ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յեղափոխական Յանդգնութեամբ

Գերագոյնը զոհաբերելու Քրիստափորեան Յանձնառութեան կենդանի՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ օրինակը

Նազարէթ Պէրպէրեան

Քրիստափորի ինքնազոհաբերման Վիտոշեան Խորհուրդը հայոց սերունդներու գաղափարական ուղին լուսաւորող Յեղափոխական Աւանդ է։

Առաջին հերթին արդի ժամանակներու Հայ Մարդուն կը ներշնչէ անհուն ինքնավստահութիւն ու հպարտութիւն, որովհետեւ հայ ազատագրական շարժման մեծ առաջնորդը իր կեանքի գնով օրինակ դարձաւ Յեղափոխական Յանդգնութեան։

Ոչ միայն խօսքով, այլեւ կենդանի գործով Քրիստափոր մարմնաւորեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին սեփական գերագոյնը անսակարկ նուիրաբերելու Յանձնառութիւնն ու Պատրաստակամութիւնը։

Ու գերագոյն իր զոհաբերութեամբ եկաւ հաստատելու, որ երբ կայ մարտունակութիւնը եւ երբ ամրապինդ է անհաւասար ուժերով անգամ կռուի դաշտ նետուելու կամքը՝ յեղափոխականը ի վիճակի է իր զէնքերը հնարելու եւ սանձելու ամէնէն անխոցելի կարծուած բռնակալներն իսկ։

Իր գերագոյն զոհաբերութեամբ Քրիստափոր պատգամեց՝

«Մենք կարող ենք, ի հարկէ, նոյն մեր անձնապաշտ արեան հետեւելով, անիծել երկրագնդիս բոլոր քաղաքակիրթ ազգերին էլ, որ այն ժամանակ, երբ մենք անասնական թէ սրիկայական, վաշխառուական թէ ստրկական ժպիտներով վերաբերուեցինք դէպի օրաւուր մեր առաջը գտնուող խնդիրները, նրանք – այդ ժողովուրդները – գլխապատառ – ոտի տակ չտուին իրենց բոլոր շահերը եւ հայկական կռուի դաշտը չգրաւեցին… Այո՛, կարող ենք այդ էլ անել, ուրիշ շատ բաներ էլ անել, բայց ե՞րբ պիտի քաղաքացիական համարձակութիւն ունենանք մի փոքր էլ մեր վրայ անդրադառնալու եւ մեր բարոյական պակասութիւններին, մեր վատառողջ բնազդներին, մեր ազգային ախտերին՝ «պատմական այդ չարիքին» եւս՝ որոշ տեղ տալու մեր կրած տառապանքների ու մեր ներկայ ծանր կացութեան մէջ…»։

Այդպէ՛ս, Վիտոշ լերան լանջին իր ողբերգական վախճանով, Քրիստափոր հայոց հետագայ սերունդները հեռու պահեց տարբեր ժամանակներու հայկական պահպանողականութեան, անձնապաշտութեան եւ ստրկական համակերպութեան բոլոր դեդեւումներէն եւ սայթաքումի փորձութիւններէն։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *