Բարի Լոյս

Այս Որքան Սուտ եւ Զրպատութիւն, Այս Որքան Մաղձ եւ Ատելութիւն

Դաշնակցութիւնը ներուժն ու կարողականութիւնը ունի հայաստանեան եւ հայկական միջավայրի մէջ աւելի յարգուած եւ հեղինակաւոր ներկայութիւն ըլլալու։ Բան մը՝ որ Քոչարեաններու,Սերժերու, Նիկոլներու, Ծառուկեաններու պոչը ըլլալով կարելի չէ յաջողցնել։

Նազաէթ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ Դաշնակցութեան ՑԱՒով տառապող բոլոր ընթերցողներուս, որոնք երկու օրէ ի վեր խորապէս վիրաւորուած են ու չեն կրնար հաշտուիլ այն ԴԱՌՆ իրողութեան հետ, որ Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՈՅԻ անունով քաղաքական հրապարակ իջած են մարդիկ եւ ամէն տեսակ սուտ ու զրպարտութիւն, այլեւ մաղձ ու ատելութիւն աջ ու ահեակ կը թափեն նոյնինքն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամէնէն աշխոյժ, նուիրեալ, հաւատաւոր եւ կարգապահ շրջաններէն Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան դէմ՝ ամէն արժէք ու սրբութիւն ոտնակոխելու եւ վարկազրկելու զզուելի մոլուցքով։

Մարտ 25ին «Հրապարակ» թերթը լոյս ընծայեց Կորիւն Սիմոնեանի ստորագրութեամբ եւ «ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԵՑ ԿՈՒՌ ՀՅԴ-Ն ԷԼ ՊԱՌԱԿՏԵԼ» խորագրով հրապարակում մը, որ «ԲԻՒՐՈՅԱԿԱՆ» Արսէն Համբարձումեանի հետ հարցազրոյց մը հրապարակելու շարժառիթով՝ խայտառակ քաշքշուքի եւ գռեհկագոյն ցեխարձակումի նշաւակ կը դարձնէ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ կենսագործած գաղափարական Սրբութիւն Սրբոցը։

Ահա՛ յղումի հասցէն․- hraparak.am

Բարի լոյս՝ շարքերուն մէջ գտնուող կամ շարքերէն դուրս յայտնուած բոլոր դաշնակցականներուն, որոնք Շուշանեանի օրինակով – անդամատետր ունենան կամ ոչ – արթուն պահակներն են Հ․Յ․Դ․ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՏԱՃԱՐին անեղծ պահպանման՝ ընդդէմ ոչ միայն հայ ժողովուրդի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՈՂՆԱՇԱՐը ջարդել փորձող թշնամի ուժերու, այլեւ նոյնինքն ԲԵՐԴԸ ՆԵՐՍԷՆ ԳՐԱՒԵԼՈՎ Հ․Յ․Դ․ն վարկաբեկելու գձուձ ծառայութեան լծուած գաղափարի մակաբոյծներուն․․․

* * *

«Հրապարակ» թերթի Մարտ 25ի խնդրոյ առարկայ հրապարակումը բացայայտօրէն կը ծառայէ – իր հարցազրոյցի «բիւրոյական» հիւրին եւ անոր ետին կանգնած պատուիրատուներուն ստայօդ վերագրումները հրապարակելով – անտեղեակ ընթերցողները մոլորեցնելու վարձկան քարոզչութեան՝ կրկնելով արդէն հրապարակուած սուտեր ու զրպարտութիւններ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջանի Կ․ Կոմիտէի հասցէին․-

«ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի կառոյցում երկար տարիներ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած մի խումբ, հիմնականում փառատենչութիւնով տարուած, իրենց մի շարք համախոհներով ու որոշ այլ մոլորեալներով, ՀՅԴ կազմակերպական կանոնների թիւր ու կամայական մեկնաբանութիւններով խախտել են իրենց դաշնակցականի երդումը․․․ «Այս խումբն ունեցել է խիստ հակակարգապահական ընթացք. ի շարս այլ հակականոնագրային քայլերի՝ «գումարել» է ապօրինի «ժողով» եւ «ընտրել» ապօրինի «մարմին», որ ապօրինի կերպով հանդէս է գալիս «ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Կոմիտէ» անունով, կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»-ը իր վերահսկողութեան տակ է պահում, զաւթել է կուսակցապատկան անշարժ ու շարժական գոյքեր ու դրամատնային հաշիւները»․․․

Բարի լոյս՝ այս աստիճան սուտով ու զրպարտութեամբ, այլեւ մաղձով ու ատելութեամբ թունաւոր «բիւրոյական» քարոզարշաւին ի հեճուկս՝ իր կուսակցական կոչումին հաւատարմօրէն փարած Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջանի ընտրեալ օրինաւոր մարմնին, այլեւ նոյնինքն ամբողջ օրինապահ Կեդրոնական Կոմիտէութեան, որ փոխանակ ներքաշուելու «բիւրոյականներու» հրապարակ նետած քարոզչական տիղմին մէջ, Հ․Յ․Դ․ բոլոր շրջաններուն եւ շարքերուն ուղղուած ներքին կարգով եւ ընկերական շրջաբերականներով կէտ առ կէտ կը հերքէ այդ բոլոր անհիմն ամբաստանութիւնները եւ կը հաստատագրէ ճշմարտութիւնը՝ միշտ յարգելով ԸՆԿԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐը։

* * *

«Հրապարակ» թերթի եւ անոր աշխատակիցին կողմէ բամբասանքի ու ցեխարձակման հրապարակ հանուած Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի Մարտ 25ի հարցազրոյցը իր աւարտի բաժնով արդէն համը կը փախցնէ․․․

Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջանը բիւրոյական այս բանբերին կողմէ կը մեղադրուի իբրեւ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքը ինկած «խաղաքար» մը․․․

Այդ շինծու ամբաստանութիւնը նորութիւն չէ․ այդօրինակ վերագրում կատարած են թէ՛ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի այսօրուան ներկայացուցիչը, թէ՛ անոր ետին ծուարած Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախորդ ներկայացուցիչը։

Բայց նոյնիմաստ այդ վերագրումները փաստօրէն խոստովանութիւնն են այն ողբերգական ճշմարտութեան, որ ո՛չ թէ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջանի օրինական եւ օրինապահ պատասխանատու ընկերները, այլ նոյնինքն այսօրինակ բիւրոյականները լծուած են Դաշնակցութիւնը հայաստանեան ներ-քաղաքական հաշուեյարդարներուն ծառայեցնելու կործանարար «խաղին»․․

Արդէն շաբաթներ առաջ հանրագրութեամբ մը լուսարձակի տակ առնուած էր, որ՝

«․․․Տարիներու ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Կ.Կ.ներու անդամներ ընտրուած են ընկերներ, որոնք ինքնուրոյն ըլլալու համարձակութիւնը ունեցած են, եւ մերժած են պոռոտախօսութեան ետին պահուըտիլ: Անոնք հաւատացած են, թէ Դաշնակցութիւնը ներուժն ու կարողականութիւնը ունի հայաստանեան եւ հայկական միջավայրի մէջ աւելի յարգուած եւ հեղինակաւոր ներկայութիւն ըլլալու: Բան մը՝ որ Քոչարեաններու, Սերժերու, Նիկոլներու, Ծառուկեաններու պոչը ըլլալով կարելի չէ յաջողցնել: Եւ քանի որ Արեւմտեանի տղաքը խիզախութիւնը ունեցած են Բիւրոներու մօտ կամ Ընդհանուր Ժողովներու մէջ բարձրացնել նման խնդիրներ, Հրանտ Մարգարեանի եւ իր մարդոց կողմէ որոշում առնուած է «կոտրել» Արեւմտեան Ամերիկայի խնդրայարոյց շրջանը եւ տիրանալ անոր կալուածներուն, ինչքերուն: Ասոնց տրամաբանութիւնը այն է, որ եթէ կարելի չէ հպատակ դարձնել Արեւմտեան Ամերիկան, ուրեմն պէտք է քանդել զայն ու նորը կառուցել: Այս մարդիկ ո՛չ մէկ յարգանք ունեցած են այն հազարաւոր ընկերներու ճիգին եւ թափած քրտինքին հանդէպ, որոնք տասնամեակներու վրայ հաստատած են այս հզօր եւ հպարտութիւն ներշնչող համայնքը:

«Արեւմտեանի ընկերները շատ ու մի՛շտ քննարկած են այս խնդիրները: Անոնք քաջ գիտակցած են, թէ մեծ խաղը ո՛րն է, եւ թէ նպատակը վերջիվերջոյ Շրջանը լռեցնել է ու անոր նիւթական կարելութիւններուն վրայ ձեռք դնել է՝ օգտագործելով շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերներու նախանձները, միամտութիւնները, կոյր ձեւանալու ունակութիւնները: Սակայն միշտ ալ եզրակացուցած են, որ կուսակցութեան եւ գաղութի շահերը կը պահանջեն առճակատման չերթալ Բիւրոյի հետ, ու հարցերը չհրապարակայնացնել: Յոյսը միշտ այն եղած է, թէ օրերն ու իրականութիւնը կը փոխուին, եւ Դաշնակցութիւնը կը վերադառնայ իր ճիշտ ուղղութեան»:

Բարի լոյս՝ այսքա՜ն սուտէ ու զրպարտութեանէ եւ ա՛յս աստիճան մաղձէ ու ատելութենէ ետք անգամ, ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆի ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ մեր ուղին շարունակող ԱՆԿԱՇԱՌ ՈՒԽՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *