15.1 C
Yerevan

ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԸ ԿԵՐՏՄԱՆ ՄԻԱԿ ՅՈՅՍԸ

Այս երկու խումբե­րը, ըլլա­լով Ռուսաստա­նի կամա­կա­տար ուժեր, ոչ միայն անկա­րող են կերտել ինքնիշխան պետութիւն, այլ նաեւ արդար ու ժողովրդա­վար պետութուն, որովհե­տեւ նման պետութիւն ձեռնտու չէ իրենց տէրե­րուն։ Ընդհա­կա­ռա­կը, ձեռնտու է միմիայն նոյն այդ տէրե­րուն բարքե­րով եւ պատկե­րով պետութիւն։

Ռուբէն Գարա­գա­շեան

Հայաստա­նի այսօ­րուայ քաղա­քա­կան ուժե­րը կարե­լի է բաժնել երեք գլխաւոր խումբե­րու։ Առա­ջին խումբը 2018‑ի յեղա­փո­խութիւնը ղեկա­վա­րող Իմ Քայլը դաշինքն է։ Երկրորդ խումբը կ՛ընդգրկէ այն բոլոր քաղա­քա­կան ուժե­րը որոնք այդ յեղա­փո­խութեան սատա­րած են, այդ յեղա­փո­խութեամբ խանդա­վա­ռուած, ցանկա­ցած անոր յաջո­ղութիւնը եւ բաժնած անոր արդար, ժողովրդա­վար եւ ինքնիշխան Հայաստան մը (ներա­ռեալ Արցախ) կերտե­լու իտէա­լը։ Երրորդ խումբը կ՛ընդգրկէ բոլոր յեղա­փո­խութե­նէն դժգոհ քաղա­քա­կան ուժե­րը, որոնց համար յեղա­փո­խութիւնը ընկա­լուած է որպէս սպառնա­լիք իրենց խմբա­յին թէ անհա­տա­կան շահե­րուն, եւ որոնք առա­ջին իսկ օրէն բուռն պայքար մղած են ձախո­ղեցնե­լու համար այդ յեղա­փո­խութիւնը։ 

Հոս կարի­քը չեմ տեսներ մանրա­մասնե­լու թէ ո՞ր քաղա­քա­կան ուժե­րը եւ գործիչնե­րը կը պատկա­նին երկրորդ թէ երրորդ խումբին։ Կարծեմ Հայաստա­նի քաղա­քա­կան իրա­դարձութիւննե­րուն հետեւող որեւէ անձի համար յստակ են այդ բոլո­րը։ 

Պարզ է, այսօր, որ առա­ջին խումբը, Իմ Քայլը դաշինքը, չարա­չար ձախո­ղած է եւ չէ արդա­րա­ցուցած իր վրայ դրուած յոյսե­րը։ Ան կարող է այդ ձախո­ղութեան պատճա­ռը վերագրել երրորդ խումբի իր դէմ սանձա­զերծած պայքա­րին եւ օտար ուժե­րու դաւա­դիր դերա­կա­տա­րութեան, սակայն չի կրնար խուսա­փիլ իր թոյլ տուած անթիւ ու անհա­մար սխալնե­րու պատասխա­նա­տուութե­նէն։ Յստակ է, որ այդ խումբին մէջ կան շատ մը անկեղծ, մաքուր եւ հայրե­նա­սէր տարրեր, սակայն անոնք ձախո­ղած են իբրեւ քաղա­քա­կան ուժ։ Նոյնիսկ եթէ ընդունինք, որ մեր ռազմա­կան վերջին ջախջա­խիչ պարտութեան պատասխա­նա­տուութիւնը կ՛իյնայ նոյնքան (եթէ ոչ աւե­լիով) երրորդ խումբի ուսե­րուն, որքան առա­ջի­նի, միեւնոյնն է։ Այդ պարտութեան իբրեւ հետեւանք, առա­ջին խումբը, այսօր, կամայ թէ ակա­մայ, դարձած է մեր ռուս դաշնակցի կամա­կա­տա­րը, իշխա­նութիւնը իր ձեռքը պահե­լու համար ստի­պուած է գործադրել անոր թելադրած քաղա­քա­կա­նութիւնը, եւ հետեւա­բար անա­տակ է մեր ազգա­յին շահե­րը հետապնդե­լու եւ արդար, ժողովրդա­վար եւ ինքնիշխան պետութիւն կերտե­լու։ Անոր ներկա­յութիւնը յաջորդ խորհրդա­րա­նէն ներս ցանկա­լի է որ ըլլայ այնքան փոքր, որ հնա­րաւո­րութիւնը չունե­նայ իշխա­նութեան ղեկը իր ձեռքը պահե­լու։ 

Պարզ է նաեւ, թէ երրորդ խումբը անկա­րող է հետապնդել մեր ազգա­յին շահե­րը, եւ կերտել արդար, ժողովրդա­վար եւ ինքնիշխան պետութիւն։ Այդ խումբը, տարի­ներ շարունակ մսխած է առա­ջին Արցա­խեան  յաղթա­կան պատե­րազմի ընձե­ռած հզոր պետա­կա­նութիւն կերտե­լու եզա­կի առի­թը, եւ փոխա­րէ­նը մեզ ժառանգած է թալա­նուած երկիր, կատա­րեալ տնտե­սա­կան, քաղա­քա­կան եւ ռազմա­վա­րա­կան կախուա­ծութիւն Ռուսաստա­նէն, քրէաօ­լի­կարխիք համա­կարգ եւ բարքեր, բռնութիւն, անարդա­րութիւն եւ համա­տա­րած արտա­գաղթ։ Չեմ բացա­ռեր որ երրորդ խումբին մէջ նաեւ կան շատեր, որոնք ազնիւ հայրե­նա­սէրներ են, կը հաւա­տան որ մեր միակ փրկութիւնը Ռուսաստանն է, ուզենք թէ չուզենք, եւ յեղա­փո­խութեան առա­ջին իսկ օրէն համո­զուած եղած են, որ ան օտար ուժե­րու կողմէ կազմա­կերպուած դաւադրութիւն մըն է եւ այդ յեղա­փո­խութեամբ իշխա­նութեան եկած ուժի տապա­լումը ազգա­յին շահե­րէ մեկնած հրա­մա­յա­կան մը։ Այդ անձե­րու ազնուութեան վրայ կասկա­ծե­լու պատճառ չունիմ, սակայն այս խումբին պատկա­նող քաղա­քա­կան ուժե­րու ղեկա­վա­րութեան կատա­րեալ կախուա­ծութիւնը իրենց ռուս տէրե­րէն, եւ թողած ժառանգը մեր ազգին, բաւա­րար են յուսա­լու, որ այս խումբի ներկա­յութիւնը ապա­գայ խորհրդա­րա­նէն ներս ըլլայ շատ աւե­լի չնչին քան առա­ջի­նի­նը։ 

Այս երկու խումբե­րը, ըլլա­լով Ռուսաստա­նի կամա­կա­տար ուժեր, ոչ միայն անկա­րող են կերտել ինքնիշխան պետութիւն, այլ նաեւ արդար ու ժողովրդա­վար պետութուն, որովհե­տեւ նման պետութիւն ձեռնտու չէ իրենց տէրե­րուն։ Ընդհա­կա­ռա­կը, ձեռնտու է միմիայն նոյն այդ տէրե­րուն‘ բարքե­րով եւ պատկե­րով պետութիւն։ 

Կարե­լի է ուրեմն եզրա­կացնել, որ արդար, ժողովրդա­վար եւ ինքնիշխան պետութիւն կերտե­լու միակ գրաւա­կա­նը կամ յոյսը, երկրորդ խումբի մեծա­թիւ ներկա­յութիւնն է ապա­գայ խորհրդա­րա­նէն ներս։ 

