20 C
Yerevan

Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան Դարբի­նը

Ամէն մի յեղա­փո­խա­կան գործիչ ստի­պուած է ժամա­նակ առ ժամա­նակ թողնել իր բուն գործը եւ զբա­ղուել այդ աղբե­րով, որոնք ընկնում են ոտքե­րի տակ եւ խանգա­րում իր կանո­նաւոր ընթացքը։

Ն. Պէրպէ­րեան

Հայ ժողո­վուրդի տանջուող սրտէն խօսող Յեղա­փո­խա­կա­նը, Մեր Լեռնե­րուն պէս անսա­սան կամքով գործող Դաշնակցա­կա­նը

Յուշա­տետր

Յունուար 18ի այս օրը մեր ժողո­վուրդը կը նշէ ծննդեան տարե­դարձը Հայ Յեղա­փո­խա­կա­նի եւ Դաշնակցա­կա­նի բացա­ռիկ այն դէմքին, որ իր խօսքով եւ գործքով անմա­հա­ցաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ հայոց սերունդնե­րուն կտա­կե­լով Ազգի եւ Հայրե­նի­քի ամբողջա­կան ազա­տագրութեան ու Հայ Աշխա­տաւոր Մարդու լիի­րաւ ինքնա­հաստատման եւ զարգացման սրբա­զան տեսլա­կա­նը։

Ժամա­նա­կի թաւա­լումին հետ աւե­լիով բիւրե­ղա­ցող եւ այժմէա­կան իր հնչե­ղութիւնը վերա­նո­րո­գող ժառանգ է ՌՈՍՏՈՄի գաղա­փա­րա­կան աւանդը, որ ներշնչման անխառն աղբիւր եւ ոգեւորման կենդա­նի ու առաջնորդող օրի­նակ կը շարունա­կէ մնալ հայ ժողո­վուրդի իրե­րա­յա­ջորդ սերունդնե­րուն կողմէ մղուող ամբողջա­կան ազա­տագրումի անդուլ պայքա­րին համար։

Ռոստո­մի գաղա­փա­րա­կան կրթիչ խօսքն ու մարտունակ անխոնջ գործը, երկա­թեայ կազմա­կերպ կամքն ու յեղա­փո­խա­կան խստա­պա­հանջ ոգին ինչպէս երէկ, նոյնպէս եւ այսօր հայոց սերունդնե­րուն կ՚ընծայեն ազգա­յին-քաղա­քա­կան ինքնա­ճա­նա­չո­ղութիւն վերա­թարմացնե­լու, խորացնե­լու եւ զարգացման հարա­զատ հունով յառաջ մղե­լու ուխտի վերա­նո­րոգման գօտեպնդիչ պահը։

Ռոստո­մի նուի­րուած Յուշա­տետրի իւրա­քանչիւր էջ, այդ առումով, կը վերա­ծուի ոգեւորման առի­թի՝ լուսարձա­կի տակ առնե­լով հայ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան շարժման դժուա­րին, այլեւ արիւնա­լի՛ ուղին հունաւո­րող եւ դէպի վերջնա­կան յաղթա­նակ առաջնորդող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴը՝ Հայաստա­նի եւ հայութեան ազգա­յին-քաղա­քա­կան վերածնունդի բոլո՜ր ուղղութիւննե­րով։

Յուշա­տետրի այսօ­րուան անդրա­դարձը լուսարձա­կի տակ կ՚առնէ Ռոստո­մի մղած գաղա­փա­րա­կան հետեւո­ղա­կան պայքա­րը՝ ընդդէմ հայ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան շարժումը խանգա­րող, խաթա­րող եւ կրծող ներքին ցեցե­րուն։

