16.9 C
Yerevan

Ընկե­րա­կան Զրոյցներ

Նիկոլ Աղբա­լեան՝ Հայ Ժողո­վուրդի Ազգա­յին Որա­կի Վեհացման եւ Հայացման Առա­քեա­լը

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Մարտ 24ին կը տօնենք ծննդեան տարե­դարձը առա­քե­լա­տիպ Մեծ Հայուն՝ Նիկոլ Աղբա­լեա­նի։

Բազմաշնորհ ու տաղանդա­շատ մտքի մշակ, ազգա­յին-պետա­կան ղեկա­վար գործիչ եւ քաղա­քա­կան-հասա­րա­կա­կան անձնուէր առաջնորդն է Նիկոլ Աղբա­լեան, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնե­լէ, միշտ պատնէ­շի վրայ անե­րեր պայքա­րե­լէ ետք՝ իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ, իբրեւ մեծ մանկա­վարժ եւ հանրա­յին դաստիա­րակ, իր անունը անջնջե­լիօ­րէն կապե­լով Պէյրութի մէջ Լեւոն Շանթի հետ իր հիմնադրած Համազգա­յի­նի Հայ Ճեմա­րա­նին։

Բառին խորա­գոյն եւ ընդգրկուն իմաստով՝ Հայաստա­նի ու հայութեան արդի ժամա­նակներ մուտքին եւ ազգա­յին ինքնա­հաստա­տումին յառա­ջա­պահ Առա­քեա­լը եղաւ Նիկոլ Աղբա­լեան։ Անսա­կարկ եւ անձնուէր ծառա­յութեան լծուե­ցաւ հոն, ուր հայ ժողո­վուրդը կարի­քը ունէր իր տաղանդին, իմաստութեան եւ մղիչ ուժին։ Եւ ուր որ ալ գործեց, Աղբա­լեան արժա­նաւո­րա­պէս տէր կանգնե­ցաւ հայ Ժողո­վուրդի ազգա­յին որա­կին բարձրացման ու բիւրե­ղացման, ինչպէս եւ Հայաստան Աշխարհի հայացման անսա­կարկ եւ բոլոր ուժե­րով նուի­րուե­լու իր վսե­մա­գոյն կոչումին։

ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէ­րին արժա­նաւո­րա­պէս նուա­ճումը հանդի­սա­ցաւ թիւ 1 խնդի­րը Ն․ Աղբա­լեա­նին եւ անոր անզուգա­կան սերունդին։

Քսա­նե­րորդ դարասկիզբին Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին ե՛ւ ֆիզի­քա­կան-ժողովրդագրա­կան, ե՛ւ հոգեմտաւոր առումնե­րով հայացման՝ հայ ազգա­յին որա­կի ինքնա­մաքրման եւ բիւրե­ղացման մարտահրաւէ­րը։

Դարաւոր գերութիւնը ոչ միայն Հայաստան Աշխարհը վերա­ծած էր եկուոր եւ հայա­մերժ տարրե­րով բնա­կուած խառնա­րան երկրի մը, այլեւ աւե­լի հիմնա­կա­նը՝ այլա­սերման ու տժգունացման դատա­պարտած էր նոյնինքն Հայ Ազգա­յին Կերպա­րը։

Հայոց ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րը նոր սկսած էր թափ առնել եւ իր առա­ջին քայլե­րէն իսկ դէմ յանդի­ման կանգնած էր ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէ­րին։

* * *

Օսմա­նեան, Պարսկա­կան թէ Ցարա­կան տիրա­պե­տութեանց տակ կոտո­րա­կուած ու տարտղնուած՝ մեր ժողո­վուրդը ոչ միայն ամէն քայլա­փո­խի կռնա­կէն դաշունա­հար կ՚ըլլար եկուոր եւ հայա­մերժ տարրե­րու կողմէ, այլեւ՝ կը բախէր իր իսկ շարքե­րը վարա­կած ստրկա­կան համա­կերպումի եւ սեփա­կան մորթը ամէն գնով փրկե­լու Յանձնա­պաստա­նութեան Չարի­քին։

Հայը կանգնած էր իր ազգա­յին նկա­րա­գիրն ու մարդկա­յին որա­կը բնո­րո­շող ու պայմա­նաւո­րող արժէքներն ու արժա­նիքնե­րը վերջնա­կա­նա­պէս կորսնցնե­լու ծանրա­գոյն վտանգին առջեւ։

Ազատ աշխա­տանքի, արժա­նա­պա­տիւ կեանքի եւ հոգեմտաւոր լոյսի արարման համար ամէն կարգի բռնութեան, կաշկանդումի եւ ստրկացման դէմ ծառա­ցող Հայկ Նահա­պե­տի եւ Մեսրոպ Մաշտո­ցի մարմնաւո­րած ՀԱՅը ուծացման անդունդն ի վար թաւալգլոր անկումի մէջ էր։

Հարկ էր շրջել պատմութեան կործա­նա­րար անկումի ընթացքը։

Հարկ էր վերա­կանգնել Հայաստան Աշխարհին եւ հայ ժողո­վուրդին ազգա­յին նկա­րա­գիրն ու դէմքը՝ ե՛ւ էութեամբ, ե՛ւ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան իմաստով, ֆիզիքապէ՛ս։

Նիկոլ Աղբա­լեան ա՛յս առումով եղաւ առա­քեա­լը Հայ Ազգա­յին Որա­կի եւ Հայաստան Աշխարհի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինքնա­մաքրման եւ որա­կա­կան բարձրացման մեծ մարտահրաւէ­րին արժա­նաւո­րա­պէս ընդառա՛ջ քալե­լով, յաղթակա՛ն սլացք նուա­ճե­լով։

Այդ ներշնչումով ալ Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան գաղա­փա­րա­կան եւ բարո­յա­կան արժէքնե­րուն անկրկնե­լի մեկնա­բանն ու քարո­զի­չը հանդի­սա­ցաւ Աղբա­լեան, որ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մէջ խտա­ցուց հայոց իրե­րա­յա­ջորդ սերունդնե­րու ՀԱՅԱՑՄԱՆ ՈՒՂԻՆ։

* * *

Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան բոլոր Ուխտեալնե­րուն՝ Աղբա­լեան կտա­կեց Գաղա­փա­րա­կան Վեհացման կիզա­կէ­տը կազմող դաշնակցա­կա­նութեան միեւնոյն պատգա­մը․

«Դաշնակցա­կանն իր անձին մէջ վերա­կազմում է նոր հայութեան տիպա­րը, բորբո­քե­լով ժառանգա­կան արութեան կայծե­րը, որ մնա­ցած են անթե­ղուած եւ յարա­ճուն խիզա­խութեամբ խարա­նե­լով ու սպիացնե­լով ժառանգա­կան ստրկութեան վէրքե­րը։

«Այս բարո­յա­կան յեղաշրջումը ամէ­նից աւե­լի յատկո­րոշ գիծն է մեր կուսակցութեան։

«Սասունցի Դաւթի աւանդա­կան տիպարն է, որ [կուսակցութիւնը] կենդա­նացնում է «դաշնակցական»ի մէջ, յեղաշրջե­լով մի դարաւոր մտայնութիւն։ Այս յեղաշրջման ճամբին «դաշնակցական»ը կորցնում է շատ անձնա­կան շահեր եւ խզում է շատ թանկա­գին կապեր, բայց նրա աչքին չեն երեւում այդ կորուստնե­րը, որովհե­տեւ մի կողմից խթա­նում է Կանո­նագրի» [դաշնակցա­կա­նի երդման մէջ սահմա­նուած] պահանջը՝ «ամէն ջանք թափել», որին նա յանձնա­ռու է դարձած, միւս կողմից կշտամբում կամ քաջա­լե­րում է նահա­տակ ընկերնե­րի թանկա­գին յիշա­տա­կը, որ հսկում է անմար. ընկերներ, որ ոչ մէկ բանով պակաս էին նրա­նից եւ յաճախ շատ բանով առաւել, եւ որոնք սակայն մեռան պայքա­րի ճամբին, կուսակցութեան դրօ­շը թողնե­լով իրան։

«Դաշնակցա­կանն այսպի­սով մի ուրոյն բարո­յա­կան աշխարհ է, ուրոյն ըմբռնումնե­րով ու բարքե­րով, որ ստեղծում եւ սնուցա­նում է ուրոյն տիպարներ։

«Համե­մա­տե­ցէք ուրիշ քաղա­քա­կան կուսակցութիւններ նրա հետ եւ կը տեսնէք անդնդա­խոր տարբե­րութիւնը։

«Սա ոչ թէ շահա­կից անձե­րի միութիւն է, այլ արիա­ցող տիպարնե­րի ընկե­րութիւն։

«Այստեղ ոչ թէ անձնա­կան եւ նիւթա­կան շահն է, որ կապում է մարդկանց, այլ բարո­յա­կան ուխտի նոյնութիւնն է, որ դարձնում է ընկեր եւ Ծրա­գիր Կանո­նագրի միութիւնը՝ համընթաց»։

Ընդգրկուն այսպի­սի՛ խոհա­կա­նութեամբ եւ աշխարհա­յեացքով՝ Նիկոլ Աղբա­լեան հայ ժողո­վուրդի երկնա­կա­մա­րին վրայ ճառա­գայթեց իբրեւ գաղա­փա­րա­կան ամուր նկա­րագրի, բարո­յա­կան անեղծ վարքի եւ համազգա­յին լայնա­խո­հութեան տէր առա­քեա­լը։

Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան Գաղա­փա­րի Մարտի­կի անզուգա­կան տեսա­բանն ու յառա­ջա­պահ դրօ­շա­կիրն է Նիկոլ Աղբա­լեան։

Առնչվող Հոդվածներ