20 C
Yerevan

Աշխարհատնտե­սա­կան ճանա­պարհներ, Հայաստան եւ իրա­նեան գործնա­պաշտութիւնը

Միջանցքնե­րու տնտե­սութիւնը՝ արդի աշխարհա­կա­լութեան մէկ դրսեւո­րումը, մանաւանդ աշխարհագրա­կան մեծ տարա­ծութիւններ իրա­րու կապե­լու առումով, հիմնա­կան դերա­կա­տա­րութիւն սկսած է ունե­նալ արտա­քին քաղա­քա­կա­նութիւննե­րու մշակման ատեն:

Վարուժ Թէնպէ­լեան

Հարաւա­յին Կովկա­սը իր աշխարհա­քա­ղա­քա­կան արդի կարեւո­րութիւնը­կը ստա­նայ մասնաւո­րա­բար Խորհրդա­յին Միութեան անկումէն ետք, երբ շրջա­նա­յին ու միջազգա­յին ուժեր, ինչպէս՝ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրա­նը, Միա­ցեալ Նահանգնե­րը, Եւրո­պա­կան Միութիւնն ու Չինաստա­նը կը սկսին վերա­նո­րոգ հետաքրքրութիւն ցուցա­բե­րել այդ շրջա­նի երկիրնե­րուն հանդէպ, եւ Ատրպէյճա­նը, Հայաստանն ու Վրաստա­նը, իւրա­քանչիւրը տարբեր պատճառնե­րով, կը ներգրաւուին այս ուժե­րու քաղա­քա­կան հաշիւնե­րուն մէջ, մասնաւո­րա­բար՝ ուժա­նիւթի աղբիւրնե­րու եւ տնտե­սա­կան միջանցքնե­րու նկա­տա­ռումնե­րով: Աշխարհագրա­կան եւ ազգա­յին հակա­մարտութիւննե­րը, սակայն, նոյնքան կարեւոր դեր կը խաղան փոխա­դարձ յարա­բե­րութիւննե­րու ճշդո­րոշման մէջ:

Բայց տնտե­սա­կան ազդա­կը կը մնայ հիմնա­կան գործօ­նը Հարաւա­յին Կովկա­սի ժամա­նա­կա­կից առանձնա­յատկութեան եւ անոր նկատմամբ շրջա­նա­յին ու միջազգա­յին քաղա­քա­կան հետաքրքրութեան ձեւաւո­րումին: Աշխարհա­քա­ղա­քա­կան տեսանկիւնէն, անոր ամէ­նէն կարեւոր դերը կը կայա­նայ ուժա­նիւթի եւ տարանցումի կարեւոր կեդրոն մը ըլլա­լու իրո­ղութեան մէջ: Այստե­ղէն կ’անցնին նաւթի եւ կազի խողո­վակնե­րը՝ Կասպից ծովէն դէպի Եւրո­պա իրենց ճամբուն վրայ: Բացի Ատրպէյճա­նէն, հարաւա­յին Կովկա­սի միւս երկիրնե­րը նաւթի եւ կազի պաշարներ չունին: Իսկ միւս կողմէ,  բոլոր հետա­զօ­տութիւննե­րը ցոյց կու տան, որ նաւթի աշխարհի պաշարնե­րուն շուրջ 10%-ը կը գտնուի Կասպից ծովու շրջա­նին մէջ: Սակայն այդ բոլոր պաշարնե­րը դէպի Եւրո­պա իրենց ճամբուն վրայ պէտք է անցնին Իրան, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան աշխարհա­տա­րածքին վրայ գտնուող միջանցնքնե­րով, իսկ մետաքսի նոր ճամբուն ներգրաւումը աւե­լի եւս կը շէշտէ այս շրջա­նին կարեւո­րութիւնը:

Աւանդա­բար հարաւա­յին Կովկա­սը մաս կազմած է Ռուսիոյ քաղա­քա­կան ազդե­ցութեան գօտիին, բայց վերջին տարի­նե­րուն հետզհե­տէ զգա­լի կը դառնայ Թուրքիոյ, Եւրո­պա­յի, Միա­ցեալ Նահանգնե­րու, նաեւ՝ Իսրա­յէ­լի  ներկա­յութիւնը կովկա­սեան անցուդարձե­րուն մէջ եւ ձեւով մը շրջա­նը կը կապէ միջին արեւե­լեան իրա­կա­նութեան հետ, իսկ մասնաւո­րա­բար Թուրքիոյ ուղղա­կի միջամտութե­նէն, եւ ուժա­նիւթի թէ ընդհանրա­պէս ապրանքնե­րու փոխադրութեան նպա­տա­կով առա­ջադրուած բազմա­ճիւղ ճամբա­նե­րու ծրա­գիրնե­րու յայտա­րա­րութիւննե­րէն ետք, կը նախա­տե­սուի, որ կամաց-կամաց Իրան աւե­լի զգա­լի դարձնէ իր ներկա­յութիւնը կովկա­սեան քաղա­քա­կա­նութեան մէջ:

Թէ այս նախա­տե­սութիւնը կրնա՞յ դրա­կան անդրա­դարձ ունե­նալ Հայաստա­նի համար, միայն ապա­գան կրնայ ցոյց տալ:

Մինչեւ 19-րդ դար, այլ խօսքով մինչեւ 1828‑ի Թիւրքմենչա­յի ռուս-իրա­նեան դաշնա­գի­րը, Իրան կը տիրէր հարաւա­յին Կովկա­սի մեծ մասին: Հետեւա­բար, պատմամշա­կութա­յին կապե­րը նաեւ կը շարունա­կեն դերա­կա­տա­րութիւն ունե­նալ, երբ հարցը կը վերա­բե­րի շրջա­նա­յին երկիրնե­րու նկատմամբ իրա­նի մօտե­ցումնե­րուն: Տակաւին, ի տարբե­րութիւն անոր ընդհանրա­պէս որդեգրած կրօ­նա­գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան մասնաւո­րա­բար Միջին Արեւելքի մէջ, հարաւա­յին Կովկա­սի պարա­գա­յին, Իրա­նի արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան մէջ գերիշխող է գործնա­պաշտ մօտե­ցումը՝ տնտե­սա­կան շահե­րու եւ սեփա­կան երկրի անվտանգութեան հիմունքնե­րով:

Կովկա­սի մէջ, Իրան ընդհանրա­պէս կ’ուզէ իր բաժի­նը ապա­հո­վել կասպեան նաւթի եւ կազի հորե­րէն եւ միա­ժա­մա­նակ դառնալ տարանցումի եւ մետաքսի ճամբուն վրայ հիմնա­կան երկիրնե­րէն մէկը դէպի Եւրո­պա՝ անցնե­լով հարաւա­յին Կովկա­սէն: Այդ պատճա­ռով է, որ Իրան շահագրգռուած է կովկա­սեան երկիրնե­րու տնտե­սա­կան եւ քաղա­քա­կան կայունութեամբ՝ ոչ միայն տարանցումի մտա­հո­գութիւննե­րով, այլ նաեւ որովհե­տեւ բացի Ատրպէյճա­նէն, Հայաստան ու Վրաստան կը հանդի­սա­նան քարիւղ, կազ եւ իրա­նեան արտադրութիւններ ներա­ծող թերաճ շուկա­ներ: 

Հակա­ռակ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու եւ արեւմտեան այլ երկիրնե­րու անոր դէմ հաստա­տած պատժա­մի­ջոցնե­րուն, Իրա­նի դրա­ցի երկիրնե­րը, ինչպէս նաեւ՝ աւե­լի հեռու գտնուող պետութիւններ, ներա­ռեալ Ռուսիան, Չինաստա­նը եւ Կեդրո­նա­կան Ասիոյ հանրա­պե­տութիւննե­րը, քաջ գիտեն, որ ռազմա­վա­րա­կան նշա­նա­կութիւն ունե­ցող հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք փոխադրութեան շրջա­նա­յին ճամբա­ներ ստեղծե­լու իրենց ծրա­գիրնե­րը կախեալ են իրա­նեան երկա­թուղա­գի­ծե­րու եւ ճամբա­նե­րու զարգա­ցումէն եւ անոնց հանգուցաւո­րումէն՝ սահմա­նա­կից երկիրնե­րու ճանա­պարհա­յին համա­կարգե­րուն հետ:

