20 C
Yerevan

Փորձենք Մտա­ծել

Անի Աստուրեան

Ինչո՞ւ այս վերնա­գի­րը: Որովհե­տեւ երբեմն կը թուի թէ դադրած ենք մտա­ծե­լէ եւ յուզա­կա­նութիւնը այնքա՛ն տիրա­պե­տող դեր կը խաղայ մեր ազգա­յին կեանքին մէջ, որ հրամցուող ամէն լուր դեղա­հա­տի պէս կը կլլենք. կը հաւա­տանք անոր առանց հարցադրումի, առանց գիտակցե­լու անոր ծագման եւ տարածման դրդա­պատճառնե­րուն:

Հայ ժողո­վուրդի հսկայ բաժի­նը ահաւո՛ր ցնցում մը ապրե­ցաւ Նոյեմբեր 9ին եւ անկէ ետք: Հազա­րաւոր զոհե­րու եւ վիրաւորնե­րու լուրը կսկիծ յառա­ջա­ցուց բոլո­րին մօտ: Մտա­ծել, որ մայր մը ամէն օր կը զգայ անուշիկ զաւա­կին ձգած պարա­պը, որ կին մը կը սգայ ամուսնոյն կորուստը, որ տղեկ մը կամ աղջնակ մը կը հարցնէ՝ «հայրի­կը ո՞ւր է. ինչո՞ւ չի գար», թոյլ չի տար, որ միտքը առարկա­յա­կա­նօ­րէն մօտե­նայ հարցե­րուն: Յուզումը կը խեղդէ կոկորդը, լալու փափա­քը կը փոթորկէ հոգին եւ բարկութիւն, ընդվզում, նոյնիսկ չարութի՛ւն կը գրաւեն էութիւնը: Այդ բարկութեան տեղ մը պէտք է յանգիլ տալ եւ աւե­լի դիւրին բան չկայ քան ամբաստա­նել ներկայ իշխա­նութիւննե­րը, պետութիւնը եւ ղեկա­վա­րը: Չէ՞ որ իրենք էին այդ օրե­րու իշխա­նութիւննե­րը:

Արդ, նոյնիսկ եթէ իրաւա­ցի է բարկութիւնն ու յուզումը, կ՚արժէ վայրկեան մը կենալ, հեռաւո­րութիւն պահել Դէպքէն եւ մտա­ծել:

Առա­ջին բանը, որուն կ՛անդրադառնայ մտա­ծել փափա­քո­ղը՝ երկու յստակ բեւեռնե­րու գոյութիւնն է: Ինչպէս Միա­ցեալ Նահանգնե­րու նախկին նախա­գահ Թրամփի օրե­րուն հանրութիւնը բեւե­ռա­ցած էր երկու կարծիքնե­րու շուրջ եւ ոմանք սիրա­հա­րուած էին Թրամփին, իսկ ուրիշներ կը քամահրէին զայն, այսօր հայաշխարհին մէջ կը տեսնենք նոյն երկփեղկումը: Ոմանք Հայաստա­նի վարչա­պե­տը դաւա­ճան կը նկա­տեն եւ կը պահանջեն, որ ժամ առաջ մեկնի, մինչ ուրիշներ կը պաշտպա­նեն զինք եւ կ՛ըսեն թէ նոր ընտրութիւննե­րու պարա­գա­յին‘ կրկին պիտի քուէարկեն ի նպաստ իրեն: Մէջտեղ գտնուողնե­րը, անոնք որոնք փինկ-փոնկի կամ թէնի­սի խաղ մը դիտե­լու պէս իրենց գլուխնե­րը մէյ մը՝ աջ, մէյ մը՝ ձախ կը դարձնեն, անո՛նք տեղ եւ ձայն չունին հրա­պա­րա­կին վրայ. Վա՛յ որ հարցա­կա­նի տակ առնեն տարա­ծուող սխալ լուր մը. «Դո՞ւն ա՜լ Մարգա­րիտ». (իմա՛, դո՞ւն ալ դաւա­ճան ես):

Ինչպէս Թրամփի պարա­գա­յին՝ վարչա­պետ Փաշի­նեա­նի պարա­գա­յին եւս Դիմա­տետրը եւ այլ ընկե­րա­յին ցանցեր խթա­նե­ցին կարծիքնե­րու տարբե­րութիւնը եւ թոյլ տուին սանձարձակ կեցուածքնե­րու դրսեւո­րումը. տարա­ծուե­ցան սուտ լուրե­րը. գրգռուե­ցան կիրքե­րը մարդոց կողմէ, որոնց մտադրութիւննե­րը, յետին նպա­տակնե­րը բնաւ-երբե՛ք լրջօ­րէն չքննուե­ցան կարդա­ցողնե­րուն կողմէ: Վարչա­պե­տը վերա­ծուե­ցաւ հրէ­շի, իսկ իր կինը‘ հրէ­շուհիի: Եւ ա՛ռ թէ կու տաս‘ ժողո­վուրդին ուշադրութիւնը շեղե­ցաւ ամե­նէն կարեւոր հարցէն ու կեդրո­նա­ցաւ մէ՛կ կիզա­կէ­տի վրայ:

Այն տպաւո­րութիւնը սկսանք ունե­նալ որ մեր թշնա­մին Ազրպէյճա­նը եւ Թուրքիան չեն. անոնք իրենց անօ­դա­չու սարքե­րը չեն ղրկած Արցախ. անոնք քիմիա­կան նիւթե­րով չեն յարձա­կած մեր հերո՛ս տղա­նե­րուն վրայ: Մոռցանք ռուսը, որ թակարդի մէջ ձգեց մեզ եւ Թուրքիոյ հետ գործակցե­ցաւ ի՛ր հաշիւնե­րուն համար: Մոռցանք Իսրա­յէ­լը, որ առօք-փառօք հարստա­ցաւ ցեղասպա­նութիւն տեսած ժողո­վուրդի մը զաւակնե­րուն վրայ ղրկուե­լիք նորա­գոյն մահասփիւռ սարքեր ծախե­լով իր սիրա­սուն բարե­կա­մին: Մոռցանք Ամե­րի­կան, որ մատը մատին վրայ չդրաւ եւ այսօր երես ունի շնորհաւո­րե­լու Ազրպէյճա­նը իր ամբողջա­կան սահմաննե­րուն վերա­տի­րա­նա­լուն համար. մոռցանք եւրո­պա­ցի­նե­րը, որոնք ձայն-ձոյն չհա­նե­ցին պատե­րազմի ատեն, բացի քանի մը մլաւիւննե­րէ, որովհե­տեւ ինչպէս մի՛շտ‘ այս անգամ ալ իրենց տնտե­սա­կան շահե­րուն, քարիւղին եւ կազին մասին կը մտա­ծէին:

Ու մոռցանք, որ անցնող քսանվեց տարի­նե­րը վատնուած էին. չէի՛նք պատրաստուած պատե­րազմի. չէինք գնած պէտք եղած զէնքե­րը. կողոպտուած էր երկի­րը. պարպուած էր Հայաստա­նը:

Ո՞վ էր մեր միակ, մեր հիմնակա՛ն թշնա­մին՝ Նիկոլ Փաշի­նեա­նը: Եւ ո՛վ որ համարձա­կէր նախկին վարչա­մե­քե­նա­նե­րը յիշել, կամա­ցուկ մը «կը քշուէր» հրա­պա­րա­կէն նորոյթի վերա­ծուած խօսքով մը. «Ա՛լ կը բաւէ յիշեցնէք նախկիննե­րը» կամ՝ «Հասկցանք՝ նախկիննե­րը. ո՛վ էր վարչա­պե­տը պատե­րազմի ժամա­նակ. դուք անո՛ր նայեցէ՛ք«:

Ահաւա­սիկ մեր մտա­ծե­լու ունա­կութիւնը: Յանկարծ բոլո՛ր թերթե­րը սկսան տպել նոյնանման յօդուածներ: Նախկիննե­րը, ճիշդ է՝ կատա­րեալ չէին, բայց Փաշի­նեանն է դաւա­ճա­նը. Փաշի­նեա­նը անողնա­շար է. Փաշի­նեա­նը պէտք է սպաննուի. Փաշի­նեա­նը պէտք է դատուի:

Գիտակցող եղա՞ւ թէ ճիշդ ի՞նչ պատա­հած էր. ինչո՞ւ պատա­հած էր. ինչպէ՞ս պատա­հած էր: Անշո՛ւշտ, որ գտնուե­ցան քանի մը տասնեակ հոգի, որոնք փորձե­ցին ասդին-անդին մտա­ծում տարա­ծել: Ժողո­վուրդին մեծա­մասնութիւնը դժբախտա­բար ինկաւ այն մե՜ծ ծուղա­կին մէջ որ կը կոչուի Դիմա­տետր եւ լրա­տուա­կան միջոցներ:

Անոնք որոնք միա­միտ էին կամ ժամա­նակ չունէին բոլոր լուրե­րը կարդա­լու եւ ստուգե­լու անոնց ճշգրտութիւնը‘ ինկան հաւա­քա­կան թութա­կութեան մէջ:

Օրինակնե՞ր‘ շա՜տ: Օրը՝ նոր, խեղա­թիւրուած լուրը՝ նոր: Ահա երկու նմոյշ:

Վարչա­պե­տը ըսաւ՝ «Շուշին տժգոյն քաղաք է»: Ինչպէ՛ս կրնայ այսպի­սի բան ըսել: Կը նշա­նա­կէ Շուշին չի սիրեր. կը նշա­նա­կէ Շուշին չի յարգեր: Անշուշտ որ առա­ջին անգամ այս նախա­դա­սութիւնը լսո­ղը կրնայ բնա­կան հակազդե­ցութիւն մը ունե­նալ, ինչպէս կ՚ունենան մարդիկ, որոնց ընտա­նի­քի մէկ անդա­մի հասցէին վիրաւո­րա­կան խօսք մը կ՚արձակուի: Բայց այդ բոլո՜ր վիրաւո­րուածնե­րը վայրկեան մը մտածեցի՞ն թէ ի՛նչ համաբնագրի (context) մէջ կը զետե­ղուէր այդ խօսքը: Ճիշդ ի՛նչ ուզել ըսած էր այդ խօսքին տէրը: Պարկեշտ եւ մտա­ծող մարդը շատ լաւ հասկցած է, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր: Ըսել չէր ուզեր, թէ Շուշին գեղե­ցիկ չէր, սիրե­լի չէր, սրտի մօտիկ չէր: Պարզա­պէս կը ներկա­յացնէր փաստարկում մը, որուն միտք բանին վերի­վա­րոյ հետեւեալն էր. «Եթէ Շուշին այդքա՛ն կը սիրէիք, ինչո՞ւ քսանվեց տարուան ընթացքին չշի­նե­ցիք ենթա­կա­ռոյցը, չբնա­կե­ցուցիք շրջա­նը, չամրա­ցուցիք տնտե­սութիւնը»: Ա՛յդ էր ըսուա­ծը եւ ինքզինքին հետ հաշտ մէկը համա­ձայն կ՛ըլլայ անոր. խնդի­րը այն է սակայն, որ վարչա­պե­տին շատո՜նց չհա­մակրող ուժե­րը այնպէս մը պատրաստուած են, որ առիթ չեն փախցներ իւրա­քանչիւր խօսքը խեղա­թիւրե­լու եւ իրենց պատրաստած ատե­լութեան թունաւոր կարկանդա­կը ամէն կողմ ղրկե­լու, իսկապէ՛ս հայրե­նա­սէր եւ միա­միտ մարդոց հոգիին եւ մտքին հետ խաղա­լու համար:

Վարչա­պե­տը ըսաւ. «Դուք գիտէ՞ք թէ Շուշիին 96 տոկո­սը ազե­րի բնակչութիւն ունե­ցած է»: Այս նախա­դա­սութիւնը ի՞նչ առի­թով, ե՞րբ եւ ի՞նչ տրա­մա­բա­նա­կան հոսքի մէջ արտա­բե­րուած էր: Ան, որ Ազգա­յին ժողո­վին հետեւե­ցաւ սկիզբէն մինչեւ վերջ‘ հասկցաւ, որ վարչա­պե­տը տիկին Զոհրա­պեա­նի մէկ հարցումին կը պատասխա­նէր եւ յստա՛կ, իրա­պաշտ վերլուծում մը ընե­լու վրայ էր: Բայց ի՞նչ ըրին ապա­տե­ղե­կա­տուութեան «մասնա­գէտնե­րը»: Անմի­ջա­պէս կտրե­ցին առա­ջին բաժի­նը. կտրե­ցին ետեւի բաժի­նը եւ՝ հո՛փ՝ «տեսէ՞ք. չ՛ամչնար նոյնիսկ. կ՛ըսէ, թէ Շուշին ազե­րի քաղաք է»: Եւ եղան նողկա­լի արտա­յայտութիւններ, փաստարկումներ. իրենք զիրենք լուրջ մտաւո­րա­կա­նի տեղ դրած մարդիկ պէտք զգա­ցին հի՜ն դարե­րու երթա­լու եւ ցոյց տալու համար, որ Շուշին հայկակա՛ն էր իր եկե­ղե­ցի­նե­րով, իր մշա­կոյթով եւ իր ծոցին մէջ ծնած նշանաւո՛ր հայե­րով: Արդեօք…մէկու մը մտքէն անցա՞ւ, որ պրն. Փաշի­նեա­նին ըսա­ծը Շուշիի դարե­րէ ի վեր հայկա­կան ըլլա­լուն հետ կապ չունէր. անշո՛ւշտ որ Շուշին հայկա­կան է, քանի որ «Արցա­խը Հայաստան է եւ վե՛րջ»: Տարօ­րի­նակ ազգ ենք. մէկ կողմէն կ՛ըսենք. «Պէտք չէր ըսէր Արցա­խը Հայաստան է եւ վե՛րջ», միւս կողմէ, առանց նոյնիսկ հասկնալ փորձե­լու ըսուա­ծը՝ Քաջն Նազա­րի դրօ­շը պարզած՝ թերթե­րու «փողոցնե­րը» իջնե­լով կը պոռանք՝ «տեսա՞ք, տեսա՞ք թրքա­մո­լը, որ Շուշին ազե­րի կը համա­րէ»: Բարե­բախտա­բար մնա­ցած են տակաւին հատ ու կենտ հայա­տառ թերթեր, որոնք ընդդի­մա­նա­լով պատմութեան նենգա­փոխման՝ հրա­տա­րա­կե­ցին ամբողջ համաբնա­գի­րը եւ մտա­ծել ուզող ընթերցո­ղը կրցաւ հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել ուզած էր պրն. Փաշի­նեան: Պատմա­կան իրո­ղութիւն է, որ 1920 թուա­կա­նին ազե­րի­նե­րը կոտո­րած էին Շուշիի հայե­րը. 1992ին բնակչութեան 92 տոկո­սը ազե­րի էր: Կարե­լի՞ է ժխտել պատմա­կան ճշմարտութիւնը: Հարցը, որ իրա­պաշտօ­րէն կը դրուէր հետեւեալն էր. վերջին պատե­րազմը կեցնե­լու փորձե­րու ընթացքին Ազրպէյճա­նը պայման դրած է վերա­դառնալ 1992ի ժողովրդագրա­կան կարգա­վի­ճա­կին. այսինքն՝ բոլոր ազե­րի փախստա­կաննե­րը վերա­դարձնել Շուշի: Պրն.Փաշինեան բնա­կա­նա­բար մերժած է այդ պայմա­նը, որովհե­տեւ տարա­ծուած լուրե­րուն հակա­ռա­կը փաստող «Շուշին առանց ազե­րի­նե­րու» տարա­զին կառչած է. եւ պատե­րազմը շարունա­կուած է. եւ հիմա ազգի դաւա­ճան է. եւ Շուշին ծախած է… նուա­զա­գոյն տրա­մա­բա­նութիւն ունե­ցո­ղը հոս պէտք է կենայ, լա՜յն շունչ մը առնէ եւ աւե­լի լուրջ մտա­ծէ… արդեօք ի՞նչ եղած պիտի ըլլար զինք դաւա­ճան կոչողնե­րուն կեցուածքը, եթէ ընդունած ըլլար Շուշին ազե­րի փախստա­կաննե­րով լեցնե­լու պայմա­նը… անշուշտ՝ մի՛շտ դիւրին է յետա­դարձ ակնարկ նետե­լով դատումներ կատա­րե­լը եւ թէա­կան պատկե­րա­ցումնե­րով ամբաստա­նութիւններ ընե­լը:

