16.9 C
Yerevan

Արտա­հերթ Ընտրութիւններ

Րաֆֆի Դուդակլեան

Նիկոլ Փաշի­նեան հրա­ժա­րա­կան պէտք է տայ եւ կարճ ժամա­նակ յետոյ, ըստ Հայաստա­նի Սահմա­նադրութեան պահանջնե­րուն, տեղի պէտք է ունե­նան խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւններ։Սա է քաղա­քա­կան ճգնա­ժա­մէն դուրս գալու օրի­նա­կան, Սահմա­նադրա­կան ճանա­պարհը։

Ընդդի­մութիւնը (Հանրա­պե­տա­կան կուսակցութիւն, ՀՅԴ եւ Բարգաւաճ Հայաստան), Վազգէն Մանուկեա­նի բերա­նով, յայտա­րա­րեց, որ դէմ է արտա­հերթ ընտրութիւննե­րուն, որովհե­տեւ Նիկոլ Փաշի­նեան պիտի կեղծէ արդիւնքնե­րը եւ կառչած պիտի մնայ իշխա­նութեան։

Սա քիչ մը զարմա­նա­լի յայտա­րա­րութիւն է։ Մէկ կողմէն ընդդի­մութիւնը կը յայտա­րա­րէ, թէ Փաշի­նեան այլեւս իշխա­նութիւն չունի, ուժա­յին եւ դատա­կան համա­կարգե­րը չեն ենթարկուիր իրեն, միւս կողմէն ալ կը խօսի ընտրութիւննե­րը կեղծե­լու Փաշի­նեա­նի ծրագրին մասին։ Հայաստա­նի մէջ 10 տարե­կան երե­խան ալ գիտէ, որ ընտրութիւննե­րը անցեա­լին կեղծուած են ուժա­յին եւ դատա­կան համա­կարգե­րու հովա­նաւո­րութեամբ։ Իսկ եթէ Փաշի­նեան իշխա­նութիւն չունի այլեւս, ինչպէս որ գիշեր-ցերեկ կը բարձրա­ձայնէն ընդդի­մա­դիրնե­րը, ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի կեղծուին ընտրութիւննե­րը։

Անցեա­լին, բոլոր ընտրութիւննե­րը յաջո­ղութեամբ կը կեղծուէին որովհե­տեւ թէ՛ իրաւա­պահ, թէ՛ ուժա­յին եւ թէ դատա­կան համա­կարգե­րը աչք կը փակէին ՀՀԿի եւ իր դաշնա­կիցնե­րու բոլոր մեքե­նա­յութիւննե­րուն՝ ընտրա­կա­շառքի եւ այլ զեղծա­րա­րութիւննե­րու առջեւ։

Իսկ հիմա, ո՛չ Վազգէն Մանուկեա­նը, ոչ ալ Նիկոլ Փաշի­նեա­նը լիա­զո­րուած են խոչընդո­տե­լու ընտրութիւնով իշխա­նութիւն ձեւաւո­րե­լու քաղա­քա­ցի­նե­րու սահմա­նադրա­կան իրաւունքը։

Արտա­հերթ ընտրութիւննե­րէն զատ այս ճգնա­ժա­մէն դուրս գալու Սահմա­նադրա­կան աւե­լի լաւ ճամբայ չկայ։

Յառա­ջի­կայ երկու-երեք շաբաթնե­րուն Ազգա­յին ժողո­վը կրնայ ընդունիլ կուսակցութիւննե­րու մասին արդէն իսկ շրջա­նա­ռութեան մէջ գտնուող օրէնքը։ Միա­ժա­մա­նակ, կարե­լի է նաեւ բարե­փո­խել ընտրա­կան ռէյտինկա­յին խայտա­ռակ օրէնքը եւ անցնիլ 100 տոկոս համա­մասնա­կան՝ կուսակցա­կան ցանկով ընտրութիւննե­րու։ Ապա, վարչա­պե­տի հրա­ժա­րա­կա­նէն ետք, տեղի կ՚ունենան Ազգա­յին ժողո­վի նոր ընտրութիւններ։

Ոչ 1 տարի, ոչ ալ 6 ամիս սպա­սե­լու կարիք կայ արտա­հերթ ընտրութիւններ կատա­րե­լու համար։ Պարզ է, որ ընդդի­մութիւնն ու դիմութիւնը մէկ տարի եւ վեց ամիս ժամա­նա­կաշրջա­նի նախա­պայման դնե­լով, կ՚ուզեն ժամա­նակ շահիլ, ամրացնեն իրենց իշխա­նա­կան դիրքե­րը եւ վարչա­կան լծակնե­րու օգտա­գործումով, առաւե­լութիւն ձեռքբե­րեն իրենց մրցա­կիցնե­րուն վրայ։

Արտա­հերթ ընտրութիւննե­րը անխուսա­փե­լի են։ Որքան արագ հրա­ժա­րա­կան տայ Փաշի­նեա­նը եւ որքան շուտ տեղի ունե­նան արտա­հերթ ընտրութիւննե­րը՝ այդքան արագ կը լուծուի երկրի քաղա­քա­կան ճգնա­ժա­մը։

Առնչվող Հոդվածներ