Նիկոլ Աղբալեան՝ Հայ Ժողովուրդի Ազգային Որակի Վեհացման եւ Հայացման Առաքեալը
Նազարէթ Պէրպէրեան
Մարտ 24ին կը տօնենք ծննդեան տարեդարձը առաքելատիպ Մեծ Հայուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի։
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, ազգային-պետական ղեկավար գործիչ եւ քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդն է Նիկոլ Աղբալեան, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելէ, միշտ պատնէշի վրայ աներեր պայքարելէ ետք՝ իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ, իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ, իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Պէյրութի մէջ Լեւոն Շանթի հետ իր հիմնադրած Համազգայինի Հայ Ճեմարանին։
Բառին խորագոյն եւ ընդգրկուն իմաստով՝ Հայաստանի ու հայութեան արդի ժամանակներ մուտքին եւ ազգային ինքնահաստատումին յառաջապահ Առաքեալը եղաւ Նիկոլ Աղբալեան։ Անսակարկ եւ անձնուէր ծառայութեան լծուեցաւ հոն, ուր հայ ժողովուրդը կարիքը ունէր իր տաղանդին, իմաստութեան եւ մղիչ ուժին։ Եւ ուր որ ալ գործեց, Աղբալեան արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ հայ Ժողովուրդի ազգային որակին բարձրացման ու բիւրեղացման, ինչպէս եւ Հայաստան Աշխարհի հայացման անսակարկ եւ բոլոր ուժերով նուիրուելու իր վսեմագոյն կոչումին։
ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրին արժանաւորապէս նուաճումը հանդիսացաւ թիւ 1 խնդիրը Ն․ Աղբալեանին եւ անոր անզուգական սերունդին։
Քսաներորդ դարասկիզբին Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին ե՛ւ ֆիզիքական-ժողովրդագրական, ե՛ւ հոգեմտաւոր առումներով հայացման՝ հայ ազգային որակի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մարտահրաւէրը։
Դարաւոր գերութիւնը ոչ միայն Հայաստան Աշխարհը վերածած էր եկուոր եւ հայամերժ տարրերով բնակուած խառնարան երկրի մը, այլեւ աւելի հիմնականը՝ այլասերման ու տժգունացման դատապարտած էր նոյնինքն Հայ Ազգային Կերպարը։
Հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը նոր սկսած էր թափ առնել եւ իր առաջին քայլերէն իսկ դէմ յանդիման կանգնած էր ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրին։
* * *
Օսմանեան, Պարսկական թէ Ցարական տիրապետութեանց տակ կոտորակուած ու տարտղնուած՝ մեր ժողովուրդը ոչ միայն ամէն քայլափոխի կռնակէն դաշունահար կ՚ըլլար եկուոր եւ հայամերժ տարրերու կողմէ, այլեւ՝ կը բախէր իր իսկ շարքերը վարակած ստրկական համակերպումի եւ սեփական մորթը ամէն գնով փրկելու Յանձնապաստանութեան Չարիքին։
Հայը կանգնած էր իր ազգային նկարագիրն ու մարդկային որակը բնորոշող ու պայմանաւորող արժէքներն ու արժանիքները վերջնականապէս կորսնցնելու ծանրագոյն վտանգին առջեւ։
Ազատ աշխատանքի, արժանապատիւ կեանքի եւ հոգեմտաւոր լոյսի արարման համար ամէն կարգի բռնութեան, կաշկանդումի եւ ստրկացման դէմ ծառացող Հայկ Նահապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մարմնաւորած ՀԱՅը ուծացման անդունդն ի վար թաւալգլոր անկումի մէջ էր։
