Այս երկու խումբերը, ըլլալով Ռուսաստանի կամակատար ուժեր, ոչ միայն անկարող են կերտել ինքնիշխան պետութիւն, այլ նաեւ արդար ու ժողովրդավար պետութուն, որովհետեւ նման պետութիւն ձեռնտու չէ իրենց տէրերուն։ Ընդհակառակը, ձեռնտու է միմիայն նոյն այդ տէրերուն բարքերով եւ պատկերով պետութիւն։
Ռուբէն Գարագաշեան
Հայաստանի այսօրուայ քաղաքական ուժերը կարելի է բաժնել երեք գլխաւոր խումբերու։ Առաջին խումբը 2018-ի յեղափոխութիւնը ղեկավարող Իմ Քայլը դաշինքն է։ Երկրորդ խումբը կ՛ընդգրկէ այն բոլոր քաղաքական ուժերը որոնք այդ յեղափոխութեան սատարած են, այդ յեղափոխութեամբ խանդավառուած, ցանկացած անոր յաջողութիւնը եւ բաժնած անոր արդար, ժողովրդավար եւ ինքնիշխան Հայաստան մը (ներառեալ Արցախ) կերտելու իտէալը։ Երրորդ խումբը կ՛ընդգրկէ բոլոր յեղափոխութենէն դժգոհ քաղաքական ուժերը, որոնց համար յեղափոխութիւնը ընկալուած է որպէս սպառնալիք իրենց խմբային թէ անհատական շահերուն, եւ որոնք առաջին իսկ օրէն բուռն պայքար մղած են ձախողեցնելու համար այդ յեղափոխութիւնը։
Հոս կարիքը չեմ տեսներ մանրամասնելու թէ ո՞ր քաղաքական ուժերը եւ գործիչները կը պատկանին երկրորդ թէ երրորդ խումբին։ Կարծեմ Հայաստանի քաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւող որեւէ անձի համար յստակ են այդ բոլորը։
Պարզ է, այսօր, որ առաջին խումբը, Իմ Քայլը դաշինքը, չարաչար ձախողած է եւ չէ արդարացուցած իր վրայ դրուած յոյսերը։ Ան կարող է այդ ձախողութեան պատճառը վերագրել երրորդ խումբի իր դէմ սանձազերծած պայքարին եւ օտար ուժերու դաւադիր դերակատարութեան, սակայն չի կրնար խուսափիլ իր թոյլ տուած անթիւ ու անհամար սխալներու պատասխանատուութենէն։ Յստակ է, որ այդ խումբին մէջ կան շատ մը անկեղծ, մաքուր եւ հայրենասէր տարրեր, սակայն անոնք ձախողած են իբրեւ քաղաքական ուժ։ Նոյնիսկ եթէ ընդունինք, որ մեր ռազմական վերջին ջախջախիչ պարտութեան պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ նոյնքան (եթէ ոչ աւելիով) երրորդ խումբի ուսերուն, որքան առաջինի, միեւնոյնն է։ Այդ պարտութեան իբրեւ հետեւանք, առաջին խումբը, այսօր, կամայ թէ ակամայ, դարձած է մեր ռուս դաշնակցի կամակատարը, իշխանութիւնը իր ձեռքը պահելու համար ստիպուած է գործադրել անոր թելադրած քաղաքականութիւնը, եւ հետեւաբար անատակ է մեր ազգային շահերը հետապնդելու եւ արդար, ժողովրդավար եւ ինքնիշխան պետութիւն կերտելու։ Անոր ներկայութիւնը յաջորդ խորհրդարանէն ներս ցանկալի է որ ըլլայ այնքան փոքր, որ հնարաւորութիւնը չունենայ իշխանութեան ղեկը իր ձեռքը պահելու։
Պարզ է նաեւ, թէ երրորդ խումբը անկարող է հետապնդել մեր ազգային շահերը, եւ կերտել արդար, ժողովրդավար եւ ինքնիշխան պետութիւն։ Այդ խումբը, տարիներ շարունակ մսխած է առաջին Արցախեան յաղթական պատերազմի ընձեռած հզոր պետականութիւն կերտելու եզակի առիթը, եւ փոխարէնը մեզ ժառանգած է թալանուած երկիր, կատարեալ տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմավարական կախուածութիւն Ռուսաստանէն, քրէաօլիկարխիք համակարգ եւ բարքեր, բռնութիւն, անարդարութիւն եւ համատարած արտագաղթ։ Չեմ բացառեր որ երրորդ խումբին մէջ նաեւ կան շատեր, որոնք ազնիւ հայրենասէրներ են, կը հաւատան որ մեր միակ փրկութիւնը Ռուսաստանն է, ուզենք թէ չուզենք, եւ յեղափոխութեան առաջին իսկ օրէն համոզուած եղած են, որ ան օտար ուժերու կողմէ կազմակերպուած դաւադրութիւն մըն է եւ այդ յեղափոխութեամբ իշխանութեան եկած ուժի տապալումը ազգային շահերէ մեկնած հրամայական մը։ Այդ անձերու ազնուութեան վրայ կասկածելու պատճառ չունիմ, սակայն այս խումբին պատկանող քաղաքական ուժերու ղեկավարութեան կատարեալ կախուածութիւնը իրենց ռուս տէրերէն, եւ թողած ժառանգը մեր ազգին, բաւարար են յուսալու, որ այս խումբի ներկայութիւնը ապագայ խորհրդարանէն ներս ըլլայ շատ աւելի չնչին քան առաջինինը։
Այս երկու խումբերը, ըլլալով Ռուսաստանի կամակատար ուժեր, ոչ միայն անկարող են կերտել ինքնիշխան պետութիւն, այլ նաեւ արդար ու ժողովրդավար պետութուն, որովհետեւ նման պետութիւն ձեռնտու չէ իրենց տէրերուն։ Ընդհակառակը, ձեռնտու է միմիայն նոյն այդ տէրերուն` բարքերով եւ պատկերով պետութիւն։
Կարելի է ուրեմն եզրակացնել, որ արդար, ժողովրդավար եւ ինքնիշխան պետութիւն կերտելու միակ գրաւականը կամ յոյսը, երկրորդ խումբի մեծաթիւ ներկայութիւնն է ապագայ խորհրդարանէն ներս։
Դժբախտաբար իրականութիւնը այն է, թէ առաջին եւ երրորդ խումբերն են միայն, որ ունին անհրաժեշտ ֆինանսական աղբիւրները, լրատուական միջոցները եւ վարչական լծակները լսելի դառնալու, ապահովելու մեծ թիւով քուէներ եւ տիրանալու ապագայ խորհրդարանի աթոռներու առիւծի բաժնին։
Երկրորդ, այսինքն այլընտրանքային խումբին յաջողութեան միակ երաշխիքն է համախմբումը մէկ կամ երկու դաշինքի շուրջ։ Ազգային Ժողովրդավար Բեւեռը մէկ նման դաշինք է, սակայն ան անկարող է համախմբել երկրորդ խումբի բոլոր քաղաքական ուժերը, որովհետեւ շատերու համար, իր մօտեցումները, նպատակներն ու խօսոյթը (discourse), որքան ալ ըլլան յարգելի, կը նկատուին ծայրայեղական, շատ բացայայտօրէն հակառուս, շատ արմատական ու «մաքսիմալիստ», եւ հետեւաբար անիրատեսական եւ արկածախնդիր։ Անոնց կը մնայ համախմբուիլ երկրորդ դաշինքի մը մէջ, մէկ կողմ դնել Եսերը եւ անհատական նախասիրութիւններն ու հակակրութիւնները, ընտրել հմայք ունեցող (charisma)եւ որոշ ժողովրդականութիւն վայելող անձնաւորութիւն մը իբրեւ պարագլուխ եւ միասնաբար նետուիլ ընտրապայքարի դաշտյստակ եւ համոզիչ ծրագիրով։ Իրենց միակ ֆինանսական աղբիւրը Հայաստանի եւ Սփիւռքի իրենց հայրենակիցներու նուիրատուութիւններն են։ Այդ նուիրատուութիւնները կրնան դառնալ իրականութիւն եւ խաղալ վճռորոշ դեր միայն ան պարագային երբ նման դաշինքի մը գոյացմամբ դարձեալ կարելի ըլլայ հայ ժողռվուրդին ներշնչել յոյս եւ զայն զօրաշարժի ենթարկել։ Այլապէս, ուժերը եւ միջոցները տարտղնուած, իւրաքանչիւր կուսակցութիւն հազիւ թէ յաջողի նոյնիսկ մէկ պատգամաւորով մուտք գործել խորհրդարանէն ներս։ Հետեւաբար, այս պահի հրամայականն է անմիջապէս գոյացնել այդ դաշինքը, որովհետեւ ժամանակի սղութիւնը մեզ չի տար շռայլութիւնը տատամսումներու, երկարատեւ բանակցութիւններու եւ ծրագրային մանրամասնութիւններու վրայ ամբողջական համաձայնութեան հասնելու։
Եթէ երկրորդ խումբը կարողանայ հանրութեան ներկայանալ դաշինքի ձեւով եւ յաջողի գերակշիռ ներկայութիւն ըլլալ յաջորդ խորհրդարանէն ներս, այդ պարագային, արտահերթ ընտրութիւններով գոյացած նոր խորհրդարանը կրնայ մեզի տանիլ ներկայ քաղաքական ճգնաժամի աստիճանական հանգուցալուծման, այլապէս ան պիտի ըլլալ նոր եւ հետզհետէ աւելի խորացող ու աղետալի ճգնաժամի մը սկիզբ։