Ասոր լաւա­գոյն ապա­ցոյցը կարե­լի է նկա­տել Իրա­նի հիւսի­սա­րեւե­լեան Խաֆ քաղա­քը Աֆղա­նիստա­նի Հերաթ քաղա­քին կապող երկա­թուղա­գի­ծին բացումը անցեալ Դեկտեմբե­րին: Այս երկա­թուղա­գի­ծին կառուցումը մաս կը կազմէ Հինգ Պետութիւննե­րու Երկա­թուղա­յին Միջանցքի (The Five Nations Railway Corridor (FNRC)) ծրագրին, որուն նախնա­կան համա­ձայնա­գի­րը ստո­րագրուած էր Տաճի­կիստա­նի մայրա­քա­ղաք Տուշանպէի մէջ, 2014-ին: 2100 քիլո­մեթր երկա­րութեամբ եւ 2 միլիառ տոլար արժող ծրա­գի­րը կ’ընդգրկէ հինգ երկիրներ եւ կ’անցնի անոնց տարածքով՝ Չինաստան, Տաճի­կիստան, Խրխզիստան, Աֆղա­նիստան եւ Իրան՝ Չինաստա­նը կապե­լով իրա­նեան Չապա­հար եւ Պանտար Ապպաս նաւա­հանգիստնե­րուն հետ: Փաստօ­րէն, Խաֆ-Հերաթ գիծը, իբրեւ մէկ մասը Մետաքսի ճամբուն, Չինաստա­նը կը միացնէ Իրա­նի՝ Աֆղա­նիստա­նի վրա­յով, ապա ուղղուե­լով դէպի հիւսիս՝ հարաւա­յին Կովկա­սի վրա­յով, Իրա­նը կը կապէ Եւրո­պա­յի:

Միւս կողմէ, կը նախա­տե­սուի, որ Իրան յառա­ջի­կայ ամիսնե­րուն աւարտէ դէպի Կասպից ծովու Էնզե­լի նաւա­հանգիստը գացող երկա­թուղա­գի­ծին կառուցումը՝ զայն իբրեւ փոխադրութեան ու առեւտուրի կեդրոն ու հանգոյց ծառա­յեցնե­լու Ռուսիոյ եւ Հարաւա­յին Կովկա­սի ու Կեդրո­նա­կան Ասիոյ երկիրնե­րու միջեւ: Սակայն Կասպից ծովը կը մնայ փակ տարածք եւ անհրա­ժեշտ է շարժիլ դէպի արեւմուտք, ուր կան Ատրպէյճանն ու Հայաստա­նը՝ դէպի Թուրքիա եւ Եւրո­պա ճամբուն վրայ:

Հակա­ռակ իրենց էթնիք սուր տարա­կարծութիւննե­րուն եւ իրա­րու հանդէպ անվստա­հութեան մթնո­լորտին, իրենց աշխարհա­ռազմա­վա­րա­կան դիրքին պատճա­ռով, մինչեւ հիմա Իրան եւ Ատրպէյճան կը գործակցին տնտե­սա­կան եւ տնտե­սա­կան միջանցքնե­րու մարզե­րու մէջ: Անոնք ունին նաւթա­յին եւ բնա­կան կազի ուշագրաւ պաշարներ, որոնք իրենց տարածքով պէտք է փոխադրել այլ երկիրներ: Անոնք նաեւ, ինչպէս Հայաստա­նը,  առնչուած են «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքով: Հիւսիս-հարաւ փոխադրութեան միջազգա­յին միջանցքը (NSTC) 7200 քմ երկա­րութեամբ նաւա­յին, երկա­թուղա­գի­ծե­րու եւ ճամբա­նե­րու բազմաբնոյթ ցանց մըն է, որ Հնդկաստա­նը, Իրա­նը, Աֆղա­նիստա­նը, հարաւա­յին Կովկա­սը (թէեւ Հայաստան այս NSTC ծրա­գի­րը ստո­րագրող կողմե­րէն մէկը չէ, իսկ Ատրպէյճան ստո­րագրող կողմ է), Ռուսիան, Կեդո­նա­կան Ասիան եւ Եւրո­պան կը կապէ իրա­րու:

