20 C
Yerevan

Դաշնակցութեան Ինքնա­պահպանման Վերջի՞Ն Կռիւը, Թէ՞ Դաշնակցա­կան Վերջին Ամրո­ցին Ոդի­սա­կա­նը

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ արեւմուտքէն ծագող արեւին սեւե­ռած հայ ժողո­վուրդի գաղա­փա­րի ուխտաւորնե­րուն, որո­շա­պէս եւ մանաւա՛նդ աշխարհասփիւռ դաշնակցա­կաննե­րուն, որոնք ակա­մայ «հանդիսատես»ը դարձած են «Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ» անունն ու հանգա­մանքը իւրա­ցուցածնե­րուն համա­ցանցով բեմադրած փանջունիա­կան «քաջա­գործութիւննե­րուն»․․․

Այո՛, վերջին շաբաթնե­րուն Դաշնակցութեան բիւրո­յա­կան վերնա­խաւը սկսած է սուր ճօճել Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջա­նի ողջ կազմա­կերպութեան գլխուն՝ խայտա­ռակ «խաչակրութիւն» մը հրահրե­լով իր «կամքին» ու «որո­շումնե­րուն» դէմ դաշնակցա­կա­նօ­րէն ծառա­ցող հաւա­տաւորնե­րուն եւ ցենզաւորնե­րուն դէմ — եւ ոչ միայն Արեւմտեան Շրջա­նին մէջ։

Բարի լոյս՝ թէեւ ապշա­հար ու սահմռկած, այդուհանդերձ իրենց ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆԸ անսա­սան պահող հայ ժողո­վուրդի նուի­րեալ դրօ­շա­կիրնե­րուն — դաշնակցա­կան, համա­կիր թէ անկուսակցա­կան -, որոնք անձկութեանբ կը հետեւին Դաշնակցութեան ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ եւ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ պայքա­րին լծուած ու Հ․Յ․Դ․ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՄՐՈՑԸ կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն ՎՃՌԱԿԱՄ պահող Արեւմտեան Շրջա­նի ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ՝ յանուն հայ քաղա­քա­կան մտքի ՈՒՂԻՆ ՀԱՐԹԵԼՈՒ անկաշկանդ ԵՐԹԻՆ։

Եւ որքա՜ն իրաւա­ցի է համա­ցանցի վրայ վաստա­կաւոր դաշնակցա­կա­նի մը կողմէ այս առի­թով հրա­պա­րա­կուած այն գրա­ռումը, թէ՝ այո՛, ԱՐԵՒը կրնայ եւ ծագիլ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԷՆ։

Որքան ալ հեղձուցիչ ըլլայ Քորո­նա Համա­վա­րա­կին պարտադրած ընկե­րա­յին ինքնա­մե­կուսացման մղձաւանջա­յին անձկութիւնը, այդուհանդերձ՝ հայ մարդը աշխարհի չորս ծագե­րէն իր հայեացքը կ՚ուղղէ արեւմուտքէն ծագող արեւին, որուն ճշգրիտ եւ դիպուկ լուսա­բա­նութիւնը կը կատա­րէ օրեր առաջ համա­ցանցով տարա­ծուած հետա­գայ անստո­րա­գիր բացատրա­կա­նը․․․

* * *

Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Շրջա­նի խնդիրնե­րը աւե­լի բարդա­նա­լու ընթացքին մէջ են, որովհե­տեւ Բիւրօն որո­շած է հիմնա­յա­տակ ջլա­տել զայն: Տրա­մա­բա­մութիւնը այն է, որ եթէ կարե­լի չէ շրջա­նը կատա­րեա­լա­պէս իր ինքնուրոյնութե­նէն պարպել ու կամա­կա­տար դարձնել, ապա ուրեմն պէտք է զայն քանդել:

Անշուշտ Շրջա­նի նուի­րեալ եւ մաքուր դաշնակցա­կաննե­րը չեն արտօ­ներ, որ Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․ի կազմա­կերպութիւնն ալ վերա­ծուի դրա­ծոյ ու դաշնակցա­կան գաղա­փա­րա­խօ­սութե­նէ պարպուած կառոյցի, եւ չեն արտօ­ներ, որ Շրջա­նի տէրը դառնան մարդիկ, որոնք ագա­հութե­նէ եւ հոգե­բա­նա­կան անբաւա­րա­րուա­ծութե­նէ մղուած՝ պատրաստ են ամէն բան քանդե­լու: Վկայ՝ Հայաստա­նի եւ Արցա­խի մէջ մեր անկումը:

Չգիտցողնե­րուն համար հոս պատմենք, թէ ի՞նչ պատա­հե­ցաւ, ինչպէ՞ս, եւ որո՞նք էին պատասխա­նա­տունե­րը այս ամէն ինչի:

Խօսինք բաց եւ անուննե­րով։

Այն օրէն որ Վիգէն Յովսէ­փեա­նը մերժեց համա­կերպիլ Հրանտ Մարգա­րեա­նի ընթացքին, որ Դաշնակցութիւնը կցորդը դարձուցած էր հայաստա­նեան օլի­կարքնե­րու եւ KGBին, Մարգա­րեա­նը որո­շեց ճզմել ոչ թէ միայն զինք ու իր ընկերնե­րը, այլ նաեւ բոլոր այն Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ­նե­րը, որոնք խնդիր ունե­ցած էին իր կործա­նիչ ուղիին հետ:

Սկիզբ առաւ ընթացք մը Լիբա­նա­նի, Իրա­նի, Արեւե­լեան Ամե­րի­կա­յի եւ այլ այլա­խոհ շրջաննե­րու մէջ՝ ընկեր-ընկե­րոջ դէմ հանե­լու, տեղւոյն ղեկա­վա­րութեան դէմ դաւեր նիւթե­լու, Կ.Կ.ներ նշա­նա­կե­լու, մինչեւ որ բոլոր շրջաննե­րու մէջ կամա­կա­տար (կամ՝ առնուազն համա­կերպող) մարմիններ տեղադրուե­ցան:

Արեւմտեան Ամե­րի­կան աւե­լի մեծ պատառ էր Հրանտ Մարգա­րեա­նին համար, որ մինչ այդ միլիո­նաւոր տոլարնե­րով օգտուած էր Արեւմտեա­նի «բարիքներ»էն ու այդ գումարնե­րը աւելցնե­լով Տոտի Կակո­նե­րէ, Միշիկ Մինա­սեաննե­րէ ստա­ցածնե­րուն վրայ, քաֆէ­ներ եւ պիզնէսներ տեղադրած էր իրեն եւ իր ընտա­նի­քին համար։ Ան նաեւ կոպէկներ ռոճիկ բաժնե­լով իր չորս կողմը գտնուող խեղճուկնե­րուն, անոնց հաւա­տարմութիւնը գնած: Բայց ագա­հութիւնը չափ չի ճանչնար, ու այդպէս ալ Հրանտ Մարգա­րեա­նը ինչպէս Պուրճ Համուտէն մինչեւ Ջուղա­յի հարստութիւննե­րը եւ Արեւմտեա­նի գումարնե­րը դրաւ սուտ աշխա­տանքնե­րու մէջ, որոնք այսօր ոչինչ տուած են Դաշնակցութեան:

Մինչեւ օրս ալ հանե­լուկ է, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ ներքին համա­ձայնութեան շնորհիւ է, որ Փաշի­նեա­նի իշխա­նութիւնը Մարգա­րեա­նի իւրա­ցումի ճիգե­րը մէջտեղ չի հաներ:

Արեւմտեա­նի գործը սկսաւ անհատ ընկերներ նսե­մացնե­լու եւ պատժե­լու փորձով, անոնց հասցէին երե­խա­յա­կան պիտակներ փակցնե­լով, սակայն շուտով պարզ դարձաւ, որ հարցը միայն անձե­րու խնդիր չէ, այլ Շրջա­նի ընկերնե­րու 80 տոկո­սի հարց, որ գաղա­փա­րի, սկզբունքի եւ դաշնակցա­կա­նի արժա­նա­պա­տուութեան հարց ունին: Իսկ մնա­ցած 20 տոկո­սին պարա­գա­յին, ուր դարձեալ Բիւրո­յէն դժգո­հութիւններ կան, կան ընկերներ՝ որոնք զուտ անձնա­կան հարցե­րով (պաշտօ­նի նկրտումներ, անձնա­կան նախանձ եւայլն), անոնք նախնտրե­ցին գործակցիլ Բիւրո­յին հետ, որպէսզի իրենց տեղա­կան խնդիրնե­րը լուծեն:

Տարի­նե­րու ընթացքին, Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կ.Կ.ներու անդամներ ընտրուած են ընկերներ, որոնք ինքնուրոյն ըլլա­լու համարձա­կութիւնը ունե­ցած են, եւ մերժած են պոռո­տա­խօ­սութեան ետին պահուը­տիլ: Անոնք հաւա­տա­ցած են, թէ Դաշնակցութիւնը ներուժն ու կարո­ղա­կա­նութիւնը ունի հայաստա­նեան եւ հայկա­կան միջա­վայրի մէջ աւե­լի յարգուած եւ հեղի­նա­կաւոր ներկա­յութիւն ըլլա­լու: Բան մը որ Քոչա­րեաննե­րու, Սերժե­րու, Նիկոլնե­րու, Ծառուկեաննե­րու պոչը ըլլա­լով կարե­լի չէ յաջողցնել: Եւ քանի որ Արեւմտեա­նի տղա­քը խիզա­խութիւնը ունե­ցած են Բիւրո­նե­րու մօտ կամ Ընդհա­նուր Ժողովնե­րու մէջ բարձրացնել նման խնդիրներ, Հրանտ Մարգա­րեա­նի եւ իր մարդոց կողմէ որո­շում առնուած է «կոտրել» Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի խնդրա­յա­րոյց շրջա­նը եւ տիրա­նալ անոր կալուածնե­րուն, ինչքե­րուն: Ասոնց տրա­մա­բա­նութիւնը այն է, որ եթէ կարե­լի չէ հպա­տակ դարձնել Արեւմտեան Ամե­րի­կան, ուրեմն պէտք է քանդել զայն ու նորը կառուցել: Այս մարդիկ ո՛չ մէկ յարգանք ունե­ցած են այն հազա­րաւոր ընկերնե­րու ճիգին եւ թափած քրտինքին հանդէպ, որոնք տասնա­մեակնե­րու վրայ հաստա­տած են այս հզօր եւ հպարտութիւն ներշնչող համայնքը:

Արեւմտեա­նի ընկերնե­րը շատ ու միշտ քննարկած են այս խնդիրնե­րը: Անոնք քաջ գիտակցած են, թէ մեծ խաղը ո՛րն է, եւ թէ նպա­տա­կը վերջի­վերջոյ Շրջա­նը լռեցնել է ու անոր նիւթա­կան կարե­լութիւննե­րուն վրայ ձեռք դնել է՝ օգտա­գործե­լով շրջա­նին մէջ գոյութիւն ունե­ցող ընկերնե­րու նախանձնե­րը, միամտութիւննե­րը, կոյր ձեւա­նա­լու ունա­կութիւննե­րը: Սակայն միշտ ալ եզրա­կա­ցուցած են, որ կուսակցութեան եւ գաղութի շահե­րը կը պահանջեն առճա­կատման չերթալ Բիւրո­յի հետ, ու հարցե­րը չհրա­պա­րա­կայնացնել: Յոյսը միշտ այն եղած է, թէ օրերն ու իրա­կա­նութիւնը կը փոխուին, եւ Դաշնակցութիւնը կը վերա­դառնայ իր ճիշտ ուղղութեան:

Վերջին Ընդհա­նուր Ժողո­վին, երբ Հրանտ Մարգա­րեա­նը այն սուտը պիտի բեմադրէր, թէ Բիւրո­յէն կը հեռա­նայ (բայց իրա­կա­նութեան մէջ պիտի մնար Բիւրո­յի տէ ֆակտօ ղեկա­վա­րը), պայման դրաւ Յակոբ Տէր- Խաչա­տունեա­նին ու Վիգէն Եաքուպեա­նին, որ Արեւմտեա­նի հարցը պէտք է վերջնա­կա­նա­պէս լուծուի:

Այսինքն՝ տարի­ներ շարունակ իր չհա­մարձա­կա­ծը, կը պարտադրէր որ նոր ընտրուածնե­րը իրա­կա­նացնեն:

Տէր-Խաչա­տուրեա­նը, որ իր կեանքի երա­զը պիտի իրա­կա­նացնէր Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչ դառնա­լու, եւ Եաքուպեա­նը՝ որ քանի տեսակ քոմպրո­մաթ ունէր իր եւ իր եղբօ­րը վրայ (տեսնել Glendale Hills) եւ որ ատե­լութիւն մը ունէր իր իսկ ընկերնե­րուն հանդէպ՝ ընդունե­ցին պայմա­նը: Սակայն ասոնք գործի դրին «մեղմ» ծրա­գիր մը կամաց-կամաց քանդե­լու շրջա­նա­յին ղեկա­վա­րութիւնը, թակարդներ լարե­լով եւ յուսա­լով, որ այս վերջիննե­րը կը սայթա­քին ու առի­թը կը ստեղծուի աւե­լի կոշտ, բայց արդա­րա­ցուե­լիք միջամտութեան:

Արեւմտեա­նի տղա­քը հասկցած էին ծրա­գի­րը, ու ամէն քայլա­փո­խի յարգե­ցին կանո­նագրի տառն ու ոգին՝ առիթ չտա­լով մութ ծրա­գիրնե­րուն:

Համբե­րութիւնը հատած — եւ երբ աշխարհը կլա­նուած էր Քովի­տի համա­ճա­րա­կով, իսկ հայ ազգը Արցա­խով ու Հայաստա­նով — տօնա­կան օրե­րու մթնո­լորտին մէջ Բիւրօն վաբանկ գնաց ու փաստա­ցի ԼՏՊ-ականներ (որոնք օրին հազիւ ճողոպրած էին արտաքսուե­լէ որպէս գործա­կալներ) Հրայր Կարա­պե­տեա­նին, Ստե­փան Պօյա­ջեա­նին եւ Զարեհ Աճե­մեա­նին ԿԿ նշա­նա­կե­լով՝ փորձեց զաւթումը իրա­կա­նացնել:

Ենթադրութիւնը եւ հաշուարկը այն էր, թէ հատ ու կտոր բողոքնե­րէ ետք, Շրջա­նը դարձեալ կը մարսէ իրեն հասցուած ապտա­կը: Բայց այս անգամ համբե­րութեան բաժա­կը յորդե­ցաւ եւ ընկերնե­րը ոտքի կանգնե­ցան: Բարե­բախտա­բար, նորանշա­նակնե­րէն Սթիվ Տէտէ­յեա­նը արդէն հասկցած է դաւադրութիւնը ու հրա­ժա­րած, եւ յուսա­լի է, որ ուրիշներ ալ մաքրեն իրենց անուննե­րը եւ դուրս գան մարմնէն:

Այսպէս, նշա­նա­կումէն երկու օր ետք, Շրջա­նի ջախջա­խիչ մեծա­մասնութեան կամքը իրա­գործե­լով, ժողովրդա­վա­րա­կա­նօ­րէն ընտրուած 100է աւե­լի պատգա­մաւորներ եւ հրաւի­րեալներ Շրջա­նա­յին Ժողով գումա­րե­ցին եւ ընտրե­ցին օրի­նա­կան Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ, որպէսզի ղեկա­վա­րէ շրջա­նը:

Բիւրօն, փոխա­նակ հասկնայ գալիք աւե­րը եւ անմի­ջա­պէս օրի­նա­կան Շրջա­նա­յին Ժողով հրաւի­րէ, որպէսզի ընկերնե­րը իրենց ընտրեալ Կ․Կ․ը յառա­ջացնեն, հիմա անցած է աջ ու ձախ վերջնա­գիր տալու, սպառնա­լու, պատժե­լու, այսպի­սով աւե­լի խորացնե­լով խնդի­րը:

Այսօր ընկերնե­րու ջախջա­խիչ մեծա­մասնութիւնը եւ համա­կիրներ կանգնսծ են ընտրուած Կ․Կ․ի կողքին, մինչ նշա­նա­կուածնե­րը անհե­թեթ եւ ջղագրգիռ շարժումներ կ՚ընեն: Ընտրուած ԿԿի բոլոր ճիգերն ու հանգուցա­լուծման փորձե­րը ի թերեւ անցած են, ու վիճա­կը անվե­րա­դարձ ծանրա­ցած:

Վերջին 2–3 Ընդհա­նուր Ժողովնե­րու ընթացքին Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի շրջա­նը «սատանայ»ի աթո­ռին նստեցնե­լու ճիգե­րը մնա­յուն եղած են: Հետեւա­բար, անտրա­մա­բա­նա­կան էր ընդունիլ Բիւրո­յի նշա­նա­կումը, սպա­սե­լով յաջորդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին: Պարզ է որ Հրանտ Մարգա­րեա­նի բեմադրե­լիք ժողո­վը ի՞նչ կեցուածք պիտի ունե­նայ: Մանաւանդ որ մինչեւ տարի մը ետք, շատ ուշ պիտի ըլլայ շրջա­նի մէջ որեւէ բան վերա­կանգնե­լու կամ նշա­նա­կուած զաւթման աւերնե­րը շտկե­լու:

Ուստի՝ Շրջա­նի պահանջքը կը մնայ․

⁃ Նշա­նա­կուած ղեկա­վա­րութիւն կարե­լի չէ ընդունիլ:

⁃ 30 օրուան մէջ կազմա­կերպել Շրջա­նա­յին Ժողով, ու կանո­նագրի համա­ձայն ընտրել Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ:

⁃ Պատիժներ կամ երե­խա­յա­կան սպառնա­լիքնե­րը մէկ կողմ դնել:

Առնչվող Հոդվածներ