20.4 C
Yerevan

Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի Անունով Քանդել Կը փորձեն Նոյնինքն Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը

- Երբ յանցանքի վրայ բռնուած գողը տանտի­րոջ․․․ գող կ՚անուանէ

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան մէջ Հայաստա­նի ու հայութեան գաղա­փա­րա­կան «մարտունակ ողնասիւն»ը արժեւո­րող ու անեղծ պահպա­նող հայ քաղա­քա­կան մտքի բոլոր հաւա­տաւորնե­րուն։

Արար մը եւս իր աւարտին հասաւ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կազմա­կերպութիւնը քանդե­լու նորօ­րեայ բիւրո­յա­կան մոլա­գա­րութեան մէջ։

Յակոբ Տէր-Խաչա­տուրեա­նի եւ անոր խամա­ճի­կի թելե­րը ըստ կամս շարժող Հրանդ Մարգա­րեա­նի տասնա­մեայ երա­զը ի վերջոյ իրա­կա­նա­ցաւ, երբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի անունով Դաշնակցութե­նէն հեռա­ցուած կամ արտաքսուած վաստա­կաւոր դաշնակցա­կաննե­րու ծաւա­լուն ցուցա­կը օրեր առաջ ամբողջա­ցաւ՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի երկա­րա­մեայ նախկին անդամ Վիգէն Արշաւի­րի Յովսէ­փեա­նի ալ կամա­յա­կա­նօ­րէն հեռա­ցուե­լով։

Բարի լոյս՝ տասնա­մեակնե­րու ծառա­յութիւն ունե­ցող դաշնակցա­կան բոլոր ընկերնե­րուն, որոնք նոյնիսկ կուսակցա­կան սրբապղծութեանց վերջին 20–25 տարի­նե­րու բոլոր դրսեւո­րումնե­րէն ետք, դեռ չեն ուզեր իրենց աչքե­րը բանալ եւ տեսնել, որ մեր Գաղա­փա­րա­կան Օճա­խը օր-ցերե­կով կը քանդուի Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի անունն ու դիրքը յափշտա­կած ու սեփա­կա­նաշնորհած պատե­հա­պաշտ ցեցե­րու դաւադրութեամբ՝ չարա­շա­հե­լով կարգա­պա­հութեան եւ օրի­նա­պա­հութեան նկատմամբ դաշնակցա­կաննե­րու տածած արմա­տաւոր պաշտա­մունքը։

Եթէ ծայր աստի­ճան ողբերգա­կան չըլլար Բիւրո­յա­կան Դաշնակցութեան հեղի­նա­կազրկման խայտա­ռակ վիճա­կը, որ կը կրծէ ու կը վատնէ ամէ­նէն առողջ բջիջնե­րը Հ․Յ․Դ․ ԱՒԱՆԴԻՆ՝ հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րի յեղա­փո­խա­կան մաքրա­մա­քուր ԱՒԻՇԸ չորցնե­լու եւ ջլա­տե­լու մոլուցքով, վստա­հա­բար հայոց հայրե­նի­քի օրհա­սա­կան այս պահուն ոչ ոք սիրտ ու ժամա­նակ պիտի ունե­նար մսխե­լու Դաշնակցութեան ԲԻՒՐՈՅԱԿԱՆ ՆՄԱՆԱԿԻՆ խեղկա­տա­կութեան վրայ։

Բարի լոյս՝ մանաւա՛նդ դաշնակցա­կա­նի իրենց երդումին ամբողջա­պէս տէր կանգնող աշխարհասփիւռ բոլոր ընկերնե­րուն, որոնք արդար ցասումով բողո­քի ու դատա­պարտանքի ձայն կը բարձրացնեն իրենց ժողովնե­րուն եւ համա­ցանցա­յին գրա­ռումնե­րուն մէջ՝ ամօ­թանք տալով «Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ» ստո­րագրութեամբ հրա­պա­րա­կուած 8 Մարտ 2021ի «ԱԶԴ»ին, ուր սեւով ճերմա­կի վրայ բիւրո­յա­կաննե­րը կը դրսեւո­րեն Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կազմա­կերպութեան, այլեւ գաղութի ազգա­յին ողջ կառոյցի ինչքե­րուն, կալուածնե­րուն եւ դրա­մատնա­յին հաշիւնե­րուն տիրա­նա­լու ընչա­քաղցութիւն՝ նման ոտնձգութեանց դէմ պատուար կանգնող շրջա­նի Հ․Յ․Դ․ ընտրո­վի մարմիննե­րուն դէմ ուղղե­լով այն սուտ ամբաստա­նութիւնը, թէ՝

- «Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ» անունով գործող «խմբա­կը զաւթած է կուսակցա­պատկան անշարժ և շարժա­կան գոյքե­րը եւ դրա­մատնա­յին հաշիւնե­րը» — Տես Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի խնդրոյ առարկայ ստա­պա­տիր ազդը՝ droshak.am :

Ինչպէս որ ժողովրդա­յին ծանօթ ասոյթը կ՚ըսէ՝

- Տուն կողոպտե­լու ատեն յանցանքի վրայ բռնուած գողը տանտի­րոջ գող կը հանէ՝ իր օձի­քը․․․ ազա­տե­լու համար։

Ո՜ւր պիտի յանգի այսօ­րի­նակ բարո­յա­կան անկումը նման բիւրո­յա­կաննե­րու, որոնք ճշմարտութիւնը գիտնա­լով հանդերձ սուտ կը խօսին՝ ուրա­նա­լով որ Հայաստա­նի տարածքին եւ յետ-խորհրդա­յին տարա­ծաշրջա­նի հայկա­կան ոստաննե­րուն մէջ, առաւե­լա­բար Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջա­նի այս նոյն մարմիննե­րուն եւ պատասխա­նա­տու ընկերնե­րուն ջանքե­րով կառուցուե­ցան եւ հիմնուե­ցան Հ․Յ․Դ․ հայաստա­նեան կառոյցին անունին արձա­նագրուած կեդրոններն ու ակումբնե­րը եւ․․․

Բարի լոյս՝ բոլոր Արթուն Պահակնե­րուն, որոնք հայրե­նի ոստաննե­րէն սկսեալ մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր հայօ­ճախնե­րը, անխնայ կը մերկացնեն գաղա­փա­րա­կան թշուա­ռութիւնն ու ընչա­քաղց պատե­հա­պաշտութիւնը նորօ­րեայ այս փանջունի­նե­րուն՝ թումբ կանգնե­լով Դաշնակցութիւնը սեփա­կան ժողո­վուրդին դէմ թշնա­մացնե­լու անոնց արջի ծառա­յութեան․․․

Մանաւանդ որ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կազմա­կերպա­կան շրջա­նին անկարգա­պա­հութեան «ՄԵՂՔ»ը տարի­նե­րէ ի վեր եղած է այն, որ մերժած է մաս կազմել Սերժ Սարգսեա­նի օրի­նա­կով իշխա­նաւո­րի մը ի պատիւ տրուած՝ փող ու թմբուկով մեծա­րանքի ընդունե­լութեան, ի հեճուկս Հայաստա­նի մէջ ատե­նի իշխա­նութեանց փոխանցուած բիւրո­յա­կան հաւաստիա­ցումնե­րուն․․․ կայսեր արժա­նին մատուցե­լու վերա­բե­րեալ։

Բարի լոյս՝ Դաշնակցութեան Ուղին անդե­դեւ շարունա­կողնե­րուն։

Առնչվող Հոդվածներ