16.9 C
Yerevan

ՎԻՏՈ­Շի Խորհուրդը եւ ՔՐԻՍՏԱ­ՓՈ­Րի Պատգա­մը

Քրիստա­փոր մարմնաւո­րեց անսա­կարկ անձնուի­րումը՝ Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդի ամբողջա­կան ազա­տագրութեան պայքա­րին։

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Հայ ազգա­յին գիտակցութեան մէջ կարմիր արեամբ յաւերժա­ցած պահ է 1905 թուա­կա­նի այս օրը՝ 17 Մարտը, երբ Պուլկա­րիոյ Վիտոշ լերան լանջին, հայ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան շարժման անզուգա­կան վարի­չը՝ Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեան եւ իր գործա­կից Վռամշա­պուհ Քենտի­րեան զոհուե­ցան, Սուլթան Համի­տի ահա­բեկման համար պատրաստուած ռումբի փորձարկման ընթացքին։

Վիտո­շի Խորհուրդը ինչպէս իր օրին եւ այնուհե­տեւ ամբողջ տասնա­մեակներ, նոյնպէս եւ այսօր կը շարունա­կէ լուսաւո­րել ու առաջնորդել ուղին ոչ միայն հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րին, այլեւ՝ ընդհանրա­պէս Հայաստա­նի եւ հայութեան ազգա­յին-քաղա­քա­կան վերածնունդին եւ դէպի նոր հորի­զոններ յանդուգն թռիչքին։

Այդպէ՛ս է, որովհե­տեւ Մեծ Մարդասպա­նը ահա­բե­կե­լու իր քաղա­քա­կան յանդգնութեամբ, ահա­բեկման կազմա­կերպումը անձամբ ղեկա­վա­րե­լու իր յեղա­փո­խա­կան կամքով եւ, մանաւա՛նդ, յանուն Սուրբ Գործին գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան պատրաստ գտնուե­լու իր կենդա­նի օրի­նա­կով՝ Քրիստա­փոր հայոց սերունդնե­րուն կտա­կեց բոլոր ժամա­նակնե­րուն համար ուղի լուսաւո­րող Գաղա­փա­րի Լոյսը։

Այո՛, Գերա­գոյն Յանդգնութեան ու Անձնուի­րումի խորհուրդը շնչաւո­րող օրն է 1905 թուա­կա­նի 17 Մարտը, որ հայոց սերունդնե­րու յիշո­ղութեան եւ գիտակցութեան մէջ միշտ վառ կը պահէ Քրիստա­փո­րի պատգա­մը.

- «Պատռել է հարկաւոր քարտէսնե­րի վրայ այս կամ այն աւա­զա­կա­պե­տի կամքով գծուած սահմաննե­րը. ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրա­կան ներկե­րը, որոնք մեզ բաժա­նում են իրա­րից եւ որոնք առհա­սա­րակ մշտա­կան չեն, իսկ երբեմն շատ կարճա­տեւ են լինում։ Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալա­ծանք, ո՛չ մի սահման չէ կարող բաժա­նել մի ժողո­վուրդ, եթէ նա տոգո­րուած է ընդհա­նուր շահե­րի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուե­լու անսա­սան վճռո­ղա­կա­նութիւն եւ կապուած, միա­ցած է դարե­րով սնուած ու պահպա­նուած ընդհա­նուր բնազդնե­րի ու զգացմունքնե­րի առողջ զարկե­րով»։

- «… Եթէ իրաւունքը իր պաշտպա­նութեան համար կռիւ է պահանջում, հապա կռիւը իր յաղթա­նա­կի համար նեցուկ պիտի ունե­նայ ոյժը։ Ոյժն է՝ որ կառա­վա­րում է աշխարհս, եւ մենք ձեռք կը բերենք մեր ուզածնե­րը՝ երբ ո՛յժ կ՚ունենանք»։

Ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով Քրիստա­փոր մարմնաւո­րեց անսա­կարկ անձնուի­րումը՝ Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդի ամբողջա­կան ազա­տագրութեան պայքա­րին։

Գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան իր անմահ օրի­նա­կով եկաւ հայոց սերունդնե­րուն սորվեցնե­լու, որ երբ կայ մարտունա­կութիւնը եւ երբ անե­րեր է ի հարկին անհաւա­սար ուժե­րով կռուի դաշտ նետուե­լու կամքը՝ յեղա­փո­խա­կա­նը ի վիճա­կի է վերա­հաստա­տե­լու Դաւի­թի եւ Գողիա­թի առասպե­լին օրի­նա­չա­փութիւնը, հայրե­նի մեր հողը բռնագրաւած ու հայու արեամբ ներկած բռնա­կալ մեծ կայսրութեան գերա­գոյն խորհրդա­նիշ «Մարդասպան Սուլթան»ն իսկ ահա­բե­կե­լու իր անկա­սե­լի յանդգնութեամբ։

Առնչվող Հոդվածներ