Հիմա պիտի կարծէք, որ այս տողե­րը գրո­ղը «փաշի­նեա­նա­կան» է. եթէ «փաշի­նեա­նա­կան» չէ, անպայմա՛ն սորո­սա­կան է. եթէ սորո­սա­կան չէ՝ վստա­հա­բար հրեայ ամուսին, եղբայր, ազգա­կան կամ բարե­կամ ունի: Այնքա՛ն պարզունակ դարձած է մեր մտա­ծե­լու ձեւը, որ խղճա­լի ենք: Դարձած ենք ըսի-ըսաւի ջաղացքի ջուր լեցնողներ. վերա­ծուած ենք մարդի­կը պիտա­կաւո­րող գործիքնե­րու: Չե՞նք ամչնար:

Կրնաք հանգիստ ըլլալ. ո՛չ փաշի­նեա­նա­կան եմ, ո՛չ սորո­սա­կան. ո՛չ ալ հրեայ ազգա­կան ունիմ: Ծախուած ալ չեմ ինչպէս շա՜տ‑շատեր, որոնք այսօր հրա­պա­րա­կը տակն ու վրայ ըրած են եւ հայ ժողո­վուրդը ա՛յս վիճա­կին ձգած: Կրնամ նոյնիսկ թուել պրն. վարչա­պե­տին տկա­րութիւննե­րը, որոնցմէ հիմնա­կա­նը անմի­ջա­պէս հակա­դարձե­լու անկա­րո­ղութիւնը կամ չկա­մութիւնը եղաւ. ան պէտք էր իսկոյն պարզա­բա­նած ըլլար միտքը եւ յստա­կօ­րէն արտա­յայտած ըլլար ինքզինք: Տակաւին շա՜տ ուրիշ թերութիւններ ունի, բայց մտա­ծել փորձող որեւէ գիտա­կից հայ պէտք է դադրի պետութիւնը տկա­րացնե­լէ եւ մտա­ծէ թակարդէն դուրս ելլե­լու մասին:

Մենք դարե­րով պետութիւն չենք ունե­ցած. չենք վարժուած պետութիւն ունե­նա­լու եւ կառուցե­լու: Պոլշեւի­կեան լուծին տակ ապրած ըլլա­լով, կորսնցուցած ենք մարդոց հանդէպ վստա­հութիւն ունե­նա­լու կարո­ղութիւնը եւ վերա­ծուած ենք զիրար այպա­նող, իրա­րու դէմ դաւ լարող մեքե­նա­նե­րու: Վայրկեան մը դիտենք մեր շուրջը. ո՞ր երկրին թերթե­րուն մէջ կը տեսնենք՝ «Էմա­նուէ­լը աս ըսաւ, Ճոն այդ ըրաւ, Անճե­լան եկաւ». չե՛նք տեսներ. բայց հայ յօդուա­ծագրե­րը կրնան այնքա՜ն դիւրութեամբ գրել՝ «Նիկո­լը, Սերժի­կը, Արա­յի­կը», կարծես անոնք իրենց թաղի ընկերնե­րը եղած ըլլան. խօսե­լու այս ձեւը ախտա­բա­նա­կան է ինքնին եւ մտա­ծել կու տայ, որ մենք չենք գիտեր յարգել մեր պետա­կան այրե­րը եւ իւրա­քանչիւրս մէյ մէկ նախա­գահ ենք‘ վճիռներ արձա­կող այս կողմ եւ այն կողմ: Հիմա պիտի ըսուի. «Բայց ի՛նք պարտութեան տարաւ մեզ, ի՛նք ստո­րագրեց անպա­տուա­բեր համա­ձայնա­գի­րը»: Այո՛, պրն. Փաշի­նեա­նը ստո­րագրեց այդ տխրահռչակ համա­ձայնա­գի­րը, բայց պէտք չէ մարդոց ուշադրութիւնը մի՛ միայն իր վրայ կեդրո­նացնե­լով փորձել ճողոպրիլ դատաստա­նի ցանցե­րէն:

