16.9 C
Yerevan

Դաշնակցա­կան Միտքը

Ի վերջոյ, մտքի եւ գործի հարստութիւններ են այդ շարժումնե­րը, քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան գիտակցութեան բարձունքներ են անոնք ու յատկա­պէս՝ գործ, միտք եւ Ռոստո­մեան սլացք կու տան Դաշնակցութեան։

Ռազմիկ Շիրի­նեան

Ի՞նչ է Դաշնակցութիւնը։ Ռոստոմն ալ դժուա­րա­ցած է եւ չէ ուզած սահմա­նել Դաշնակցութիւնը։

Երբ Ս. Վրա­ցեան հարց տուած է Ռոստո­մին՝ «Բացատրիր մեզ, ի՞նչ է Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը»։ Ռոստոմ, ժպտա­լէ ու ճակա­տը տրո­րե­լէ ետք պատասխա­նած է․ «Թէ Աստուած սիրէք, ինձ այդպի­սի դժուար հարցեր մի տաք։ Ես ինչպէ՞ս բացատրեմ անբա­ցատրե­լի մի բան։ Դաշնակցութիւնը կարե­լի չէ բացատրել։ Բացատրե­լու ամէն փորձ փոքրացնում է Դաշնակցութիւնը։ Դաշնակցութիւնը կարե­լի է եւ պէտք է զգալ միայն»։

Ռոստո­մին համար լայն է Դաշնակցա­կան միտքը, ուժա­կա­նութիւն ունի եւ ամբողջութիւն մըն է գործի եւ մտքի իր շաղկա­պումին մէջ։ Կարե­լի չէ այսօր այդ միտքը կաղա­պա­րել քաղա­քա­կան վարքա­գի­ծի նեղ արա­հե­տի մը մէջ, կամ գաղա­փա­րա­կան սահմա­նումի մը կարծր ու պիրկ շրջա­գի­ծի մէջ։

Ռոստո­մին Դաշնակցա­կան միտքը ուժա­կան ներկա­յութիւն ունի այսօր։ Հոգե­կան բարձունք մըն է, նիցչէա­կան ըմբռնումով եւ այդ բարձունքին հարցերն ալ (կամ դժբախտութիւններն իսկ, ինչպէս Նիցչէն կ՛ըսէ) կը դադրին անլուծե­լի ըլլա­լէ։

Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ շարժումներ ունե­ցած ենք, օրի­նակ՝ Միհրա­նա­կան շարժումը կամ Մարտկո­ցա­կան շարժումը, ներա­ռեալ Արեւմտեան շրջա­նի վերջին իրա­դարձութիւննե­րը, եւ չենք ուզած ամբողջա­կան պարունա­կի մը մէջ մեկնա­բա­նութիւն տալ անոնց, այլ հապճեպ որա­կումով մը՝ անջա­տո­ղա­կան կոչած ենք զանոնք։ Ըստ իս, թերի պահած ենք մեր մեկնա­բա­նութիւննե­րը եւ չենք ուզած տեսնել այդ շարժումնե­րը Դաշնակցա­կան մտա­ծո­ղութեան կամ Ռոստո­մեան մտքի լայն տարածքին մէջ։

Ընդունինք, որ ուժա­կան ներկա­յութիւն եղած են այդ շարժումնե­րը Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ մտա­ծո­ղութեան տարածքին մէջ։ Ոչ մէկ ներքին շարժում Դաշնակցութիւնը քանդե­լու փորձ ըրած է։ Ընդհա­կա­ռա­կը, անոնք զարգա­ցումներ են մեր լայն տարածքին մէջ, ընդարձակ կը բանան գործունէութեան մեր դաշտը, կ՛ընդլայնեն քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան, ինչպէս նաեւ կազմա­կերպա­կան նկա­րագրի մեր տրա­մա­բա­նութիւնը, եւ ուժա­կան միտք կու տան ուղղա­հա­յեաց (կամ կանո­նագրա­յին) եւ հորի­զո­նա­կան (համա­հայկա­կան) մեր գործունէութեան։

Եթէ ըմբռնենք այս իրա­կա­նութիւնը եւ ընդունինք Դաշնակցութեան քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան մտքի ամբողջա­կան հասկա­ցո­ղութիւնը, ապա ճիշդ պիտի չ՛ըլլայ որեւէ շարժում որա­կել անջա­տո­ղա­կան։ Մեր մտա­ծո­ղութեան քաղա­քա­կան-գաղա­փա­րա­կան հասկա­ցո­ղութեան լայն տարածքին մէջ կը ներա­ռուին ու ի վերջոյ կը հիւծուին աջէն թէ ձախէն, արեւելքէն թէ արեւմուտքէն եկած՝ այսպէս ըսուած «անջա­տո­ղա­կան» շարժումնե­րը։ Վերջին հաշուով, հոգե­կան բարձունքնե­րու կողքին կան նաեւ Դաշնակցա­կան բարձունքներ, ուրկէ որեւէ շարժում կը դադրի անջա­տո­ղա­կան ըլլա­լէ։

Դաշնակցութեան բարձունքնե­րը դիւրութեամբ չեն քանդուիր ներքին շարժումնե­րով, այլ աւե­լի կը զօրա­նան ու կը զարգա­նան որովհե­տեւ շարժումնե­րը Ռոստո­մեան մտա­ծո­ղութեան խարիսխ ունին։ Դաշնակցութիւնը ամուր կանգնած է այդ խարիսխին վրայ եւ դիւրութեամբ կրնայ ընդգրկել այդ շարժումնե­րը, եթէ ներքին ղեկա­վարման առողջ եւ լայն ողջմտութիւնը ունինք։

Ի վերջոյ, մտքի եւ գործի հարստութիւններ են այդ շարժումնե­րը, քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան գիտակցութեան բարձունքներ են անոնք ու յատկա­պէս՝ գործ, միտք եւ Ռոստո­մեան սլացք կու տան Դաշնակցութեան։

Asbarez.com

Առնչվող Հոդվածներ