Հարկ էր շրջել պատմութեան կործանարար անկումի ընթացքը։
Հարկ էր վերականգնել Հայաստան Աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին ազգային նկարագիրն ու դէմքը՝ ե՛ւ էութեամբ, ե՛ւ աշխարհաքաղաքական իմաստով, ֆիզիքապէ՛ս։
Նիկոլ Աղբալեան ա՛յս առումով եղաւ առաքեալը Հայ Ազգային Որակի եւ Հայաստան Աշխարհի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինքնամաքրման եւ որակական բարձրացման մեծ մարտահրաւէրին արժանաւորապէս ընդառա՛ջ քալելով, յաղթակա՛ն սլացք նուաճելով։
Այդ ներշնչումով ալ Հայկական Յեղափոխութեան գաղափարական եւ բարոյական արժէքներուն անկրկնելի մեկնաբանն ու քարոզիչը հանդիսացաւ Աղբալեան, որ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մէջ խտացուց հայոց իրերայաջորդ սերունդներու ՀԱՅԱՑՄԱՆ ՈՒՂԻՆ։
* * *
Հայկական Յեղափոխութեան բոլոր Ուխտեալներուն՝ Աղբալեան կտակեց Գաղափարական Վեհացման կիզակէտը կազմող դաշնակցականութեան միեւնոյն պատգամը․
«Դաշնակցականն իր անձին մէջ վերակազմում է նոր հայութեան տիպարը, բորբոքելով ժառանգական արութեան կայծերը, որ մնացած են անթեղուած եւ յարաճուն խիզախութեամբ խարանելով ու սպիացնելով ժառանգական ստրկութեան վէրքերը։
«Այս բարոյական յեղաշրջումը ամէնից աւելի յատկորոշ գիծն է մեր կուսակցութեան։
«Սասունցի Դաւթի աւանդական տիպարն է, որ [կուսակցութիւնը] կենդանացնում է «դաշնակցական»ի մէջ, յեղաշրջելով մի դարաւոր մտայնութիւն։ Այս յեղաշրջման ճամբին «դաշնակցական»ը կորցնում է շատ անձնական շահեր եւ խզում է շատ թանկագին կապեր, բայց նրա աչքին չեն երեւում այդ կորուստները, որովհետեւ մի կողմից խթանում է Կանոնագրի» [դաշնակցականի երդման մէջ սահմանուած] պահանջը՝ «ամէն ջանք թափել», որին նա յանձնառու է դարձած, միւս կողմից կշտամբում կամ քաջալերում է նահատակ ընկերների թանկագին յիշատակը, որ հսկում է անմար. ընկերներ, որ ոչ մէկ բանով պակաս էին նրանից եւ յաճախ շատ բանով առաւել, եւ որոնք սակայն մեռան պայքարի ճամբին, կուսակցութեան դրօշը թողնելով իրան։
«Դաշնակցականն այսպիսով մի ուրոյն բարոյական աշխարհ է, ուրոյն ըմբռնումներով ու բարքերով, որ ստեղծում եւ սնուցանում է ուրոյն տիպարներ։
«Համեմատեցէք ուրիշ քաղաքական կուսակցութիւններ նրա հետ եւ կը տեսնէք անդնդախոր տարբերութիւնը։
«Սա ոչ թէ շահակից անձերի միութիւն է, այլ արիացող տիպարների ընկերութիւն։
«Այստեղ ոչ թէ անձնական եւ նիւթական շահն է, որ կապում է մարդկանց, այլ բարոյական ուխտի նոյնութիւնն է, որ դարձնում է ընկեր եւ Ծրագիր Կանոնագրի միութիւնը՝ համընթաց»։
Ընդգրկուն այսպիսի՛ խոհականութեամբ եւ աշխարհայեացքով՝ Նիկոլ Աղբալեան հայ ժողովուրդի երկնակամարին վրայ ճառագայթեց իբրեւ գաղափարական ամուր նկարագրի, բարոյական անեղծ վարքի եւ համազգային լայնախոհութեան տէր առաքեալը։
Հայկական Յեղափոխութեան Գաղափարի Մարտիկի անզուգական տեսաբանն ու յառաջապահ դրօշակիրն է Նիկոլ Աղբալեան։