16.9 C
Yerevan

Ժամա­նա­կի Ուժը եւ Արդար Պայքա­րը

Սիրե­լի ընկերներ, ուր ալ որ կաք, ինչպի­սի հզօ­րութիւննհրու եւ անարդա­րութիւննե­րու դէմ, կամ յանուն ինչ ճշմարտութիւննե­րու համար ալ որ կը պայքա­րիք, վստահ եղէ’ք որ արդա­րութիւնը կրնայ ուշա­նալ, կրնայ զանա­զան հնարքնե­րով ժամա­նա­կաւո­րա­պէս ծածկուիլ ու ձգձգուիլ, բայց ան ընընդմիշտ չի’ բացա­կա­յիր։ Անշուշտ, եթէ կայ անոր համար մղուող պայքար։

Վիգէն Յովսէ­փեան

Վերջին հաշուով, մարդկա­յին կեանքի մէջ ամե­նէն հզօր բանը ժամա­նակն է։ Ան է որ պատմութիւն կը կերտէ, ամե­նէ անյաղթա­հա­րե­լի դժուա­րութիւններն անգամ կը թուլացնէ։ Եթէ՝ կայ պայքար։

Ժամա­նակն է որ ուժին եւ վերջնա­կան թուա­ցող ամէն բանի դէմ յոյսի եւ արդա­րութեան առիթներ կ՚ընծայէ, եւ ամե­նահզօ­րին թելադրանքնե­րը կը մաշեցնէ։ Ան է որ նուազ հզօ­րին առջեւ դռներ կը բանայ, այսօ­րուան տկա­րին զէնքեր կու տայ, ու այս վերջի­նին յաջո­ղութեան համար կարե­լիութիւններ կ՚ընծայէ՝ եթէ հոն կայ պայքար եւ հետեւո­ղա­կան պայքա­րող։

Ժամա­նակն է, որ կեանքի դերա­կա­տարնե­րու խիղճե­րը օրին կ՚արթնցնէ եւ անոնց վրայ իր պարտադրանքնե­րը կը դնէ: Ժամա­նակն է որ այսօ­րուան անյոյս թուա­ցա­ծը վաղուան յուսա­լիին կը վերա­ծէ, ու նաեւ լաւ դասաւո­րուած սուտե­րու վրայ լոյս եւ ճշմարտութիւն կը սփռէ: Ժամա­նա­կը ինքն է որ պարտադրուած իրա­կա­նութիւննե­րուն դէմ կարե­լութիւններ կը ստեղծէ, եւ չարը իրա­կա­նացնո­ղին դէմ պայքա­րե­լու առիթներ կը շնորհէ: Ան է որ հզօր կաղա­պարնե­րու պարտադրանքը կը փշռէ, ու ճշմարտութիւննե­րու համար ուղի կը հարթէ։ Եթէ կայ անթուլ պայքար։

Պատմութիւնը ժամա­նա­կի արձա­նագրութիւնն է, ան կը կերտուի ու կը վերա­կերտուի շարունա­կա­բար, միշտ, եւ բոլոր ուշա­ցումնե­րէ անդին ու բռնութիւննե­րէ անկախ, յաճախ հզօ­րին թելադրանքնե­րով՝ բայց նաեւ անոր որո­շիչ ձախո­ղութիւննե­րով, եւ օր մըն ալ անոր պարտութեամբ…եթէ կայ անոր դէմ կենդա­նի պայքար։ Եւ այսպէս, ժամա­նա­կի ընթացքին է որ բոլոր անարդա­րութիւննե­րը իրենց դէմ համա­պա­տասխան ցասումնե­րուն ու դիմադրութեան կը հանդի­պին, մինչ ամե­նա­մեծ սուտերն ու ոճիրնե­րը պայքա­րով կը լուսա­բա­նուին՝ իրենց ճանա­չումն ու արժա­նի պատասխա­նը պայքա­րի ճամբով ստա­նա­լով:

Հետեւա­բար, ուր ալ որ կաք, ինչպի­սի հզօ­րութիւննե­րու եւ անարդա­րութիւննե­րու դէմ, կամ յանուն ինչ ճշմարտութիւննե­րու համար ալ որ կը պայքա­րիք սիրե­լի ընկերներ, վստահ եղէք որ արդա­րութիւնը կրնայ ուշա­նալ, կրնայ զանա­զան հնարքնե­րով ժամա­նա­կաւո­րա­պէս ծածկուիլ ու ձգձգուիլ, բայց ան ընդմիշտ չի բացա­կա­յիր: Անշուշտ, եթէ կայ անոր համար մղուող պայքար:

Այս փիլի­սո­փա­յութիւն չէ, ոչ ալ քարոզ՝ այլ մարդկա­յին պատմութեան թելադրանքը, որուն առջեւ ամե­նահզօրներն անգամ խեղճա­ցած են ու ծունկի եկած, ամե­նահզօր կայսրութիւններն անգամ փուլ եկած են:Եթէ արդար եւ կենդա­նի է պայքա­րը, վստահ եղէք որ ժամա­նա­կը միշտ անոր զօրա­կից ընկերն է։

Առնչվող Հոդվածներ