Ընկեր Գառնիկին հետ խօսիր․․․
(ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի յիշատակին)
Նազարէթ Պէրպէրեան
Դաշնակցական պատասխանատու եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ական ղեկավար ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի ապաժամ մահը ցնցեց ողջ Հայաշխարհը։Բարեհամբոյր իր նկարագրով, դիւրահաղորդ ու քաղցրաբարոյ իր հանրային ներկայութեամբ եւ, յատկապէս, անսակարկ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ իր յանձնառու պատրաստակամութեամբ՝ Գառնիկ Մկրտիչեան շուրջ քառասուն տարուան ազգային-հասարակական ներդրումի բեղուն վաստակ մը կապեց իր անունին՝ արժանանալով համահայկական գնահատանքի ու յարգանքի։
ԸՆԿԵՐ ԳԱՌՆԻԿ արժանաւորապէս ապրեցուց եւ մարմնաւորեց ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏի հայաշունչ եւ հայակերտ ԱՒԱՆԴը։ Մարաշ թաղի, Սարդարապատ Ակումբի եւ Արաքս փողոցի իւրայատուկ ՀՆՈՑին մէջ թրծուեցաւ ժողովուրդի զաւակի ու ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴի իր անձնուէր կերպարը, որ միայն հարստացաւ ու բիւրեղացաւ Հ․Մ․Ը․Մ․ական եւ Դաշնակցական ծառայութեան պատասխանատու աստիճաններէն իր վերելքին հետ։Եւ բոլոր անոնք, որոնք Լիբանանի քաղաքացիական մեծ պատերազմի ծանր արհաւիրքը ապրած ու ցմրուր ճաշակած են՝ անհեթեթ համավարակին զոհ գացած մեր ընկերոջ յիշատակին անկասկած պիտի մտաբերեն, թէ որեւէ դժուարութեան մատնուելու եւ ելք փնտռելու ատեն՝ Պուրճ Համուտի մեր ժողովուրդին զաւակները ինչպիսի՜ վստահութեամբ ու ապահովութեամբ խորհուրդ կու տային իրարու․
– Ընկեր Գառնիկին դիմէ, հետը խօսիր, ան լուծումը կը գտնէ․․․Վարձքդ կատար անմոռանալի ընկեր։