16.9 C
Yerevan

ՀՅԴ – Պառակտում կամ Մա՞հ

Արդեօ՞ք ժամա­նա­կը չէ վերա­դառնա­լու Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեա­նի հիմնա­կան գաղա­փարնե­րուն եւ ստեղծե­լու Հայ Յեղա­փո­խա­Կաննե­րի Դաշնակցութեան 21-րդ դարու յարմա­րուած տարբե­րակ մը

Կայծ Մինա­սեան

Յեղա­փո­խա­կան շրջա­նին, դաշնակցութեան ֆէտա­յի­նե­րու կարգա­խօսն էր «Ազա­տութիւն կամ Մահ»։ Անոնց անմո­ռա­նա­լի զոհա­բե­րութիւննե­րէն 100 տարի անց, ՀՅԴ‑ն, ափսոս, ինքզինք կը գտնէ շատ աւե­լի աննա­խանցե­լի այլնտրանքի մը առջեւ, «Պառակտում կամ Մահ»։ Ինչի՞ մասին է խօսքը։ Ի՞նչ «պառակտում». Ի՞նչ «մահ»։

Սկսինք պառակտումէն։ Ան կը հիմնուի երկու լրա­ցուցիչ հոլո­վոյթնե­րու վրայ։ Մէկ կողմէ, ան կը մարմնաւո­րուի Արեւմտեան Ամէ­րի­կա­յի մէջ ծայր առած տագնա­պով, որ զիրար կը հակադրէ շրջա­նի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէն եւ ՀՅԴ Բիւրօն։ 1930-ական թուա­կաննե­րէն ի վեր առա­ջին անգամ ըլլա­լով, ՀՅԴ‑ն իր ներքին խնդիրնե­րը հանրութեան սեփա­կա­նութիւնը կը դարձնէ։ Բիւրօն կ՛ուզէ պարտադրել իր կամքը, եւ իր նպա­տա­կին հասնե­լու համար ի գործ կը դնէ ամէ­նէն ստո­րին միջոցնե­րը, նոյնիսկ ոտնա­կո­խե­լով Դաշնակցութեան կանո­նա­գի­րը եւ աւանդութիւննե­րը։ Բիւրօն կը բեկա­նէ իր Քալիֆորնիոյ մասնա­ճիւղի իրաւա­կան որո­շունմե­րը, կ՛արտաքսէ ըմբոստ տարրե­րը, կ՛անցնի մաքրա­գործումնե­րու, դիմե­լով անարգ հնարքնե­րու մրո­տե­լու համար այլա­խոհ ընկերնե­րու անունը, կը նշա­նա­կէ նոր Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ, ցոյց տալու համար թէ իր հակակշռին տակ կը պահէ շրջա­նը, մինչ պարզա­պէս սրե­լով տագնա­պը, նոյնիսկ իր հետեւորդնե­րուն մղե­լով ծեծկրտուքով խօսք հասկցնե­լու գայթակղութեան։ Ողորմե­լի եւ արտա­ռոց երեւոյթ։ Արդիւնքն այն է, որ այսօր Քալիֆորնիոյ մէջ, ՀՅԴ‑ն կը յենի պատմա­կան խողո­վա­կին (canal historique) վրայ (ընտրեալ բայց այլա­խոհ կեդրո­նա­կան կոմի­տէն), որուն կը խանգա­րէ պաշտո­նա­կան խողո­վա­կը (նշա­նա­կուած բայց ժողովրդա­կա­նութե­նէ զուրկ կեդրո­նա­կան կոմի­տէն)։ Տագնա­պը միայն դիւա­նա­կա­լա­կան (bureaucratique) չէ, այլ նաեւ քաղա­քա­կան եւ Ֆինանսա­կան։ Քաղա­քա­կան, որովհե­տեւ պատմա­կան խողո­վա­կի անդամնե­րը կը քննա­դա­տեն կուսակցութեան ռազմա­վա­րութիւնը Հայաստա­նէն ներս, հարց տալով թէ ի՞նչ է իմաստը կառչած մնա­լու նման ռազմա­վա­րութե­նէ մը, որ կը հեղի­նա­կազրկէ ՀՅԴ‑ն եւ զայն կը տանի պարտութե­նէ պարտութիւն։ Ֆինանսա­կան, որովհե­տեւ Արեւմտեան Ամէ­րի­կան միակ շրջանն է, որ տակաւին կարո­ղութիւնը ունի ֆինանսաւո­րե­լու Դաշնակցութեան համաշխարհա­յին գործունէութիւնը։ Ձեռք դնել Արեւմտեան Ամէ­րի­կա­յի շրջա­նին վրայ, կը նշա­նա­կէ ձեռք դնել բազմա­թիւ միլիոն տոլարնե­րու վրայ։ Արդ, Հայաստա­նի մէջ, արտա­խորհրդա­նա­կան ընդի­մութեան դիրքե­րուն անցնե­լէ ի վեր, ՀՅԴ‑ն զրկուած է ֆինանսա­կան աղբիւրնե­րէ եւ լծակնե­րէ, եւ չունի միջոցնե­րը իրա­կա­նացնե­լու իր առջեւ դրած խնդիրնե­րը։ Հետեւա­բար, նիւթա­կան աղբիւրնե­րու կարի­քը, Երեւա­նեան