մեր օրե­րը թափ կու տան Արցա­խի իրո­ղա­կան ազա­տագրումը միջազգա­յին իրաւա­կան ճանա­չումով պսա­կե­լու համազգա­յին մեր պայքա­րին։

Արցա­խի հայոց անկախ պետա­կա­նութիւնը այնուհե­տեւ ամրագրուե­ցաւ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի Հանրա­պե­տութեան մայր օրէնքով‘ սահմա­նադրութեամբ, որ ընդունուե­ցաւ Դեկտեմբեր 10ին, 2006 թուին, դարձեալ հանրա­քուէով‘ համա­ժո­ղովրդա­յին քուէարկութեան միջոցով:Արցախի Սահմա­նադրութիւնը ունի 12 գլուխ, որուն առա­ջին յօդուա­ծը վճռա­հա­տած է‘

«Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի Հանրա­պե­տութիւնը ինքնիշխան, ժողովրդա­վա­րա­կան, իրաւա­կան, սոցիա­լա­կան պետութիւն է»:Այսպէ՛ս, իրաւա­կա­նօ­րէն եւս, նուի­րա­գործուե­ցաւ 10 Դեկտեմբեր 1991ի Անկա­խութեան հանրա­քուէով հաստա­տագրուած Արցա­խի իրո­ղա­կան ազա­տագրումը։

Առնչվող Հոդվածներ