Հայը փոխանակ իր մէջի թեհլիրեանը առաջ մղէ, փոխանակ ճիշդին ու լաւին ետեւէն քալէ, տարիներ շարունակ իր ժամանակը վատնեց ծուլութիւն ընելով, չարութեամբ ու անհոգութեամբ իրար վրայ լիմոն քամելով։
Խաժակ Այնթապեան
Այս կիրակի ախորժակս գիտէ՞ք ինչ կ’ուզէ`
Ժամանակ։
Ի՞նչ պիտի ընեմ ժամանակը` պիտի վատնեմ։
ինչու՞ պիտի վատնեմ ` որովհետեւ հայ եմ։
Եթէ հայ չըլլայի , թերեւս ժամանակին յարգը կը գիտնայի։ Ժամանակը ոսկի է, ըսելով ոչ մէկ վայրկեան ի զուր տեղ կը վատնէի… կամ` ժամանակը ամենամեծ ուսուցիչն է, կ’ըսէի եւ ահագին գիտելիքներ կը սորվէի, պատմութենէն դասեր կը քաղէի…
Բայց ես հայ եմ ու թէեւ հիմա վիրաւոր եմ, սակայն անհոգ նստած եմ ու ժամանակը թող իմ վէրքերս բուժէ, կը մտածեմ…
Հայը ժամանակին արժէքը բնաւ չի գիտեր։ Ճիշդ է, որ ան շատ հին ազգ է, սակայն իր ժամանակին մեծ մասը միշտ ան ի զուր կը վատնէ … Եթէ ինծի չէք հաւատար հայոց պատմութեան էջերը բացէք ու ճիշդ հարիւր տարի ետ գացէք … Տեսէք թէ ինչպէս հարիւր տարի առաջ գրեթէ այսօրուան պէս թալիաթ փաշան փախաւ Պերլին, Թեհլիրեանը հասաւ ետին, զարկաւ ճակտին, փռեց գետին…
Այդ օրը կերտուեցաւ մեր պատմութեան փառապանծ էջերէն մէկը, կեցցէ Սողոմոն Թեհլիրեանը… Բայց յետո՞յ ինչ եղաւ.. յետոյ հարիւր տարի անցաւ եւ թուրքիոյ մէջ էրտողան անունով նոր թալիաթ մը մէջտեղ եկաւ ու այնքան երես առաւ , որ իր նախնիներուն վրայ լիմոն քամեց ու անցաւ…
Ինչո՞ւ այդքան երես առաւ, որովհետեւ Թեհլիրեանին ձգած սարսափը աւաղ, շատ շուտ սպառեցաւ…
Ինչո՞ւ այդքան շուտ սպառեցաւ, որովհետեւ հայը փոխանակ իր մէջի թեհլիրեանը առաջ մղէ, փոխանակ ճիշդին ու լաւին ետեւէն քալէ, տարիներ շարունակ իր ժամանակը վատնեց ծուլութիւն ընելով, չարութեամբ ու անհոգութեամբ իրար վրայ լիմոն քամելով…. Ու մինչեւ հիմա տակաւին կը շարունակէ նոյնը… Նոյն թափով հայը կը շարունակէ վատնել իր ժամանակը … Երանի միայն ժամանակը… Ժամանակին հետ կը վատնէ իր ազգին առողջութիւնը եւ ափսոս… Կը վատնէ նաեւ իր հայրենիքը։