16.9 C
Yerevan

Միասնականութիւն….Բայց Երազ էր…

Խաժակ Այնթա­պեան

Երէկ գիշեր սարսա­փե­լի երազ մը տեսայ…
Կարծես հրաշք մը պատա­հած էր… Ազգիս խելքը գլուխը եկած էր, իսկ ազգա­յին բժշկութիւնը խորտա­կուե­լու վրայ էր։ Ոչ մէկ ազգա­յին վիճա­բա­նաութիւն, ոչ մէկ տարա­կարծութիւն ու ազգա­յին ոչ մէկ հիւանդութիւն մնա­ցած էր…Ամէն մարդ այնքան ուրախ էր, ու հայ ժողո­վուրդը այնքան միասնա­կան դարձած էր, որ պահ մը վախցայ թէ դարձեալ մէկը մեր դէմ պատե­րազմ յայտա­րա­րած էր….

Քրտինքնե­րու մէջ արթնցայ ու ազգիս վիճա­կը ստուգե­լու համար անմի­ջա­պէս ֆէյսպուք մտայ… Բարե­բախտա­բար հոն դարձեալ նոյն վէճերն ու իրար ուղղուած նոյն հայհո­յանքնե­րը տեսայ ու ամբողջո­վին հանգստա­ցայ…

Չէ, մտա­հո­գուե­լու բնաւ կարի­քը չկայ…Մեր մէջ դեռ այնքան ներքին ատե­լութիւն ու լարուա­ծութիւն կայ, որ մեզի յաղթե­լու համար՝ մեր դէմ նոր պատե­րազմ յայտա­րա­րե­լու բնաւ կարի­քը չկայ…

Սիրե­լի հայեր, մտքերնիդ հանգիստ թող ըլլայ։ Թող մեր ազգա­յին կեանքը միշտ այսպէս լարուած ընթա­նայ եւ իրա­րու միսը ձեզ հալալ ըլլայ…

Իսկ ես նորէն գլուխս բարձին դնեմ ու հանգիստ մը քնանամ…Չէ, բարե­բախտա­բար անգործ պիտի չմնամ։ Ըստ երեւոյթին ազգա­յին բժշկութեամբ զբա­ղե­լու դեռ շա՜տ երկար առիթ պիտի ունե­նամ։

Առնչվող Հոդվածներ