16.9 C
Yerevan

ՀՅԴ Փակուղին

Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերնա­խաւը այդպէս ալ չհասկցաւ (կամ՝ չուզեց հասկնալ), որ իր գոյութիւնը իմաստաւո­րողն ու ամրապնդո­ղը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ է։

Յարութ Գալայճեան

Վերջին քառորդ դարու ընթացքին, ՀՅԴ‑ի վարած անժո­ղովրդա­վար ու անհե­ռա­տես քաղա­քա­կա­նութիւնը գլտո­րած է կազմա­կերպութիւնը փակուղիի մը մէջ՝ 3 հիմնա­հաւա­սար պատճառնե­րով.

1 — Անձնիշխա­նա­կան կառա­վա­րում։

2 — Հակա­գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան գործունէութիւն։

3 — Կազմա­կերպութեան եւ ժողովրդի միջեւ տարանջա­տում։

Փորձենք մանրա­մասնել։

1998-էն ասդին, կազմա­կերպութեան վերնա­խաւը փոխա­նակ հաւա­քա­կան ղեկա­վա­րութեան սկզբունքով գործե­լու՝ նախընտրած է հպա­տա­կիլ շէֆա­կան տրա­մադրութիւննե­րու եւ աթո­ռա­պա­հա­կան առաջնա­հերթութեամբ փորձած է ինքզինք հետզհե­տէ ամրապնդել կանո­նագրի չարա­շա­հութեամբ՝ խեղդե­լով ամէն ողջա­միտ ու հակա­ճա­ռող տրա­մա­բա­նութիւն։

Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը դաւա­նե­լով իբրեւ ընկե­րա­յին արդա­րութիւն ջատա­գո­վող ու ժողովրդա­վար կուսակցութիւն, վերջին տասնա­մեակնե­րուն Հայաստա­նեան քաղա­քա­կան ալե­կոծ ծովուն մէջ թիա­վա­րեց վերո­յի­շեալ երկու մտա­ծո­ղութիւննե­րուն դէմ, գործակցե­լով պետա­կան սնտուկը թալա­նողնե­րուն, մարդասպան ղեկա­վարնե­րուն եւ մեր Սթա­լինկրա­տը վաճա­ռողնե­րուն հետ։ Աւելի՛ն, թիա­վա­րեց իր սեփա­կան ժողո­վուրդին դէմ՝ միա­նա­լով վերջին երկու աւա­տա­պետ-նախա­գահնե­րուն, որոնք իրենց բռնա­տի­րա­կան մոլուցքով եւ պետա­կան կառա­վարման բոլոր կառոյցնե­րը կաշա­ռա­կե­րութեամբ ստրկացնե­լով՝ ամբա­րած էին այնքան հզօր ուժ, որմով անոնք միասնա­բար կարո­ղա­ցան առնուազն դանդա­ղեցնել եւ հարցա­կաննե­րու տակ դնել ժողովրդա­յին յեղա­փո­խութեան գործընթա­ցը։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերնա­խաւը այդպէս ալ չհասկցաւ (կամ՝ չուզեց հասկնալ), որ իր գոյութիւնը իմաստաւո­րողն ու ամրապնդո­ղը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ է, եւ ոչ՝ աշխարհի տարածքին սփռուած իր կառոյցնե­րու ստրկա­ցած քուէ­նե­րը եւ ոչ ալ՝ ՀՅԴ-Կանո­նագրի քմա­հաճ գործադրութիւնը։

Փաստօ­րէն այս օրե­րուն, այդ վերնա­խաւը իր ստուե­րա­յին ղեկա­վա­րութեամբ կը շարունա­կէ իր միա­հե­ծան իշխա­նութիւնը ամբողջա­կա­նացնել սփիւռքեան վերջին օղակն ալ իր բռնա­տի­րա­կան շղթա­յին հպա­տա­կեցնե­լու արկածախնդրութեամբ։Այդ օղա­կը ովկիա­նո­սէն անդին կը գտնուի. Սփիւռքի եւ Հայաստա­նի ԱՐԻՒՆԱՏԱՐ ԵՐԱԿՆ է անի­կա։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Երկբեւեռ Կառոյցը, որ այսօր կը պարզէ ՊԱՏԺԱԿԱՆ՝ սանձարձակ եւ փոխա­դարձ տնօ­րի­նումնե­րու վտանգա­լի վիճակ մը, որ արդէն ահա­զանգի մատնած է 130 ամեայ ամբողջ կազմակերպութիւնը։Առ այժմ, հետեւեալն է ընդհա­նուր պատկե­րը.

1 — Դաշնակցութիւնը շերտաւո­րուած է։

2 — Արեւմտեա­նի Հարցը թէեւ արտաքնա­պէս տեղայնա­կան կը թուի շատե­րուն համար, բայց խորքա­յին իմաստով՝ համընդհա­նուր իրո­ղութիւն է, որովհե­տեւ շարքե­րէն ներս ամե­նուրեք գոյութիւն ունին բազմա­թիւ դժգո­հութիւններ։

3 — Ցարդ չկան այս փակուղիէն դուրս գալու նախանշաններ։

Յ.Գ .- Կազմա­կերպա­կան վերո­յի­շեալ քաո­սին առընթեր, երէկ տարա­ձայնուե­ցաւ ընկեր Վիգէն Եագուպեա­նի Բիւրո­յի կազմէն հրա­ժարման լուրը»։

Մուղնի / Հայաստան

Առնչվող Հոդվածներ