Դժբախտա­բար իրա­կա­նութիւնը այն է, թէ առա­ջին եւ երրորդ խումբերն են միայն, որ ունին անհրա­ժեշտ ֆինանսա­կան աղբիւրնե­րը, լրա­տուա­կան միջոցնե­րը եւ վարչա­կան լծակնե­րը լսե­լի դառնա­լու, ապա­հո­վե­լու մեծ թիւով քուէ­ներ եւ տիրա­նա­լու ապա­գայ խորհրդա­րա­նի աթոռնե­րու առիւծի բաժնին։ 

Երկրորդ, այսինքն այլընտրանքա­յին խումբին յաջո­ղութեան միակ երաշխիքն է համախմբումը մէկ կամ երկու դաշինքի շուրջ։ Ազգա­յին Ժողովրդա­վար Բեւե­ռը մէկ նման դաշինք է, սակայն ան անկա­րող է համախմբել երկրորդ խումբի բոլոր քաղա­քա­կան ուժե­րը, որովհե­տեւ շատե­րու համար, իր մօտե­ցումնե­րը, նպա­տակներն ու խօսոյթը (discourse), որքան ալ ըլլան յարգե­լի,  կը նկա­տուին ծայրա­յե­ղա­կան, շատ բացա­յայտօ­րէն հակա­ռուս, շատ արմա­տա­կան ու «մաքսի­մա­լիստ», եւ հետեւա­բար անի­րա­տե­սա­կան եւ արկա­ծախնդիր։ Անոնց կը մնայ համախմբուիլ երկրորդ դաշինքի մը մէջ, մէկ կողմ դնել Եսե­րը եւ անհա­տա­կան նախա­սի­րութիւններն ու հակակրութիւննե­րը, ընտրել հմայք ունե­ցող (charisma)եւ որոշ ժողովրդա­կա­նութիւն վայե­լող անձնաւո­րութիւն մը իբրեւ պարագլուխ եւ միասնա­բար նետուիլ ընտրա­պայքա­րի դաշտյստակ եւ համո­զիչ ծրա­գի­րով։ Իրենց միակ ֆինանսա­կան աղբիւրը Հայաստա­նի եւ Սփիւռքի իրենց հայրե­նա­կիցնե­րու նուի­րա­տուութիւններն են։ Այդ նուի­րա­տուութիւննե­րը կրնան դառնալ իրա­կա­նութիւն եւ խաղալ վճռո­րոշ դեր միայն ան պարա­գա­յին երբ նման դաշինքի մը գոյացմամբ դարձեալ կարե­լի ըլլայ հայ ժողռվուրդին ներշնչել յոյս եւ զայն զօրա­շարժի ենթարկել։ Այլա­պէս, ուժե­րը եւ միջոցնե­րը տարտղնուած, իւրա­քանչիւր կուսակցութիւն հազիւ թէ յաջո­ղի նոյնիսկ մէկ պատգա­մաւո­րով մուտք գործել խորհրդա­րա­նէն ներս։ Հետեւա­բար, այս պահի հրա­մա­յա­կանն է անմի­ջա­պէս գոյացնել այդ դաշինքը, որովհե­տեւ ժամա­նա­կի սղութիւնը մեզ չի տար շռայլութիւնը տատամսումնե­րու, երկա­րա­տեւ բանակցութիւննե­րու եւ ծրագրա­յին մանրա­մասնութիւննե­րու վրայ ամբողջա­կան համա­ձայնութեան հասնե­լու։ 

Եթէ երկրորդ խումբը կարո­ղա­նայ հանրութեան ներկա­յա­նալ դաշինքի ձեւով եւ յաջո­ղի գերակշիռ ներկա­յութիւն ըլլալ յաջորդ խորհրդա­րա­նէն ներս, այդ պարա­գա­յին, արտա­հերթ ընտրութիւննե­րով գոյա­ցած նոր խորհրդա­րա­նը կրնայ մեզի տանիլ ներկայ քաղա­քա­կան ճգնա­ժա­մի աստի­ճա­նա­կան հանգուցա­լուծման, այլա­պէս ան պիտի ըլլալ նոր եւ հետզհե­տէ աւե­լի խորա­ցող ու աղե­տա­լի ճգնա­ժա­մի մը սկիզբ։ 

Առնչվող Հոդվածներ