20 C
Yerevan

Բիւզանդ Պետո­յեան Եւս Զոհ Գնաց Համա­վա­րա­կին

Սերունդի մը անմո­ռա­նա­լի ժամադրա­վայրը եղաւ Բիւզանդի Gallery Italyն

Յուշա­պա­տում

Ն. Պէրպէ­րեան

ՊԵՏՈՅԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔին հետ իւրա­յա­տուկ ջերմութեամբ զարգա­ցած կէսդա­րեայ կապս ահա դարձեալ անմխի­թա­րե­լի խոց կ՚ապրի ԲԻՒԶԱՆԴի անժա­մա­նակ վախճա­նով, որ աշխարհա­ցունց ՀԱՄԱՎԱՐԱԿին հերթա­կան հարուա­ծին հետեւանք է․․․

Վաղա­մե­ռիկ դոկտ․ ՀՐԱՉ ՊԵՏՈ­ՅԵԱ­Նի հետ ընկե­րա­կան մտերմութեամբ սկսաւ հինգ տասնա­մեակնե­րու վրայ երկա­րած այդ անքակտե­լի կապուա­ծութիւնը, որ իրա­րու մօտե­ցուց երկուքին հետ ալ խորա­պէս տարբեր եւ նոյնիսկ ներհակ մեր բնաւո­րութիւններն ու մտա­ծումի աշխարհնե­րը՝ փոխա­դարձ համա­րումի, յարգանքի եւ վստա­հութեան վրայ հիմնուած հարա­զա­տութեան մը վերա­ծուե­լով եւ արժա­նա­նա­լով անոնց ծնողքին՝ Պարոն ԱԶԱՏին եւ Տիկին ԺԱՆԷ­Թին օրհնութեան։

Բիւզանդը աւագն էր Հրա­չին, որուն հետ մեր մտերմութիւնը թրծուե­ցաւ Պէյրութի Հ․Յ․Դ․«Զաւարեան» Ուսա­նո­ղա­կան Միութեան մեր անդա­մակցութեան շրջա­նին, յատկա­պէս երբ միա­սին Հ․Յ․Դ․ շարքեր մուտքի մեր երդումը տուինք։ Բիւզանդին ճանչնա­լու եւ մտերմա­նա­լու առի­թը ունե­ցայ հետա­գա­յին ու անկա­խա­բար Հրա­չէն։ Բիւզանդը ունէր պատա­նե­կան տարի­քէն մտե­րիմ ընկեր մը եւ երկրորդ՝ հոգեկա՛ն եղբայր մը, որուն անունը ՎԱՉԷ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ էր եւ որ մեզ երկուքս իրա­րու մօտեցնո­ղը եւ մտերմացնո­ղը եղաւ։ Թէեւ Վաչէն 1984ին Քանա­տա արտա­գաղթեց, իսկ ես 1986ին «ԴՐՕՇԱԿ»ին հետ փոխադրուե­ցայ Աթէնք, բայց Հրա­չին ու Բիւզանդին հետ շարունա­կուե­ցաւ մեր անխզե­լի մտերմութեան ու հարա­զա­տութեան կապը։

Սիրե­լի ընկե­րոջս ու հարա­զա­տիս մահուան առի­թով կ՚ուզեմ յուշել եւ վկա­յել, որ Բիւզանդ թէեւ շատ ուշ տարի­քի՝ 1973ին տուաւ դաշնակցա­կա­նի իր երդումը, բայց արդէն 70ականներու կամ լիբա­նա­նեան պատե­րազմի մեր ՍԵՐՈՒՆԴին ներքին շաղա­խի ամրապնդման իր անփո­խա­րի­նե­լի ներդրումը բերած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼ էր, որ ամէն կարգի չարա­շա­հումնե­րու դէմ անվե­հեր ծառա­ցող դաշնակցա­կա­նի ինքնա­տիպ կերպար հանդի­սա­ցաւ — թէեւ անուս եւ դժուա­րա­խօս, բայց յանդուգն եւ համարձա­կա­խօս։

Գոնէ միակ որդին՝ Ազա­տը պէտք է իմա­նայ, որ Բիւզանդ Պետո­յեա­նը իր գործին ձեռա­կերտը հանդի­սա­ցող լուսաւորման սրա­հը՝ Պուրճ Համուտի քաղա­քա­պե­տա­րա­նի հրա­պա­րա­կին իշխող Gallery Italyն վերա­ծեց դաշնակցա­կան սերունդի մը պատասխա­նա­տու տղոց անմո­ռա­նա­լի ժամադրա­վայրին, ուր ԵՐՈՒԱՆԴ ՄՈՆՈՖԱՐԵԱՆ եւ ՎԱՉԷ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ, ՍՈՒՐԷՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ եւ ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ, ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ եւ ԳԷՈՐԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ եւ ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ ու ՎԱՐԴԳԷՍ ՉԱԹԱԼԵԱՆ (ՖՐԱՆՍ), ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ, ԿԱՐՕ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ եւ շատ ու շատ հանգա­մա­նաւոր կամ համեստ ընկերներ — մեծ մասամբ տակաւին ողջ — իրենց կուսակցա­կան կեանքը հունաւո­րող բուռն խորհրդակցութիւններ ունե­ցան․․․

Իր բարութեամբ եւ հաղորդա­կա­նութեամբ, ու մանաւանդ Լիբա­նա­նի պետա­կան շրջա­նակնե­րու հետ իր լայն ծանօ­թութիւննե­րով՝ Բիւզանդ Պետո­յեան աւե­լիով զարգա­ցուց եղբօր Հրա­չի մշա­կած յարա­բե­րա­կան կապե­րը եւ անսա­կարկ օգնութեան հասաւ պետա­կան հաստա­տութեանց հետ հարցեր լուծե­լու բարեա­ցա­կամ միջամտութեանց կարիք ունե­ցող հայ մարդոց։

Յատկա­պէս բարեխնամ եւ օգտա­շատ դերա­կա­տա­րութիւն կապեց իր անունին՝ Լիբա­նա­նի Բնա­կեցման նախա­րա­րութեան հետ իր ունե­ցած կապե­րով, երի­տա­սարդ եւ ուսա­նող մեր ընկերնե­րուն համար բնա­կա­րաննե­րու ապա­հովման գործին սատար կանգնե­լով։

Վարձքդ կատար, սիրե­լի’ Բիւզանդ։

Ապրինք եւ յիշենք։

Առնչվող Հոդվածներ