կառոյցին կը մղէ, Բիւրօ­յի վրայ ճնշումնե­րու միջո­ցաւ, ձեռք դնե­լու «Դաշնակցութեան Դրա­մա­տան» վրայ, պատրաստուե­լու համար գալիք արտա­հերթ խորհրդա­նա­կան ընտրութիւննե­րուն։ Հոս նաեւ ծայր կ՛առնէ պառակտման երկրորդ հոլո­վոյթը, որովհե­տեւ արտա­հերտ ընտրութիւննե­րու հեռանկա­րով, համա­ձայնութիւն մը կը թուի առաջ գալ, որմով ՀՅԴ‑ն կը միտի աջակցիլ Րոպէրթ Քոչա­րեա­նին։ Ան ուրեմն կը պատրաստուի լքել Վազգէն Մանուկեա­նին, միա­նա­լու համար նախկին նախա­գա­հին։ Առա­ջին անգա­մը չէ որ ՀՅԴ‑ն լքած կ՛ըլլայ նախկին վարչա­պե­տին։ Արդէն իսկ 1998-ին, երբ Րոպէրթ Քոչա­րեա­նը նպաստեց Հրանդ Մարգա­րեա­նի եւ Վահան Յովաննէ­սեա­նի բանտէն արձակման, ՀՅԴ‑ն, որ մինչ այդ ձեռք ձեռքի կը գործէր Վազգէն Մանուկեա­նի հետ (որը, առ ի յիշե­ցում, ՀՅԴ‑ի թեկնա­ծուն էր 1996‑ի նախա­գա­հա­կան ընտրութիւննե­րուն), որո­շեց մաս կազմել Քոչա­րեա­նի վարչա­կազմին, եւ Վահան Յովաննէ­սեա­նը դարձաւ նախա­գա­հի խորհրդա­կան։ Այդ շրջա­նին, Վազգէն Մանուկեա­նը հորդո­րած էր Հրանդ Մարգա­րեա­նին եւ Վահան Յովաննէ­սեա­նին թոյլ չտալ որ ՀՅԴ‑ն միա­նայ Քոչա­րեա­նի վարչա­կազմին, որովհե­տեւ հայկա­կան պետութեան շահե­րուն համար կարեւոր կը նկա­տէր, որ ՀՅԴ‑ն մնայ անկախ այլընտրանք, սակայն ի զուր։ «Փաստա­րան Հրանդը» եւ «Զիլո­վի­քի Վահա­նը» միա­ցան Քոչա­րեա­նին, առա­ջի­նը որպէս ղեկա­վար Դաշնակցութեան, զորս կը դատա­պարտէր լռութեան ի դէմս րէժի­մի սայթա­քումնե­րուն, իսկ երկրորդը որպէս նախա­գա­հա­կան վարչա­կազմի անդամ, եւ երկուսով ՀՅԴ Բիւրօ­յի գլխուն։ Այս երկու հոլո­վոյթնե­րու շաղկապմամբ, պառակտումը հետզհե­տէ դարձաւ անխուսա­փե­լի։ Այսօր, Քոչա­րեան-ՀՅԴ համա­գործակցութեան պարա­գա­յին՛ նախկին նախա­գա­հի գլխաւո­րած ցանկը կարող է անցնի 5%-ի շեմը եւ մտնէ խորհրդա­րան, անշուշտ եթէ արդա­րա­դա­տութիւնը չմի­ջամտէ արգի­լե­լով անոր թեկնա­ծութիւնը։ ՀՅԴ‑ն կրնայ անշուշտ ըսել որ իր մորթը փրկեց եւ այս խաղէն իր օգուտը քաղեց, սակայն ան կը կորսնցնէ իր ինքնուրոյն քաղա­քա­կան դիրքո­րո­շումը եւ կը ստի­պուի դաշնա­կի­ցը ըլլալ Քոչա­րեա­նա­կան պատգա­մաւորնե­րուն։ Որոշ ընկերնե­րու հարցադրման թէ նման դաշինք արդեօք չի՞ հակա­սեր վերջին ընդհա­նուր ժողո­վի այն որո­շումին, ըստ որու, ՀՅԴ‑ն հետ այսու երբէք պիտի չմասնակցի կառա­վա­րա­կան դաշինքի մը փոքրա­մասնութեան դիրքե­րէ, կուսակցա­կան գործա­վարնե­րը կրնան բացատրել, որ ընդի­մութեան դաշինքի մէջ ըլլա­լը եւ կառա­վա­րա­կան դաշինքի մէջ ըլլա­լը տարբեր բաներ են։ Նման արդա­րա­ցում կրնայ բաւա­րա­րել ոմանց եւ անցնիլ կովկա­սեան լեռնե­րէն անկողմ, սակայն տարբեր երկիրնե­րու շրջա­նա­յին ժողովնե­րու բովին մէջ, ան հաւա­նա­բար կորսնցնէ իր ուժը եւ նոյնիսկ դառնայ աղբիւր դժգո­հութիւննե­րու, զայրոյթի եւ պառակտման, Արեւմտեան Ամէ­րի­կա­յի ՀՅԴ‑ն վերա­ծե­լով ըմբոստութեան ամրո­ցի, որուն հետզհե­տէ կը միա­նան այլ շրջաններ, որոնք դէմ են Քոչա­րեա­նի հետ դաշինքին։ Այսպի­սով, Դաշնակցութիւնը կը բաժնուի Քոչա­րեա­նա­կան եւ հակա-Քոչա­րեա­նա­կան թեւե­րու։ Անտա­նե­լի հեռանկար։

