ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բիւզանդ Պետոյեան Եւս Զոհ Գնաց Համավարակին

Սերունդի մը անմոռանալի ժամադրավայրը եղաւ Բիւզանդի Gallery Italyն

Յուշապատում

Ն. Պէրպէրեան

ՊԵՏՈՅԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔին հետ իւրայատուկ ջերմութեամբ զարգացած կէսդարեայ կապս ահա դարձեալ անմխիթարելի խոց կ՚ապրի ԲԻՒԶԱՆԴի անժամանակ վախճանով, որ աշխարհացունց ՀԱՄԱՎԱՐԱԿին հերթական հարուածին հետեւանք է․․․

Վաղամեռիկ դոկտ․ ՀՐԱՉ ՊԵՏՈՅԵԱՆի հետ ընկերական մտերմութեամբ սկսաւ հինգ տասնամեակներու վրայ երկարած այդ անքակտելի կապուածութիւնը, որ իրարու մօտեցուց երկուքին հետ ալ խորապէս տարբեր եւ նոյնիսկ ներհակ մեր բնաւորութիւններն ու մտածումի աշխարհները՝ փոխադարձ համարումի, յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած հարազատութեան մը վերածուելով եւ արժանանալով անոնց ծնողքին՝ Պարոն ԱԶԱՏին եւ Տիկին ԺԱՆԷԹին օրհնութեան։

Բիւզանդը աւագն էր Հրաչին, որուն հետ մեր մտերմութիւնը թրծուեցաւ Պէյրութի Հ․Յ․Դ․«Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան մեր անդամակցութեան շրջանին, յատկապէս երբ միասին Հ․Յ․Դ․ շարքեր մուտքի մեր երդումը տուինք։ Բիւզանդին ճանչնալու եւ մտերմանալու առիթը ունեցայ հետագային ու անկախաբար Հրաչէն։ Բիւզանդը ունէր պատանեկան տարիքէն մտերիմ ընկեր մը եւ երկրորդ՝ հոգեկա՛ն եղբայր մը, որուն անունը ՎԱՉԷ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ էր եւ որ մեզ երկուքս իրարու մօտեցնողը եւ մտերմացնողը եղաւ։ Թէեւ Վաչէն 1984ին Քանատա արտագաղթեց, իսկ ես 1986ին «ԴՐՕՇԱԿ»ին հետ փոխադրուեցայ Աթէնք, բայց Հրաչին ու Բիւզանդին հետ շարունակուեցաւ մեր անխզելի մտերմութեան ու հարազատութեան կապը։

Սիրելի ընկերոջս ու հարազատիս մահուան առիթով կ՚ուզեմ յուշել եւ վկայել, որ Բիւզանդ թէեւ շատ ուշ տարիքի՝ 1973ին տուաւ դաշնակցականի իր երդումը, բայց արդէն 70ականներու կամ լիբանանեան պատերազմի մեր ՍԵՐՈՒՆԴին ներքին շաղախի ամրապնդման իր անփոխարինելի ներդրումը բերած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼ էր, որ ամէն կարգի չարաշահումներու դէմ անվեհեր ծառացող դաշնակցականի ինքնատիպ կերպար հանդիսացաւ – թէեւ անուս եւ դժուարախօս, բայց յանդուգն եւ համարձակախօս։

Գոնէ միակ որդին՝ Ազատը պէտք է իմանայ, որ Բիւզանդ Պետոյեանը իր գործին ձեռակերտը հանդիսացող լուսաւորման սրահը՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին իշխող Gallery Italyն վերածեց դաշնակցական սերունդի մը պատասխանատու տղոց անմոռանալի ժամադրավայրին, ուր ԵՐՈՒԱՆԴ ՄՈՆՈՖԱՐԵԱՆ եւ ՎԱՉԷ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ, ՍՈՒՐԷՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ եւ ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ, ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ եւ ԳԷՈՐԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ եւ ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ ու ՎԱՐԴԳԷՍ ՉԱԹԱԼԵԱՆ (ՖՐԱՆՍ), ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ, ԿԱՐՕ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ եւ շատ ու շատ հանգամանաւոր կամ համեստ ընկերներ – մեծ մասամբ տակաւին ողջ – իրենց կուսակցական կեանքը հունաւորող բուռն խորհրդակցութիւններ ունեցան․․․

Իր բարութեամբ եւ հաղորդականութեամբ, ու մանաւանդ Լիբանանի պետական շրջանակներու հետ իր լայն ծանօթութիւններով՝ Բիւզանդ Պետոյեան աւելիով զարգացուց եղբօր Հրաչի մշակած յարաբերական կապերը եւ անսակարկ օգնութեան հասաւ պետական հաստատութեանց հետ հարցեր լուծելու բարեացակամ միջամտութեանց կարիք ունեցող հայ մարդոց։

Յատկապէս բարեխնամ եւ օգտաշատ դերակատարութիւն կապեց իր անունին՝ Լիբանանի Բնակեցման նախարարութեան հետ իր ունեցած կապերով, երիտասարդ եւ ուսանող մեր ընկերներուն համար բնակարաններու ապահովման գործին սատար կանգնելով։

Վարձքդ կատար, սիրելի’ Բիւզանդ։

Ապրինք եւ յիշենք։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *