Աւօ Պօղոսեան
Շատ ըսուած է, որ մենք ժողովրդագրական լուրջ սպառնալիքի դէմ հանդիման ենք, ու շրջապատուած թուաքանակով անհամեմատ աւելի մեծ թշնամիներու կողմէ, ու պարզ է, որ մեծ երկիրը մեծ բանակներ կունենայ, ու մեծ տնտեսական ոյժը աւելի կարողութիւն` բանակը սպառազինելու, սակայն այս ճիշտ ու տրամաբանական ըլլալով հանդերձ, պատմութիւնը հակառակի փաստերն ալ ունի։
1500 ականներու սկզբին, Սպանական փոքր ջոկատ մըն էր ի վերջոյ, որ Ազդէկներու կայսրութեան տիրապետեց ու բնաջնջեց, ու անդին անգլիական կամ փորթուկալական փոքրաթիւ բնակչութեամբ երկիրները, գաղութացրեցին գրեթէ այդ ժամանակուայ աշխարհի կէսէն աւելին, իսկ միայն վերջերս, անցեալ դարուն, Իսրայէլի նման փոքր երկիր յաղթանակ տարաւ հարիւրապատիկ աւելի մարդաշատ ու հարուստ արաբական երկիրներու դէմ։ Այս մինջեւ նոյնիսկ անցեալ դար, երբ բանակներու թուական առաւելութիւնը մեծ նշանակութիւն ունէր, սակայն աւելի լաւ զինուած ու կազմակերպուած բանակները յաղթանակելու աւելի հաւանականութիւն։ Իսկ ինչ է պատկերը քսանմեկերորդ դարուն։Այս դարուն պատկերը կտրուկ շրջուած է, ու նախկին տրամաբանութիւնը այլեւս ի զորու չէ, իսկ մարտարուեստի կանոնները բոլորովին այլ, որու մեկնարկը տուին մեր հարեւանները իրենց նախաձեռնած Արցախի դէմ անցեալ պատերազմով։
Արդարեւ տեսանք պատերազմ ուր աւանդական զենքերը չէին որ կիրարկուեցան, անօթաչուներն էին, որ ազդանշանը տուին գալիք բոլոր պատերազմներուն, ուր բանակներու մարդկային րեսուրսը չէ յաղթելու գրաւականը ոչ ալ զէնքի որակը. ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆ է իրավիճակ փոխողը եւ գրաւականը։ Այս դեռ ամէնը չէ. այդ պատերազմը օրինակ մըն էր միայն մարտարուեստի ապագային։
Մարդկութիւնը այնպիսի հսկայական յառաջընթաց արձանագրած է գիտական ոլորտին մէջ, որ յայտնի դարձած է՝ շատ մօտ ապագային, գուցէ տասնամեակ մը ետք, բանակները այլեւս պետք պիտի չունենան մեծաթիւ մարդկային րեսուրսներու, եւ պատերազմները մղուելու են րոպոթներու միջոցաւ, իսկ ղեկաւարումը սահմանէն հարիւրաւոր քմ հեռուէն։ Տղամարդկային մկաններն ու ամուր ջիղերը կարեւոր պիտի չըլլան, ու կանայք հաւասարապէս մաս պիտի կարենան կազմել պատերազմին։ Այսինքն հարիւր միլիոնանոց երկիրն մեծ առաւելութիւն պիտի չունենայ երեք միլիոնանոցին վրա,յ եթէ գիտական նոյն կամ աւելի բարձր մակարդակի չէ։
Այս ամենէն աւելի մեզ պետք է շահագրգրէ ու փոխանակ մեզ վհատեցնէ, յոյսով լեցնէ որ կարելի է շրջել ուժերու յարաբերակցութիւնը, եթէ անյապաղ ձեռնարկենք կրթական ոլորտի բարեփոխման եւ ընենք ամէն ինչ կրթութեան զարկ տալու։ Կրթութիւն, ուր ուշադրութեան կենդրոնը պետք է ըլլան գիտական ուղղուածութիւնը եւ մասնագիտութիւնները, ճարտարագիտութիւն, բնագիտութիւն քիմիագիտութիւն, էլէկտրոնիքս եւլն… ու նուազագոյնի հասցուին հումանիտար ճիւղերը, որոնցմէ պետք եղածէն աւելի ունինք։ Այստեղ պիտի զարկ տանք TUMO ներու ստեղծման նոյնիսկ ամենահեռաւոր գիւղերուն մէջ, ուր կարելի պիտի ըլլայ երեխային սորուիլ ու զարգանալ այդ ոլորտին մէջ ու աւելին` այլեւս քաղաքաբնակին չափ վարձատրուելու համար ստիպուած պիտի չըլլայ գիւղը լքելու ու քաղաքաբնակ դառնալու։
Գիտութեան ուժ տալով ուրեմն ժողովրդագրական անհաւասարութիւնը մասամբ եւ ժամանակաւորապէս լուծած կըլլանք ոչ միայն բանակաշինութեան պարագային այլ նաեւ տնտեսական ոլորտին։ Այսօր ընթերքի հարստութիւնը աւելի նուազ կ’արժէ քան գիտութեան ընձեռնելիք հարստութիւնը, որովհետեւ վերջի վերջոյ ընթերքի պաշարը յաւիտյան չի կրնար բաւարարել, իսկ գիտութեանը ամենեւին սահման չկայ։
Գիտութեան զարգացումով ճիշտ է որ արհեստական բանականութեան առաջ բերած գործիքները մարդկային բազմութիւնները պիտի զրկէ շատ աշխատատեղիներէ, սակայն անցեալին ալ ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն ետք այդպէս կը կարծուէր, բայց եղաւ միայն աշխատանքի տեսակի փոփոխութիւն` գիւղատնտեսական գործերէն, որու մէջ ընդգրկուած էր մարդկութեան մեծամասնութիւնը ( 80 տոկոսէն աւելին ), քաղաքաբնակութիւն եւ ճարտարարուեստական գործերն ու բանուորութիւնը։ Իսկ այսօր, օրինակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնակջութեան 2% գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղուի, 27% ճարտարաուեստութեան ոլորտ, իսկ մնացեալը ծառայութեանց եւ գիտութոանց մէջ։ Վաղն ալ այսպիսի փոփոխութեան ականատես պիտի ըլլանք անպայման, ուր գիտական եւ արհեստական բանականութեան ոլորտը պիտի գրաւէ առաջին տեղերը։
Մենք կամ կը կարողանանք այս փոփոխութեան յարմարուիլ ու գերազանցել մենք մեզ, կամ արդէն անձնատուր ըլլալ ու դադրիլ ազգ ըլլալէ։
Իսկ ապագայի նկատմամբ յոյս ունենալու համար, արտահերթ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք այն վճռականութեամբ, որ վերադարձ նախկինին բացառուած ըլլայ, իսկ ներկան անպայման փոխուած։
Թարմ, հայրենասէր ու վճռականութեամբ լեցուն նոր ուժերու պետք ունի Ազգը։