16.9 C
Yerevan

Յեղա­փո­խա­կան Յանդգնութեամբ

Գերա­գոյնը զոհա­բե­րե­լու Քրիստա­փո­րեան Յանձնա­ռութեան կենդա­նի՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ օրի­նա­կը

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Քրիստա­փո­րի ինքնա­զո­հա­բերման Վիտո­շեան Խորհուրդը հայոց սերունդնե­րու գաղա­փա­րա­կան ուղին լուսաւո­րող Յեղա­փո­խա­կան Աւանդ է։

Առա­ջին հերթին արդի ժամա­նակնե­րու Հայ Մարդուն կը ներշնչէ անհուն ինքնավստա­հութիւն ու հպարտութիւն, որովհե­տեւ հայ ազա­տագրա­կան շարժման մեծ առաջնորդը իր կեանքի գնով օրի­նակ դարձաւ Յեղա­փո­խա­կան Յանդգնութեան։

Ոչ միայն խօսքով, այլեւ կենդա­նի գործով Քրիստա­փոր մարմնաւո­րեց Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդի ամբողջա­կան ազա­տագրութեան պայքա­րին սեփա­կան գերա­գոյնը անսա­կարկ նուի­րա­բե­րե­լու Յանձնա­ռութիւնն ու Պատրաստա­կա­մութիւնը։

Ու գերա­գոյն իր զոհա­բե­րութեամբ եկաւ հաստա­տե­լու, որ երբ կայ մարտունա­կութիւնը եւ երբ ամրա­պինդ է անհաւա­սար ուժե­րով անգամ կռուի դաշտ նետուե­լու կամքը՝ յեղա­փո­խա­կա­նը ի վիճա­կի է իր զէնքե­րը հնա­րե­լու եւ սանձե­լու ամէ­նէն անխո­ցե­լի կարծուած բռնա­կալներն իսկ։

Իր գերա­գոյն զոհա­բե­րութեամբ Քրիստա­փոր պատգա­մեց՝

«Մենք կարող ենք, ի հարկէ, նոյն մեր անձնա­պաշտ արեան հետեւե­լով, անի­ծել երկրագնդիս բոլոր քաղա­քա­կիրթ ազգե­րին էլ, որ այն ժամա­նակ, երբ մենք անասնա­կան թէ սրի­կա­յա­կան, վաշխա­ռուա­կան թէ ստրկա­կան ժպիտնե­րով վերա­բե­րուե­ցինք դէպի օրաւուր մեր առա­ջը գտնուող խնդիրնե­րը, նրանք — այդ ժողո­վուրդնե­րը — գլխա­պա­տառ — ոտի տակ չտուին իրենց բոլոր շահե­րը եւ հայկա­կան կռուի դաշտը չգրաւե­ցին… Այո՛, կարող ենք այդ էլ անել, ուրիշ շատ բաներ էլ անել, բայց ե՞րբ պիտի քաղա­քա­ցիա­կան համարձա­կութիւն ունե­նանք մի փոքր էլ մեր վրայ անդրա­դառնա­լու եւ մեր բարո­յա­կան պակա­սութիւննե­րին, մեր վատա­ռողջ բնազդնե­րին, մեր ազգա­յին ախտե­րին՝ «պատմա­կան այդ չարի­քին» եւս՝ որոշ տեղ տալու մեր կրած տառա­պանքնե­րի ու մեր ներկայ ծանր կացութեան մէջ…»։

Այդպէ՛ս, Վիտոշ լերան լանջին իր ողբերգա­կան վախճա­նով, Քրիստա­փոր հայոց հետա­գայ սերունդնե­րը հեռու պահեց տարբեր ժամա­նակնե­րու հայկա­կան պահպա­նո­ղա­կա­նութեան, անձնա­պաշտութեան եւ ստրկա­կան համա­կերպութեան բոլոր դեդեւումնե­րէն եւ սայթա­քումի փորձութիւննե­րէն։

Առնչվող Հոդվածներ