20 C
Yerevan

Կուսակցա­կան Շերտաւո­րումնե­րու Անհրա­ժեշտութունը

Ունիմ ինծի համար շատ յարգե­լի ընկերներ, որոնք համա­ձայն ըլլա­լով իմ շատ մը քննա­դա­տութիւննե­րուն, այսօր, Դաշնակցութիւնը պաշտպա­նե­լու հասկնա­լի բնազդով, ակա­մայ ինկած են Հրանդի քաղա­քա­կա­նութիւնը պաշտպա­նո­ղի դերին մէջ

Ռուբէն Գարա­գա­շեան

Վերջերս շատ խօսուած է շերտաւո­րումնե­րու մասին, եւ ընդհանրա­պէս իբրեւ
բացա­սա­կան երեւոյթ։ Երբ Նիկոլ Փաշի­նեան եւ ուրիշներ խօսե­ցան
Դաշնակցութեան շերտե­րուն մասին, մեծ ընդվզում յառա­ջա­ցաւ Դաշնակցա­կան
ղեկա­վա­րութեան մօտ։ Ան անմի­ջա­պէս եւ պաշտօ­նա­պէս հակա­դարձեց,
դատա­պարտե­լով նման ՚ամբաստա­նութիւններ՚ եւ պնդե­լով որ կուսակցութեան մէջ
շերտեր չկան, եւ շերտեր փնտռե­լու որեւէ փորձ դատա­պարտուած է
ձախո­ղութեան։

Ըստ իս, այն կուսակցութիւնը ուր շերտեր գոյութիւն չունին, հիւանդ
կուսակցութիւն է։ Նման կուսակցութիւններ, կամ հետզհե­տէ տկա­րա­նա­լով կը
հեռա­նան քաղա­քա­կան բեմէն, եւ կամ դառնա­լով հետզհե­տէ աւե­լի ջղագրգիռ,
այլա­մերժ եւ ամբարտաւան, կը դառնան պատուհաս ժողո­վուրդի գլխին։
Շերտաւո­րումնե­րը պէտք է պահպա­նել մեծ գուրգուրանքով, որովհե­տեւ անոնք
հարստութիւն են կուսակցութեան մը համար, ապա­ցոյց անոր կենսունա­կութեան
եւ երաշխիք հաւա­սա­րակշռուած քաղա­քա­կան ռազմա­վա­րութեան եւ
գործունէութեան։ Հետեւա­բար կուսակցա­կան խելա­ցի եւ իմաստուն
ղեկա­վա­րութեան գլխաւոր դերն է պահել հաւա­սա­րակշռութիւնը տարբեր
շերտե­րու միջեւ, քաջա­լե­րել առողջ եւ ազնիւ մրցակցութիւն անոնց միջեւ, եւ
կատա­րել այդ ամէ­նուն համադրութիւնը, առանց երբէք թոյլ տալու որ մէկ շերտ
բռնա­նայ այլ շերտե­րու վրայ եւ որոշ շերտեր զգան մեկուսա­ցած, անտե­սուած եւ
անզօր։

Դաշնակցութիւնը միշտ ունե­ցած է շերտեր։ Ան եղած է հզօր ու հեղի­նա­կաւոր, երբ
ունե­ցած է իմաստուն ղեկա­վար մարմիններ, ուր ներկա­յա­ցուած են տարբեր
շերտեր, եւ զիրար յարգե­լով, միասնա­բար մշա­կած են հաւա­սա­րակշռուած
գործունէութիւն։ Ան եղած է տկար եւ հեղի­նա­կա­զուրկ, Երբ ունե­ցած է ղեկա­վար
մարմիններ, ենթա­կայ կամքին միայն մէկ շերտի, որ ինքզինք պարտադրե­լու
համար չի քաշուիր նոյնիսկ պայքա­րի ամէ­նաստո­րին եւ անսկզբունք միջոցնե­րէ։
Դժբախտա­բար այս վերջինն է պատկե­րը Դաշնակցութեան, գոնէ այս վերջին
երկու տասնա­մեակնե­րուն։ Կարե­լի է վիճիլ թէ այդպէս եղած է նաեւ այլ
շրջաննե­րու ընթացքին, բայց այդ չէ էակա­նը։ Անընդհատ բռնա­նա­լով իր հետ
անհա­մա­ձայն շերտե­րուն վրայ, եւ ղեկը անդա­դար իր ձեռքը պահե­լու մոլուցքէ
տարուած, ընկեր Հրանդ Մարգա­րեան, աւե­լի մեծ վնաս պատճա­ռած է
Դաշնակցութեան, քան ամէ­նէն հզօր եւ ոխե­րիմ հակա­դաշնակցա­կաննե­րը։
Այսօր, երբ կուսակցա­կան կեանքէն ներս ժողովրդա­վա­րութե­նէն մնա­ցած են
միայն ձեւն ու ծէսե­րը, եւ կարգա­պա­հութիւնը վերա­ծուած է գերա­գոյն եւ
բացարձակ արժէ­քի, տարբեր գաղա­փարնե­րու եւ մօտե­ցումնե­րու բախումը եւ
պայքա­րը փոխա­նակ ընթա­նա­լու առողջ ու բնա­կան ձեւով կուսակցութե­նէն ներս,
անի­կա սկսած է ընթա­նալ ամէ­նէն հիւանդա­գին ձեւով ու հրա­պա­րա­կաւ,
ապա­կա­նե­լով միտքերն ու հոգի­նե­րը։ Սեւ ու Սպի­տա­կի մակդիրնե­րէն խորշող
մարդիկ, այսօր կը փորձեն դաշնակցա­կան մեծ ընտա­նի­քի իւրա­քանչիւր անդամ
տեղաւո­րել երկու իրա­րա­մերժ ճամբարնե­րու մէջ – Հրանդա­կան,
հակահրանդա­կան – նիկո­լա­կան, հակա­նի­կո­լա­կան – ազգա­յին արժէքնե­րու
պաշտպան, Սորո­սա­կան – դաւա­ճան, փրկիչ – եւ այսպէս շարունակ …
Նման իրա­վի­ճակ, սեւէ ու սպի­տա­կէ զատ այլ երանգնե­րու դրսեւո­րում թոյլ չի
տար։ Որեւէ քննա­դա­տութիւն ուղղուած ղեկա­վա­րութեան կ՛ընկալուի իբրեւ
հարուած ուղղուած Դաշնակցութեան եւ կ՛արթնցնէ ինքնա­պաշտպա­նութեան
բնազդ, յատուկ հոգե­կան անբաւա­րա­րութե­նէ տառա­պող մարդուն։
Հակահրանդա­կան քննա­դա­տը կը ներկա­յա­ցուի իբրեւ հակա­դաշնակցա­կան եւ
կամ իսկա­կան հակա­դաշնակցա­կաննե­րու ջաղացքին ջուր լեցնող, իսկ
Դաշնակցութեան պաշտպա­նի դերը ստանձնո­ղը, կամայ թէ ակա­մայ կը
ներկա­յա­ցուի իբրեւ հրանդա­կան։