Հայաստան կը նկա­տուի տարա­ծաշրջա­նա­յին միակ երկի­րը, որուն հետ Իրան որեւէ տարա­կարծութիւն չունի, ըլլա՛յ քաղա­քա­կան, ըլլա՛յ մշա­կութա­յին: Թէեւ այս երկու երկիրնե­րը ունին պետա­կան տարբեր կառուցուածք, բայց միա­ժա­մա­նակ ունին փոխա­դարձ շահե­րու նմա­նութիւն: Երկու երկիրներն ալ ձեւով մը ենթա­կայ են շրջա­փա­կումի, մէկը արեւմուտքին կողմէ, իսկ միւսը՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճա­նի եւ երբեմն ալ…Վրաստանի կողմէ: Այս պատճա­ռով, անկախ քաղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան տուեալնե­րէ, Իրան ու Հայաստան դարձած են գործնա­պաշտ բարե­կամներ: 

Մեղրիի տնտե­սա­կան ազատ գօտիի ստեղծումը 2018-ին կարեւոր քայլ մը կը նկա­տուի երկու երկիրնե­րու յարա­բե­րութիւննե­րուն մէջ: Մինչ ազատ գօտիին ստեղծումը առիթ կ’ընծայէր մասնաւո­րա­բար իրա­նեան ներդրումնե­րու ներգրաւման Հայաստա­նի մէջ, անդին Իրան կ’օգտուէր Եւրա­սիա­կան տնտե­սա­կան միութեան անդամ ըլլա­լու Հայաստա­նի հանգա­մանքէն:

Ինչ կը վերա­բե­րի ուժա­նիւթի մարզին մէջ երկու երկիրնե­րու յարա­բե­րութեան, անի­կա կը մնայ սահմա­նա­փակ, հակա­ռակ այն իրո­ղութեան, որ որոշ ծրա­գիրներ արդէն իսկ իրա­գործուած են, օրի­նակ՝ Իրան-Հայաստան կազա­տա­րը 2006-ին՝  Հայաստա­նի կարիքնե­րը գոհացնե­լու նպա­տա­կով: Տնտե­սա­կան միջանցքնե­րու պարա­գա­յին, երկու երկիրներն ալ կը գիտակցին գոյութիւն ունե­ցող ծրա­գիրնե­րու մեծ կարեւո­րութեան, ինչպէս Հայաստա­նի 470 քմ երկա­րութեամբ երկա­թուղա­գի­ծին եւ 556 քմ երկա­րութեամբ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի իրա­կա­նացման:

Կարե­լի է եզրա­կացնել, որ միջանցքնե­րու տնտե­սութիւնը՝ արդի աշխարհա­կա­լութեան մէկ դրսեւո­րումը, մանաւանդ աշխարհագրա­կան մեծ տարա­ծութիւններ իրա­րու կապե­լու առումով, հիմնա­կան դերա­կա­տա­րութիւն սկսած է ունե­նալ արտա­քին քաղա­քա­կա­նութիւննե­րու մշակման ատեն: Իրան ցարդ նայած է դէպի արեւելք, հարաւ ու արեւմուտք, իսկ դէպի հիւսիս իր արեւե­լումը սկսած է զարգա­նալ վերջին տարի­նե­րուն: Այսպէս է որ կը դրսեւո­րուի Իրա­նի աշխարհա­քա­ղա­քա­կան կարեւո­րութիւնը Հայաստա­նի համար:

Սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլալ երկու կացութիւննե­րէ. Հայաստա­նի հիւսիս-հարաւ մայրուղիին եւ երկա­թուղա­գի­ծին կառուցման ուշա­ցումէն, եւ Իրա­նի համար այլընտրանքի՝ դէպի Ատրպէյճան թեքումէն: Պէտք չէ մոռնալ որ իրանցիք գործնա­պաշտ մարդիկ են…

Civilnet.am

Առնչվող Հոդվածներ