Հ.Յ.Դ. պաշտօ­նա­թերթ «Դրօշակ»ի էջե­րուն, «Վնա­սա­կար տարրեր» խորագրին տակ, 1890ականներուն Ռոստո­մի հնչե­ցուցած ահա­զանգը, մինչեւ այսօր, այժմէա­կա­նութեամբ բաբա­խուն պատգամ է ի խնդիր հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-քաղա­քա­կան վերածնունդը ամէն կարգի մակա­բոյծնե­րու չարի­քին դէմ պաշտպա­նե­լու հրամայականին։Ժամանակները, պայմաննե­րը եւ մարտահրաւէրնե­րը բնա­կա­նա­բար կը փոխուին, բայց Հայաստա­նի եւ հայութեան ամբողջա­կան ու լիի­րաւ ազա­տագրումին համար շարունա­կուող պայքա­րը փաստօ­րէն, այսօր ալ, տակաւին կը դիմագրաւէ ազգա­յին ինքնա­մաքրման միեւնոյն անհրա­ժեշտութիւնն ու մարտահրաւէ­րը. -«Ամէն անգամ, երբ յեղա­փո­խա­կան փոքրա­մասնութեան անձնա­զոհ, տոկուն եւ անվհատ գործունէութեան շնորհիւ յեղա­փո­խա­կան կազմա­կերպութիւնը ձեռք է բերում ուժ եւ ազդե­ցութիւն, կեանքի մէջ ստեղծւում է հաւատ դէպի գործի յաջո­ղութիւնը եւ հարթւում է որոշ աստի­ճա­նով յեղա­փո­խա­կան ուղին, ամէն անգամ էլ հասա­րա­կութեան տարբեր խաւե­րի մէջ իրա­րանցում է ընկնում։ Բայց ընդհանրութեան յեղա­փո­խա­կան ոգու բարձրա­նա­լուն հետ միա­տեղ, ամէն մի տեղից վերկա­ցող բախտախնդիր, ամէն մի վաշխա­ռու, կեղե­քիչ, մինչեւ իսկ մատնիչներ, դաւա­ճաններ, մի խօսքով՝ ամէն տեսակ սողուններ, որոնք գիտեն հիա­նա­լի կերպով յարմա­րուել հանգա­մանքնե­րին եւ ամէն տեսակ ջրե­րում ձուկ որսալ, ասպա­րէզ են դուրս գալիս իբրեւ «յեղա­փո­խա­կաններ» կամ յեղա­փո­խութեան համակրող բարեկամներ։Վնասակար են այդ սողուննե­րը այդպի­սի րոպէ­նե­րում, երբ փքուն խօսքեր փչե­լով ու փարի­սե­ցիա­կան ձեւեր բանեցնե­լով՝ շահա­գործում են ամբո­խի դիւրա­հաւա­տութիւնը ու տգի­տութիւնը։

Իսկ անտա­նե­լի են, ցաւ ու պատուհաս են դրանք յեղա­փո­խա­կան շարժման համար այն ժամա­նակ, երբ յեղա­փո­խութիւնը կրում է ժամա­նա­կաւոր անյա­ջո­ղութիւն եւ սկսում են տիրել աւե­լի վատթար պայմաններ յեղա­փո­խա­կան գործիչնե­րի համար։ Այդ ժամա­նակ այդ զազրա­լի արա­րածնե­րը սուս ու փուս քաշւում են իրենց բնե­րը, եւ արդէն «խոհե­մութիւն», «հեռա­տե­սութիւն», «ժողովրդա­վա­րութիւն», «միութիւն» եւ այլ դիմակնե­րի տակ դարձեալ շարունա­կում են խաղալ ժողովրդի հետ՝ աշխա­տե­լով մի կերպ քողարկել իրենց իսկա­կան գոյնը։ Շարունա­կե­լով կրել «յեղա­փո­խա­կան», «ազգա­սէր» տիտղոսնե­րը, դրանք դառնում են իսկա­կան յեղա­փո­խա­կան գործի ամե­նավնա­սա­կար խոչընդոտներ։

«Այդ արա­րածնե­րը աղբեր են, որոնք մեծ ու փոքր կոյտե­րով, տեսակ-տեսակ բուրմունքնե­րով եւ գոյնե­րով թափուած յեղա­փո­խա­կան ճանա­պարհի վրայ՝ ապա­կա­նում են յեղա­փո­խա­կան միջավայրը։Ամէն մի յեղա­փո­խա­կան գործիչ ստի­պուած է ժամա­նակ առ ժամա­նակ թողնել իր բուն գործը եւ զբա­ղուել այդ աղբե­րով, որոնք ընկնում են ոտքե­րի տակ եւ խանգա­րում իր կանո­նաւոր ընթացքը։

«Ժամա­նակ առ ժամա­նակ, կամայ-ակա­մայ նա իւր վրայ պէտք է առնի այդ զզուե­լի աշխա­տանքը՝ իմա­նա­լով հանդերձ, որ իւր ցախաւե­լի հէնց առա­ջին հարուա­ծից այդ կոյտե­րը միանգա­մից կը բացուեն եւ կը լցնեն օդը իրենց գարշա­հո­տութիւննե­րով։

«Արձա­կուած բամբա­սանքնե­րի, զրպարտութիւննե­րի, ինտրի­գա­նե­րի մթնո­լորտի միջով պէտք է դիմի յեղա­փո­խա­կան իսկա­կան գործի­չը դէպի իւր բուն նպա­տա­կը»։

Առնչվող Հոդվածներ