16.2 C
Yerevan

Գիտութիւնն է Ամե­նա­կա­րեւո­րը

Աւօ Պօղո­սեան

Շատ ըսուած է, որ մենք ժողովրդագրա­կան լուրջ սպառնա­լի­քի դէմ հանդի­ման ենք, ու շրջա­պա­տուած թուա­քա­նա­կով անհա­մե­մատ աւե­լի մեծ թշնա­մի­նե­րու կողմէ, ու պարզ է, որ մեծ երկի­րը մեծ բանակներ կունե­նայ, ու մեծ տնտե­սա­կան ոյժը աւե­լի կարո­ղութիւն‘ բանա­կը սպա­ռա­զի­նե­լու, սակայն այս ճիշտ ու տրա­մա­բա­նա­կան ըլլա­լով հանդերձ, պատմութիւնը հակա­ռա­կի փաստերն ալ ունի։

1500 ականնե­րու սկզբին, Սպա­նա­կան փոքր ջոկատ մըն էր ի վերջոյ, որ Ազդէկնե­րու կայսրութեան տիրա­պե­տեց ու բնաջնջեց, ու անդին անգլիա­կան կամ փորթուկա­լա­կան փոքրա­թիւ բնակչութեամբ երկիրնե­րը, գաղութացրե­ցին գրե­թէ այդ ժամա­նա­կուայ աշխարհի կէսէն աւե­լին, իսկ միայն վերջերս, անցեալ դարուն, Իսրա­յէ­լի նման փոքր երկիր յաղթա­նակ տարաւ հարիւրա­պա­տիկ աւե­լի մարդա­շատ ու հարուստ արա­բա­կան երկիրնե­րու դէմ։ Այս մինջեւ նոյնիսկ անցեալ դար, երբ բանակնե­րու թուա­կան առաւե­լութիւնը մեծ նշա­նա­կութիւն ունէր, սակայն աւե­լի լաւ զինուած ու կազմա­կերպուած բանակնե­րը յաղթա­նա­կե­լու աւե­լի հաւա­նա­կա­նութիւն։ Իսկ ինչ է պատկե­րը քսանմե­կե­րորդ դարուն։Այս դարուն պատկե­րը կտրուկ շրջուած է, ու նախկին տրա­մա­բա­նութիւնը այլեւս ի զորու չէ, իսկ մարտա­րուեստի կանոննե­րը բոլո­րո­վին այլ, որու մեկնարկը տուին մեր հարեւաննե­րը իրենց նախա­ձեռնած Արցա­խի դէմ անցեալ պատե­րազմով։

Արդա­րեւ տեսանք պատե­րազմ ուր աւանդա­կան զենքե­րը չէին որ կիրարկուե­ցան, անօ­թա­չուներն էին, որ ազդանշա­նը տուին գալիք բոլոր պատե­րազմնե­րուն, ուր բանակնե­րու մարդկա­յին րեսուրսը չէ յաղթե­լու գրաւա­կա­նը ոչ ալ զէնքի որա­կը. ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆ է իրա­վի­ճակ փոխո­ղը եւ գրաւա­կա­նը։ Այս դեռ ամէ­նը չէ. այդ պատե­րազմը օրի­նակ մըն էր միայն մարտա­րուեստի ապա­գա­յին։

Մարդկութիւնը այնպի­սի հսկա­յա­կան յառա­ջընթաց արձա­նագրած է գիտա­կան ոլորտին մէջ, որ յայտնի դարձած է՝ շատ մօտ ապա­գա­յին, գուցէ տասնա­մեակ մը ետք, բանակնե­րը այլեւս պետք պիտի չունե­նան մեծա­թիւ մարդկա­յին րեսուրսնե­րու, եւ պատե­րազմնե­րը մղուե­լու են րոպոթնե­րու միջո­ցաւ, իսկ ղեկաւա­րումը սահմա­նէն հարիւրաւոր քմ հեռուէն։ Տղա­մարդկա­յին մկաններն ու ամուր ջիղե­րը կարեւոր պիտի չըլլան, ու կանայք հաւա­սա­րա­պէս մաս պիտի կարե­նան կազմել պատե­րազմին։ Այսինքն հարիւր միլիո­նա­նոց երկիրն մեծ առաւե­լութիւն պիտի չունե­նայ երեք միլիո­նա­նո­ցին վրա,յ եթէ գիտա­կան նոյն կամ աւե­լի բարձր մակարդա­կի չէ։

Այս ամե­նէն աւե­լի մեզ պետք է շահագրգրէ ու փոխա­նակ մեզ վհա­տեցնէ, յոյսով լեցնէ որ կարե­լի է շրջել ուժե­րու յարա­բե­րակցութիւնը, եթէ անյա­պաղ ձեռնարկենք կրթա­կան ոլորտի բարե­փոխման եւ ընենք ամէն ինչ կրթութեան զարկ տալու։ Կրթութիւն, ուր ուշադրութեան կենդրո­նը պետք է ըլլան գիտա­կան ուղղուա­ծութիւնը եւ մասնա­գի­տութիւննե­րը, ճարտա­րա­գի­տութիւն, բնա­գի­տութիւն քիմիա­գի­տութիւն, էլէկտրո­նիքս եւլն… ու նուա­զա­գոյնի հասցուին հումա­նի­տար ճիւղե­րը, որոնցմէ պետք եղա­ծէն աւե­լի ունինք։ Այստեղ պիտի զարկ տանք TUMO ներու ստեղծման նոյնիսկ ամե­նա­հե­ռաւոր գիւղե­րուն մէջ, ուր կարե­լի պիտի ըլլայ երե­խա­յին սորուիլ ու զարգա­նալ այդ ոլորտին մէջ ու աւե­լին‘ այլեւս քաղա­քաբնա­կին չափ վարձատրուե­լու համար ստի­պուած պիտի չըլլայ գիւղը լքե­լու ու քաղա­քաբնակ դառնա­լու։

Գիտութեան ուժ տալով ուրեմն ժողովրդագրա­կան անհաւա­սա­րութիւնը մասամբ եւ ժամա­նա­կաւո­րա­պէս լուծած կըլլանք ոչ միայն բանա­կա­շի­նութեան պարա­գա­յին այլ նաեւ տնտե­սա­կան ոլորտին։ Այսօր ընթերքի հարստութիւնը աւե­լի նուազ կ’արժէ քան գիտութեան ընձեռնե­լիք հարստութիւնը, որովհե­տեւ վերջի վերջոյ ընթերքի պաշա­րը յաւիտյան չի կրնար բաւա­րա­րել, իսկ գիտութեա­նը ամե­նեւին սահման չկայ։

Գիտութեան զարգա­ցումով ճիշտ է որ արհեստա­կան բանա­կա­նութեան առաջ բերած գործիքնե­րը մարդկա­յին բազմութիւննե­րը պիտի զրկէ շատ աշխա­տա­տե­ղի­նե­րէ, սակայն անցեա­լին ալ ճարտա­րա­րուեստա­կան յեղա­փո­խութե­նէն ետք այդպէս կը կարծուէր, բայց եղաւ միայն աշխա­տանքի տեսա­կի փոփո­խութիւն‘ գիւղատնտե­սա­կան գործե­րէն, որու մէջ ընդգրկուած էր մարդկութեան մեծա­մասնութիւնը ( 80 տոկո­սէն աւե­լին ), քաղա­քաբնա­կութիւն եւ ճարտա­րա­րուեստա­կան գործերն ու բանուո­րութիւնը։ Իսկ այսօր, օրի­նակ, Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգնե­րու բնակջութեան 2% գիւղատնտե­սութեամբ կը զբա­ղուի, 27% ճարտա­րաուեստութեան ոլորտ, իսկ մնա­ցեա­լը ծառա­յութեանց եւ գիտութոանց մէջ։ Վաղն ալ այսպի­սի փոփո­խութեան ակա­նա­տես պիտի ըլլանք անպայման, ուր գիտա­կան եւ արհեստա­կան բանա­կա­նութեան ոլորտը պիտի գրաւէ առա­ջին տեղե­րը։

Մենք կամ կը կարո­ղա­նանք այս փոփո­խութեան յարմա­րուիլ ու գերա­զանցել մենք մեզ, կամ արդէն անձնա­տուր ըլլալ ու դադրիլ ազգ ըլլա­լէ։

Իսկ ապա­գա­յի նկատմամբ յոյս ունե­նա­լու համար, արտա­հերթ ընտրութիւննե­րուն պիտի մասնակցինք այն վճռա­կա­նութեամբ, որ վերա­դարձ նախկի­նին բացա­ռուած ըլլայ, իսկ ներկան անպայման փոխուած։

Թարմ, հայրե­նա­սէր ու վճռա­կա­նութեամբ լեցուն նոր ուժե­րու պետք ունի Ազգը։

Առնչվող Հոդվածներ