Հակա­ռակ անոր, որ ես բուռն քննա­դա­տողն եմ Հրանդ Մարգա­րեա­նի վարած
քաղա­քա­կա­նութեան եւ ղեկա­վարման ոճին, ունիմ ինծի համար շատ յարգե­լի
ընկերներ, որոնք համա­ձայն ըլլա­լով հանդերձ իմ շատ մը
քննա­դա­տութիւննե­րուն, այսօր, Դաշնակցութիւնը պաշտպա­նե­լու հասկնա­լի
բնազդով, ակա­մայ ինկած են Հրանդի քաղա­քա­կա­նութիւնը եւ գործե­լա­կերպը
պաշտպա­նո­ղի դերին մէջ։ Ոմանք այդ դերը կը կատա­րեն զուսպ եւ անհանգիստ,
իսկ դժբախտա­բար ոմանք, զայն ստանձնած են անհաւա­տա­լի
խանդա­վա­ռութեամբ եւ կիրքով։ Շարքե­րէն դուրս գտնուողնե­րուն համար կարե­լի
չէ այլեւս ժողովնե­րու ճամբով բարձրա­ձայնել իրենց մտա­հո­գութիւննե­րը եւ անոնք
դատա­պարտուած են յուշա­րա­րի դեր կատա­րել հրա­պա­րա­կաւ,
հակա­դաշնակցա­կա­նի պիտա­կաւո­րումին արժա­նա­նա­լու գնով։ Կը յուսամ շատ
ուշ չէ այլեւս, որ այդ մտա­հո­գութիւննե­րը գէթ մասամբ բաժնող շարքա­յին
ընկերներ, իրենց մէջ ուժը գտնեն բարե­փո­խե­լու կուսակցութիւնը ներսէն, եւ
վերա­կանգնե­լու անոր բազմա­շերտ հարստութիւնը։

Հ.Գ. Աւե­լորդ մեկնա­բա­նութիւննե­րու եւ զրպարտութիւննե­րու առաջքը առնե­լու
համար կը ստի­պուիմ դարձեալ նշել, որ քննա­դա­տութիւններս ուղղուած
Դաշնակցա­կան ղեկա­վա­րութեան ոչ մէկ ձեւով կ՛ենթադրեն որեւէ համակրանք
հանդէպ Նիկո­լի Փաշի­նեա­նի, որ չ՚արդարացուց ժողովրդա­յին յեղա­փո­խութեան իր
վրայ դրած յոյսե­րը եւ դարձաւ պատուհաս մեր ազգի գլխին։ Իր ձախո­ղութեան մէջ
կարե­լի չէ նաեւ թերագնա­հա­տել յեղա­փո­խութե­նէն դժգոհ ուժե­րուն դերը։ Այո, ան
անպայման պէտք է հեռա­նայ, սակայն ոչ փոխա­րի­նուե­լու համար իր
ձախո­ղութիւնը ցանկա­ցած Սերժե­րու, Րոպէրթնե­րու ու անոնց նմաննե­րու եւ կամ
ծառա­յածնե­րու կողմէ, այլ իր ձախո­ղութե­նէն հիասթա­փուած նոր, կարող,
պարկեշտ եւ օտա­րին չծա­ռա­յող ուժե­րու կողմէ։

Երա­զե­լը տակաւին արգի­լուած չէ։

Առնչվող Հոդվածներ