Որովհե­տեւ եթէ դատաստան պիտի ըլլայ‘ բոլորի՛ն համար պէտք է ըլլայ: Մենք բոլո՛րս դաւա­ճա­նած ենք մեր ազգին եւ պէտք է խուսա­փինք քաւութեան նոխազ փնտռե­լէ: Վերջ ի վերջոյ՝ հայկա­կան բանա­կի պարտութիւնը կարե­լի չէ բեռցնել մէ՛կ անձի ուսե­րուն, երբ ան Դեկտեմբեր 2018էն Մարտ 2020 հազիւ տասնհինգ ամիս ունե­ցած էր հիմնա­կան փոփո­խութիւններ մտցնե­լու երկրէն ներս: Մարտ 2020ին աշխարհը հարուա­ծած ժահրը անկա­րե­լի դարձուցած էր երկիրնե­րու բնա­կան կառա­վա­րումը աշխարհի բոլո՛ր պետութիւննե­րուն համար: Պէտք է քննել, թէ ինչպէ՞ս 2012էն ետք, մինչ թշնա­մի­նե­րը պիլիոններ կը ծախսէին ամե­նէն արդիա­կան զէնքե­րը ձեռք բերե­լու համար, Հայաստա­նի ղեկա­վա­րութիւնը բաւա­րա­րուած էր անո­րակ եւ հնա­մե­նի սարքեր ապսպրե­լով իր դաշնա­կի­ցէն:

Եթէ իսկա­պէս հաշտ կ՛ուզենք ըլլալ մենք մեզի հետ, եթէ իսկապէ՛ս պարկեշտ ենք եւ ուղիղ մտա­ծո­ղութեան տէր, ապա պէտք է սկսինք հարցե­րուն եւ լուրե­րուն մօտե­նալ այլ կերպ: Անհրա­ժեշտ է մաղէ անցնել մեզի եկած բոլոր լուրե­րը եւ կարդալ բոլո՛ր թերթե­րը. մէկդի նետել գռե­հիկ լեզուով գրուած յօդուածնե­րը եւ անարգա­կան արտա­յայտութիւննե­րը (գինով է, հոգե­կան հիւանդ է, խելա­գար է, կնոջ ստրուկն է). կուրօ­րէն չհաւա­տալ սուտե­րուն եւ զոհ չերթալ սադրանքի:

Ժամա­նա­կը եկած է, որ կոյրե­րը կամ կոյր ձեւացնողնե­րը բանան իրենց աչքե­րը, խուլե­րը կամ խուլ ձեւացնողնե­րը լարեն իրենց ականջնե­րը, համրե­րը կամ համր ձեւա­ցողնե­րը դառնան խիզա՛խ եւ բանան իրենց բերաննե­րը:

Հարցե­րուն պէտք է մօտե­նալ անա­չառ եւ անվախ ձեւով. պէտք է թոյլ տալ, որ մարդիկ հակա­ռակ կարծիք արտա­յայտեն, որովհե­տեւ կարծիքնե­րու բախումը առողջ է եւ կրնայ սփռել լո՛յս խաւա­րին մէջ խարխա­փող մտքե­րուն վրայ:

Պէ՛տք է փորձել մտա­ծել:

Աղբյուրը‘ asbarez.com

Առնչվող Հոդվածներ