14 C
Yerevan

Արտա­հերթ Ընտրութիւններ Տեղի Կ’ունե­նան Հանրութեան Պահանջով

Րաֆֆի Տուտագլեան

Խորհրդա­րա­նա­կան «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը Փետրուար 7‑ին ժողով գումա­րեր է եւ որո­շեր է արտա­հերթ ընտրութիւններ չկազմա­կերպել, որովհե­տեւ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւնը, այսինքն Բարգաւաճ Հայաստանն ու Լուսաւոր Հայաստա­նը դէմ արտա­յայտուէր են եղեր այս առա­ջարկին:

«Իմ քայլը» լաւ գիտէ, որ արտա­հերթ ընտրութիւննե­րը տեղի կ’ունե­նան հանրութեան պահանջով՝ ճգնա­ժա­մա­յին վիճա­կէ դուրս գալու համար: Սա է խորհրդա­րա­նա­կան համա­կարգի տրա­մա­բա­նութիւնը: Այս օրե­րուն երկրի ճգնա­ժա­մը դժուար թէ կարե­լի ըլլայ լուծել խորհրդա­րա­նա­կան ուժե­րու ներկայ յարա­բե­րակցութեամբ եւ Ազգա­յին Ժողո­վի այս դրուածքով… Խորհրդա­րա­նա­կան երեք խմբակցութիւննե­րը շատ լաւ գիտեն նաեւ, որ երկրի առջեւ ծառա­ցած խնդիրնե­րը այնքան խորն են, որ ոչ հազար, ոչ ալ միլիոն քայլ առնե­լով Հայաստա­նը բարգաւաճ ու լուսաւոր պիտի չըլլայ…

Ի դէպ, արտա­հերթ ընտրութիւննե­րը տեղի պէտք է ունե­նան լուծե­լու համար նաեւ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան խնդի­րը: Այսօր ո՛չ Լուսաւոր, ոչ ալ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութիւնը լուրջ ընդդի­մութիւն կրնան ըլլալ, որովհե­տեւ երկուքն ալ ձախո­ղած են իրենց գործունէութեան մէջ եւ չեն ներկա­յացնէր հանրութեան ընդդի­մա­դիր լայն հատուա­ծը:

Արտա­հերթ ընտրութիւննե­րու անհրա­ժեշտութիւնը, տիկնայք եւ պարո­նայք «Իմ քայլ»ականներ, խորհրդա­րա­նա­կան իշխա­նա­կան եւ ընդդի­մա­դիր խմբակցութիւննե­րու քմա­հա­ճոյքէն կախեալ չէ, այլ՝ հանրութեան տրա­մադրութե­նէն: Սորվե­ցէք այլեւս հանրութեան հետ խօսիլ եւ շոշա­փել անոր բազկե­րա­կը, այլա­պէս դուք ալ պիտի միա­նաք «նախկին» կոչուած քաղա­քա­կան լուսանցքայնա­ցուած շրջա­նակնե­րուն: Եթէ չէք միա­ցած արդէն…

Արտա­հերթ ընտրութիւննե­րէն ետք անմի­ջա­պէս պէտք է անդրա­դառնալ նաեւ Սահմա­նադրութեան բարե­փոխման խնդիրնե­րուն: Նախկիննե­րու զեղծուած հանրա­քուէով ժողո­վուրդին կոկորդէն բռնի իջե­ցուած այս Սահմա­նադրութիւնը այնքան թերի է, որ երեք տարիէ ո՛չ մէկ ճգնա­ժամ կրցած է յաղա­թա­հա­րել: Այսպէս կ’ըլլայ, երբ Սահմա­նադրութիւն կը ձեւեն-չափեն ու կ’անցնեն պարզա­պէս իշխա­նութիւն պահե­լու կամ կիսե­լու համար: Սա ալ ի մէջ այլոց…

Առնչվող Հոդվածներ