24.7 C
Yerevan

Վարք Արժա­նաւորնե­րու

Ընկեր Գառնի­կին հետ խօսիր․․․

(ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻ­ՉԵԱ­Նի յիշա­տա­կին)

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Դաշնակցա­կան պատասխա­նա­տու եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ական ղեկա­վար ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի ապա­ժամ մահը ցնցեց ողջ Հայաշխարհը։Բարեհամբոյր իր նկա­րագրով, դիւրա­հա­ղորդ ու քաղցրա­բա­րոյ իր հանրա­յին ներկա­յութեամբ եւ, յատկա­պէս, անսա­կարկ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ իր յանձնա­ռու պատրաստա­կա­մութեամբ՝ Գառնիկ Մկրտի­չեան շուրջ քառա­սուն տարուան ազգա­յին-հասա­րա­կա­կան ներդրումի բեղուն վաստակ մը կապեց իր անունին՝ արժա­նա­նա­լով համա­հայկա­կան գնա­հա­տանքի ու յարգանքի։

ԸՆԿԵՐ ԳԱՌՆԻԿ արժա­նաւո­րա­պէս ապրե­ցուց եւ մարմնաւո­րեց ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏի հայա­շունչ եւ հայա­կերտ ԱՒԱՆԴը։ Մարաշ թաղի, Սարդա­րա­պատ Ակումբի եւ Արաքս փողո­ցի իւրա­յա­տուկ ՀՆՈՑին մէջ թրծուե­ցաւ ժողո­վուրդի զաւա­կի ու ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴի իր անձնուէր կերպա­րը, որ միայն հարստա­ցաւ ու բիւրե­ղա­ցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․ական եւ Դաշնակցա­կան ծառա­յութեան պատասխա­նա­տու աստի­ճաննե­րէն իր վերելքին հետ։Եւ բոլոր անոնք, որոնք Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան մեծ պատե­րազմի ծանր արհաւիրքը ապրած ու ցմրուր ճաշա­կած են՝ անհե­թեթ համա­վա­րա­կին զոհ գացած մեր ընկե­րոջ յիշա­տա­կին անկասկած պիտի մտա­բե­րեն, թէ որեւէ դժուա­րութեան մատնուե­լու եւ ելք փնտռե­լու ատեն՝ Պուրճ Համուտի մեր ժողո­վուրդին զաւակնե­րը ինչպի­սի՜ վստա­հութեամբ ու ապա­հո­վութեամբ խորհուրդ կու տային իրա­րու․

- Ընկեր Գառնի­կին դիմէ, հետը խօսիր, ան լուծումը կը գտնէ․․․Վարձքդ կատար անմո­ռա­նա­լի ընկեր։

facebook.com

Առնչվող Հոդվածներ