Գանք մահուան։ Եթէ Բիւրօն, 2021‑ի արտա­հերթ ընտրութիւննե­րու հեռանկա­րով, կարո­ղա­նայ Հայաստա­նի Գերա­գոյն Մարմնին պարտադրել անկախ դիրքո­րո­շում (արգի­լուած չէ տակաւին երա­զել), «Ոչ Քոչա­րեան, ոչ Սերժ, այլ Դաշնակցութիւնը առանձին» կարգա­խօ­սով, այդ պարա­գա­յին մեծ է հաւա­նա­կա­նութիւնը որ նման անկախ դիրքո­րո­շումով, ՀՅԴ‑ն իր մահկա­նա­ցուն կնքէ Հայաստա­նի քաղա­քա­կան բեմէն ներս։ Որդեգրել նման անկախ ուղի կրնայ ըլլալ իր մեղքե­րը քաւե­լու առիթ, սակայն արդէն շատ ուշ է։ Րոպէրթի եւ Սերժի հետ գործակցութեան աւերնե­րը շատ մեծ են կարե­նա­լու համար այլընտրանք մարմնաւո­րել։ Որեւէ ետդարձ, նոյնիսկ երրորդ ուղի առա­ջադրե­լու փորձ («Ոչ Նիկո­լը, ոչ ալ Րոպէրթ-Սերժ զոյգը») պիտի հնչեցնէ ՀՅԴ‑ի վախճա­նը Հայաստա­նի մէջ։ Թերեւս այդ է լռե­լեան մաղթանքը Բիւրօ­յի կարգ մը անդամնե­րուն, որոնք յոգնած Երեւա­նեան թեւի բեռը քրաշ տալէ, գոնէ այս ձեւով կը կարո­ղա­նան դարձնել Հրանդ Մարգա­րեա­նի էջը։ Վստա­հա­բար այդ չէ մաղթանքը Հրանդ Մարգա­րեա­նի, որ կը շարունա­կէ քաշել Դաշնակցութեան Հայաստա­նեան քաղա­քա­կա­նութեան թելե­րը եւ տակաւին ունի մեծ ազդե­ցութուն Բիւրօ­յի վրայ։ Նման երրորդ ուղիի հեռանկա­րի մը պարա­գա­յին, տագնա­պը այս անգամ կրնայ ծագիլ Հրանդի խմբա­կէն ներս իսկ, մէկ կողմէ ինքն իր անկումով մտա­հոգ Հայաստա­նեան կառոյցի եւ միւս կողմէ տկա­րա­ցած եւ երկփեղկուած Բիւրօ­յի միջեւ։ Այսպի­սով վերջ կը դրուի ՀՅԴ‑ի 31 ամեայ գոյութեան Հայաստա­նի մէջ եւ ՀՅԴ‑ն կը «սփիւռքայնա­նայ», զրկուած իր Հայաստա­նեան թեւէն։ Անե­րեւա­կա­յե­լի։

Պառակտման եւ մահուան միջեւ կա՞յ արդեօք յոյսի նշոյլ։ Ամէն ինչ կախեալ է Երեւա­նի մէջ դէպքե­րու հոլո­վոյթէն, եւ քաղա­քա­կան վերնա­խաւի կարո­ղութե­նէն, յաղթա­հա­րե­լու այն մեծա­գոյն ճգնա­ժա­մը, որ կը սպառնայ Հայաստա­նին, եթէ ոչ վերջին 30 տարի­նե­րու ողջ ընթացքին, այլ գոնէ 2020‑ի ռազմա­կան պարտութե­նէն ի վեր։ Միւս կողմէ, դուրս գալու համար այն ներքին տագնա­պէն որ կը հիւծէ կուսակցութիւնը եւ հոգի­նե­րը, արդեօ՞ք ժամա­նա­կը չէ վերա­դառնա­լու Քրիստա­փոր Միքա­յե­լեա­նի հիմնա­կան գաղա­փարնե­րուն եւ ստեղծե­լու Հայ Յեղա­փո­խա­կաննե­րի Դաշնակցութեան 21-րդ դարու յարմա­րուած տարբե­րակ մը, որը կրնայ ծառա­յել իբրեւ ազատ հարթակ բոլոր անոնց համար որ կը ձգտին հայութեան եւ հայկա­կան պետա­կա­նութեան լաւին, ըլլալ ասպա­րէզ մը երկխօ­սութեան եւ հայրե­նի­քի զարգացման նուի­րուած գործունէութեան, եւ դառնալ վայր մը ազա­տութեան, ձեռբա­զա­տուած կաշկանդումնե­րու եւ պատիժնե­րու յոռի բարքե­րէն։ Միմիայն բանա­կա­նութիւն, ողջա­խո­ղութիւն, եւ ծառա­յութիւն պետա­կա­նութեան շահե­րուն։

Առնչվող Հոդվածներ