ժողովուրդին ծառայելու կոչումով հրապարակ ելած ղեկավարը ուղղակիօրէն ենթակայ է ժողովուրդի դատողութեան: Անոր իւրաքանչիւր խօսքը եւ գործը կը դառնան ժողովուրդի սեփականութիւնը:
Վարուժ Թէնպէլեան
Ղեկավարութիւնը ինքնանպատակ չէ, ոչ ալ փոքրաթիւ անձերու մենաշնորհը: Անիկա կոչուած է ծաոայելու ժողովուրդին, ըլլալու անոր հետ եւ անոր համար։ Ղեկավարը պէտք է հանդիսանայ ժողովուրդի իտէալներուն, ցաւերուն եւ յոյսերուն հարազատ արտայայտիչը, մարմնաւորողը, համադրողը եւ ըստայնմ գործողը:
Պատմական փորձը ցոյց կու տայ, որ խօսքը առանց գործի ունայնութիւն է, իսկ գործը՝ աոանց ժողովրդային հեռանկարներու հետապնդումին, ուշ կամ կանուխ դատապարտուած է ձախողութհան, եւ մանաւանդ՝ ժողովուրդին հետ յարաբերութեանց խզումին։ Ժողովուրդի մը պարտադրուած ազգային թէ ընկերային ոչ մէկ կարգ ու սարք կրնայ մնայուն ըլլալ եւ յառաջդիմել, եթէ չի համապատասխաներ այդ ժողովուրդի մարդկային արժէքներուն:
Հանրային կարծիքը, մանաւանդ ընկերային լրատուացանցերու տարածման այս օրերուն, ազդու զէնք մըն է դասաւորելու համար ժողովուրդ-ղեկավարութիւն յարաբերութիւնը: ժողովուրդին ծառայելու կոչումով հրապարակ ելած ղեկավարը ուղղակիօրէն ենթակայ է ժողովուրդի դատողութեան: Անոր իւրաքանչիւր խօսքը եւ գործը կը դառնան ժողովուրդի սեփականութիւնը:
Երբ խօսքը եւ գործը կը լրացնեն զիրար, ժողովուրդը կը կառչի անոր, իսկ երբ խօսքին, գաղափարներուն եւ անոնց գործնականացումին միջեւ տարբերութիւն ու մանաւանդ հակասութիւն գոյութիւն ունի, ժողովուրդը կը հեռանայ իր ղեկավարութենէն եւ խզում կը յառաջանայ: Իսկ երբ գործը եւ խօսքը հակառակ ուղղութիւններով կ’ընթանան՝ խզումը կը յանգի հակադրութեան՝ առաջնորդելով ժողովրդային ըմբոստութեան:
Յեղափոխութիւնները եւ գաղափարախօսութիւնները տարածում կը գտնեն, երբ խարսխուած են ժողովրդային լայն ենթահողի վրայ, երբ անոնք ժողովուրդի սեփականութիւնն են։ Իսկ անոնք ժողովուրդի սեփականութիւնը կը դաոնան, երբ խօսքի սահմանէն անցնելով, ղեկավարութեան առօրեայ ընթացքով միս ու ոսկոր կը ստանան եւ առօրեայ ներկայութիւն կը դառնան ժողովուրդի իրականութեան մէջ:
Ղեկավարութիւնը անհրաժեշտ է ժողովրդային տեսլականներ հետապնդելու համար, բայց ոչ այն ղեկավարութիւնը, որ ինքնանպատակ դարձնելով իշխանութիւնը, կը հետապնդէ եսակեդրոն նպատակներ: Այլ՝ բարոյականի տէր, մտաւորական պաշարով ժողովուրդի ծոցէն ծնած յեղափոխական ղեկավարութիւնը, որ գիտէ խօսքը մարմնաւորել իր գործով ու բարոյականով, եւ կենդանի ներկայութիւն դառնալ ժողովուրդի խաւերուն մօտ։
Այն՝ որ գիտէ քանդել արուեստական բոլոր պատնէշները, որոնք ժողովուրդը կր հեռացնեն իր ղեկավարութենէն, որ գիտէ լսել ժողովուրդի պահանջներր եւ լսելով՝ զանոնք իրագործելու յանձնառութիւնը կենդանի օրինակի վերածել իր ամէնօրեայ նիստ ու կացով, կեցուածքներո՛վ: